Արցախի Ժողովուրդը Ունի Նոյն Իրաւունքները, Ինչպէս Այստեղ Նստած Մեզմէ Իւրաքանչիւրը. Նայիրա Զոհրապեան՝ ԵԽԽՎ-ի Նիստին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան, 25 Յունիսին, ԵԽԽՎ-ի ամպիոնէն բարձրացնելով չճանչցուած պետութիւններու, մասնաւորապէս՝ Արցախի ժողովուրդին կրթական եւ առողջապահական իրաւունքի հարցը, ըսաւ, որ Արցախի ժողովուրդը ունի նոյն իրաւունքները, որոնք ունի դահլիճին մէջ նստած իւրաքանչիւր անձ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Այսօր լրջագոյն խնդիր է, որ չճանչցուած պետութիւններու բնակչութիւնը զրկուած է եւրոպական կրթական ծրագրերուն մէջ ներգրաւուելէ եւ այդ գործընթացին մասնակիցը ըլլալէ:

Հիմք ընդունելով UNESCO-ի կողմէ 1960 Դեկտեմբեր 14-ին ընդունուած «Կրթական ոլորտին մէջ խտրականութիւններու դէմ» համաձայնագիրը, մէկ անգամ եւս կ՝ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան համար անչափ կարեւոր՝ կրթական որակաւորման չճանչցուածութեան խնդիրին վրայ: Արցախի մէջ ապրող մասնագէտները, ուսանողներն ու աշակերտները զրկուած են միջազգային չափանիշներուն համապատասխան կրթութիւն ստանալու իրաւունքէն: Ի հարկէ, Արցախի իշխանութիւնները գործադրած են լրջագոյն ջանքեր՝ իրենց քաղաքացիներուն համար ստեղծելով բոլոր պայմանները կրթական իրաւունքի լիարժէք իրագործման համար, եւ այսօր Արցախի մէջ կը գործէ 219 դպրոց, 6 միջին մասնագիտական եւ 5 բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն, սակայն Արցախի քաղաքացիներուն համար երկրի սահմաններէն դուրս մշտապէս կ՝առաջանան անլուծելի խնդիրներ եւ խոչընդոտներ:

Մասնաւորապէս.

Կրթական աւարտական վկայականներու չճանչցուածութիւնը յետագայ մասնագիտական զարգացման լուրջ խոչընդոտներ կը ստեղծէ Արցախի համալսարաններ յաճախող հազարաւոր ուսանողներու համար:

Արցախի ուսանողները դուրս կը մնան Եւրոպական բարձրագոյն կրթական տարածքէն, չեն օգտուիր Պոլոնիայի գործընթացով երաշխաւորուած ծրագիրներէն:

Մինչդեռ, UNESCO-ի համաձայնագրի առանցքային դրոյթներէն մէկը մարդու կրթութեան իրաւունքն է՝ անկախ անկէ, թէ ան ու կը բնակի: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ Արցախի մէջ ապրող ժողովուրդի առողջութեան իրաւունքի հարցին, որուն իրացումը, դուք շատ լաւ կը հասկնաք, պէտք չէ կապուած ըլլայ Արցախի կարգավիճակով:

Ուստի, ես կ՝ակնկալեմ Եւրոպայի խորհուրդի աջակցութիւնը այս լրջագոյն հարցերու լուծման գործին գծով: Եւրոպայի ցանկացած տարածքի մէջ ապրող քաղաքացին ունի կեանքի, առողջութեան եւ կրթութեան նոյն իրաւունքները, եւ այդ իրաւունքները երկրի քաղաքական կարգավիճակով պայմանաւորելը անթոյլատրելի եւ աններելի է»,- ըսաւ Նայիրա Զոհրապեան։