Քոչարեան Կրկին Պիտի Կալանաւորուի

Հայաստան

Վերաքննիչ քրէական դատարանը հրապարակեց ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով մեղադրող կողմի եւ Մարտ 1-ի գործով տուժողներու իրաւայաջորդներու բողոքներու վերաբերեալ որոշումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, Վերաքննիչ դատարանը որոշեց բաւարարել մեղադրող կողմի եւ տուժողներու իրաւայաջորդի բողոքները:

«Միջդատական վարոյթի ընթացքին որպէս խափանման միջոց ընտրուած կալանաւորման վերացման վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի որոշումը բեկանել: Մեղադրեալ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառել կալանաւորումը»,- ըսած է դատաւոր Արմէն Դանիէլեան` նշելով, որ կը վերցուի նաեւ Քոչարեանին ազատ արձակելու հիմք հանդիսացած` Արցախի ներկայ եւ նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Արկադի Ղուկասեանի անձնական երաշխաւորութիւնը:

Ռոբերտ Քոչարեան, անոր պաշտպանները եւ ընտանիքը ի նշան բողոքի չեն մասնակցած դատական նիստին, քանի որ դատաւոր Արմէն Դանիէլեանը նախորդ դատական նիստին թոյլ չէ տուած ներկայացնել իրենց դիրքորոշումները:

Յունիս 24-ին բողոքը քննող դատաւոր Արմէն Դանիէլեան դիմած էր Ոստիկանութիւն իր անվտանգութիւնը ապահովելու համար: