ՄԱԿ-ը Զգայացունց Հարցապնդում Մը Յղած է Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

Երեսունչորս տարի առաջ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովը ընդունեց զեկոյց մը, որմով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ իբրեւ ցեղասպանութեան դէպք: Մինչեւ վերջերս ՄԱԿ-ի մէջ այլ գործունէութիւն չէ եղած այս հարցին վերաբերեալ: Անսպասելիօրէն, 2019 Մարտ 25-ին զարմանալի նամակ մը յղուեցաւ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի ՄԱԿ-ի մէջ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Սատիք Արսլանին՝ ՄԱԿ-ի երեք կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ․ Պեռնար Տուհայմ՝ Բռնի կամ հարկադրաբար անհետացած անձերու հարցերով աշխատանքային խումբի զեկուցող նախագահ, Տէյյվիտ Գէյ՝ Կարծիքի եւ արտայայտութեան ազատութեան աջակցութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով յատուկ զեկուցող եւ Ֆապիան Սալուիոլի՝ Ճշմարտութեան, արդարադատութեան, փոխհատուցման խրախուսման եւ չկրկնուելու երաշխիքներու հարցերով յատուկ զեկուցող:

ՄԱԿ-ի համատեղ նամակով կը խնդրուէր թուրք դեսպանէն՝ 60 օրուան ընթացքին՝ պատասխանելու հետեւեալ եօթը հարցերուն.

«1. Կը խնդրենք տրամադրել ցանկացած տեղեկութիւն եւ/կամ մեկնաբանութիւն(ներ), որոնք դուք կրնաք ունենալ մեղադրանքներու վերաբերեալ. … Թուրքիոյ վերագրուող խախտումները կապուած 1915-1923 թթ․ ողբերգական իրադարձութիւններուն հետ, որմէ տուժած է հայ փոքրամասնութիւնը, եւ անոնց հետեւանքները այդ բնակչութեան համար:

  1. Ձերդ Գերազանցութեան կառավարութեան կողմէ ի՞նչ քաղաքականութիւն վարուած է այս մեղադրանքներուն արձագանգելու համար:
  2. Թուրքիոյ կողմէ ի՞նչ միջոցներ ձեռնարկուած են իրողութիւնը պարզելու համար, ներառեալ 1915-1923 թթ. ընթացքին բռնի ներքին տեղահանութեան, կալանաւորման, արտադատական սպանութիւններու եւ հարկադրաբար անհետացման ենթարկուած հայերու ճակատագիրը կամ գտնուելու վայրը պարզելու համար:
  3. Ի՞նչ միջոցներ ձեռնարկուած են ապահովելու համար այդ իրադարձութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը իմանալու տուժածներու եւ, ընդհանուր առմամբ, հասարակութեան իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ապահովելու համար արդարութեան եւ կրած վնասի հատուցման տուժածներու իրաւունքը:
  4. Ի՞նչ միջոցներ ձեռնարկուած են այդ իրադարձութիւններուն հետեւանքով զոհուած հայերու մարմինները, հնարաւորինս, յայտնաբերելու համար:
  5. Կը խնդրենք տեղեկատւութիւն տրամադրել 2017թ. օրէնսդրութեան ընդունման պատճառներուն մասին, որ օրէնսդիրներուն կ՝արգիլէ որոշակի արտայայտութիւններ ընել։  Պարզաբանել, թէ ատիկա ինչպէս համատեղելի է մարդու իրաւունքներու միջազգային իրաւունքին հետ, մասնաւորապէս Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագրի 19-րդ յօդուածին հետ:
  6. Կը խնդրենք մանրամասն տեղեկատւութիւն տրամադրել հայերու դէմ յանցագործութիւններու մասին յայտարարութիւններուն համար անձեր պատժելու նպատակով Քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածի կիրառման դէպքերուն վերաբերեալ:

ՄԱԿ-ի համատեղ նամակին մէջ մանրամասնօրէն նկարագրուած են հայերու դէմ իրականացուած վայրագութիւնները «1915-1923 թթ. Օսմանեան կայսրութիւնը եւ անոր յաջորդած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, (որոնք) իրականացուցած են երկրի արեւելեան մասին մէջ ապրող հայ փոքրամասնութեան զանգուածային տեղահանութեան քաղաքականութիւն: Այդ փոքրամասնութեան պատկանող հարիւր հազարաւոր անձեր (մօտաւորապէս 600000-էն մինչեւ 1500000-ը) ենթարկուած են այդ քաղաքականութեան, որ յանգեցուցած է համատարած բռնութեան այդ բնակչութեան դէմ։ Ըստ տեղեկութիւններու, անոնց բռնի արտաքսումը սկսած է 1915 թ. Մարտին, մասնաւորապէս Անատոլիայի մէջ, բայց նաեւ երկրի այլ հատուածներու: Հայերը վտարած են իրենց նախնիներու հողերէն: 1915 թ. Ապրիլ 24-ի գիշերը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալեցին հարիւրաւոր քաղաքական եւ մտաւորական ղեկավարներ, իսկ յետագային անոնց տեղափոխեցին այլ վայրեր: Ատոր հետեւանքով, հայկական վերնախաւը գրեթէ ամբողջութեամբ վերացաւ: Ասոր յաջորդեց ամբողջ հայ բնակչութեան դէմ ուղղուած համակարգուած քաղաքականութիւն իւրաքանչիւր նահանգի մէջ եւ իւրաքանչիւր վիլայէթի, որուն պաշտօնական նպատակն էր հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումը Անատոլիայի արեւելեան նահանգներէն դէպի Հալէպ եւ սուրիական անապատներուն մէջ գտնուող ճամբարներ: Հայերը ենթարկուեցան պարտադրուած երթերու: Անոնց մեծ մասը, ենթադրաբար, աստիճանաբար մահացաւ ուժասպառութենէ, սովէ, հիւանդութիւններէ կամ կոտորածէ, իսկ անոնց աճիւնները մեծ մասամբ մնացին լքուած: Տեղ հասնելով, քանի մը կենդանի մնացածները կը պահէին ճամբարներու մէջ, ուր անոնք կրնային խոշտանգուիլ կամ արժանանալ դաժան, անմարդկային կամ արժանապատւութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքի. յետագային անոնց մեծ մասը սպաննեցին: Գործընթացը շարունակուեցաւ մինչեւ 1923 թուական: Կ՝ենթադրուի, որ այս գործողութիւնները կրնային սահմանուիլ իբրեւ բռնի անհետացումներ, այն աստիճանի, որ.

  1. Հայերը Թուրքիոյ մէջ ենթարկուած են ձերբակալութիւններու, բանտարկութիւններու կամ առեւանգումներու կամ այլ կերպով զրկուած են իրենց ազատութենէն.
  2. Ըստ տեղեկութիւններու, այս գործողութիւնները վերագրուած են պաշտօնատար անձերու կամ կառավարութեան տարբեր ճիւղերու կամ մակարդակներու.

III. Մինչ օրս Կառավարութիւնը չէ բացայայտած այդ անձերուն ճակատագիրը կամ գտնուելու վայրը»:

ՄԱԿ-ի նամակին մէջ քննադատուած է նաեւ Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը․ «Կը տեղեկացուի նաեւ, որ Թուրքիան ոչ միայն կը հրաժարի ճանչնալէ այդ իրադարձութիւնները, այլ նաեւ դիտաւորութեամբ ներգրաւուած է զոհերու ճակատագրի կամ գտնուելու վայրի մասին ճշմարտութեան ժխտման ու խոչընդոտման մէջ․․․․ Թէեւ մենք չենք ուզեր կանխորոշել այդ մեղադրանքներուն ճշգրտութիւնը, մենք կ՝ուզենք արտայայտել մեր անհանգստութիւնը նշուած ժխտողականութեան եւ 1915-1923 թթ. հայերու բռնի տեղահանման համար ճշմարտութեան հաստատման եւ արդարութեան ապահովման համար առաջընթացի բացակայութեան նկատմամբ, որ յանգեցուց վիթխարի տառապանքի եւ դաժան վերաբերմունքի ու մահուան։ Համապատասխան փաստերու հաստատման եւ ճանաչման առաջընթացի բացակայութիւնը, ոչ միայն վնաս կը հասցնէ զոհերու եւ անոնց սերունդներու արժանապատւութեան, այլեւ կրնայ խոչընդոտել յիշողութեան պահպանման եւ ճշմարտութեան հաստատման քայլեր նախաձեռնելու հնարաւորութեան»։

2019 թ․ Մայիս 17-ին, ՄԱԿ-ի հարցապնդման 60 օրուան ընթացքին, Թուրքիոյ դեսպանը արձագանգեց երեք էջնոց նամակով, նշելով, որ ՄԱԿ-ի նամակը «անպատասխան պիտի մնայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէն»… Դեսպան Արսլան նաեւ յայտարարեց, որ «իմ իշխանութիւնները բաւական շփոթուած էին այդ հաղորդակցութենէն», որ ան նկարագրեց իբրեւ «չարամիտ եւ քաղաքական դրդապատճառներով թելադրուած»։

ՄԱԿ-ի նամակին մէջ առկայ յայտարարութիւնները ժխտելէ բացի, դեսպան Արսլան նաեւ վկայակոչեց ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունը եւ անոր մամուլի խօսնակ Ֆարհան Հաքը, պնդելով, որ ՄԱԿ-ը երբեք դիրքորոշում չէ ունեցած այն իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, որոնք տեղի ունեցած են ՄԱԿ-ի ստեղծումէն առաջ։ Թէ՛ գլխաւոր քարտուղարը, թէ՛ անոր խօսնակը սխալ են, քանի որ ՄԱԿ-ը յատուկ օր սահմանած է հրէական Հոլոքոսթը յիշատակելու համար, որ տեղի ունեցած է 1945 թ. ՄԱԿ-ի հիմնադրումէն առաջ: Բացի այդ, ես հարցազրոյց ունեցած եմ Պան Քի Մունի խօսնակ Ֆարհան Հաքի հետ եւ անոր հարցուցած 1985 թ. ՄԱԿ-ի ենթայանձնաժողովի Ցեղասպանութեան զեկոյցին մասին, որ ճանչցած է քանի մը ցեղասպանութիւն, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ի դէպ բոլորն ալ տեղի ունեցած են մինչեւ ՄԱԿ-ի հիմնադրումը։ Հաքը ինծի ըսաւ, որ տեղեակ է ՄԱԿ-ի ենթայանձնաժողովի Ցեղասպանութեան զեկոյցին մասին, սակայն ան ակնարկեց ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի կողմէ ճանաչման բացակայութիւնը։

Բացի այդ, հեղինակները ՄԱԿ-ի նամակին կից ներկայացուցած են Միջազգային մարդասիրական օրէնքէն յղում, ուր կ՝ըսուի․ «Անպատժելիութեան դէմ պայքարելու միջոցով մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ աջակցութեան համար թարմացուած Սկզբունքներու ամբողջութեան 2-րդ սկզբունքը կը սահմանէ բոլոր անձերուն անքակտելի իրաւունքը՝ իմանալու ճշմարտութիւնը անցեալի դէպքերուն մասին, կապուած նողկալի ոճրագործութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքներու եւ պատճառներու մասին, որոնք յանգեցուցին ատոնց: Ճշմարտութեան իրաւունքի լիարժէք եւ արդիւնաւէտ իրականացումը կ՝ապահովէ կենսական կարեւոր երաշխիք ընդդէմ խախտումներու կրկնութեան։ Չորրորդ սկզբունքը կը սահմանէ, որ զոհերը եւ անոնց ընտանիքները ունին անժամանցելի իրաւունք իմանալու ճշմարտութիւնը այն հանգամանքներուն վերաբերեալ, որոնց հետ տեղի ունեցած են խախտումները, ինչպէս նաեւ զոհերու ճակատագրի մասին»։

Վերջապէս, դեսպան Արսլան կրկնած է նոյն կեղծիքը, որ Հայաստանը չէ պատասխանած Թուրքիոյ 2005 թ․ նամակին, ուր կ՝առաջարկուէր «ստեղծել պատմաբաններէ եւ փորձագէտներէ կազմուած համատեղ յանձնաժողով 1915 թուականի իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար»։ Ասիկա սուտ է: Հայաստանը արձագանգած է, առաջարկելով, որ նախատեսուող յանձնաժողովը քննարկէ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բոլոր չլուծուած հարցերը, այլ ոչ թէ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Թուրքիան է, որ երբեք չէ պատասխանած։

Այժմ, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կրկին բարձրացուած է ՄԱԿ-ի մէջ, իբրեւ յաջորդ քայլ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է պաշտօնապէս ներառէ ՄԱԿ-ի նամակը եւ թրքական ժխտողական պատասխանը ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի օրակարգին մէջ եւ հետամուտ ըլլայ փոխհատուցման եւ արդարութեան Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն համար։

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը