Էրտողանի Շրջանն Արդէն Կարելի է Համարել Աւարտած, Իսկ Հայ Համայնքին Համար Ընտրուած է Չարեաց Փոքրագոյնը․ Բագրատ Էսդուկեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուկեանի խօսքով` Յունիս 23-ին տեղի ունեցած Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութիւններուն իշխանութիւնները ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին:

Ան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին նկատել տուաւ, որ սա միայն քաղաքապետի ընտրութեան հարց չէ: «Շատերը կ՛ըսեն, որ սա Էրտողանի պարտութիւնն է, ես ալ ատոր հետ համաձայն եմ: Էրտողանի շրջանը արդէն աւարտած կարելի է համարել: Ասկէ ետք ամէն ընտրութեան, հաւանաբար, նման արդիւնք ունենանք»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 23-ին տեղի ունեցած Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւններուն յաղթեց Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն` ստանալով քուէներուն 54 տոկոսը:

Էրդողանի եւ անոր ղեկավարած կուսակցութեան նկատմամբ հիասթափութիւնը հասարակութեան մէջ տարբեր պատճառներ ունին․ առաջինը ստեղծուած տնտեսական ճգնաժամն է:

«Տնտեսական ճգնաժամը կ՛ազդէ ամենօրեայ կենցաղի վրայ, ժողովուրդը ամէն օր աղքատութեան կը մատնուի: Սա ամենակարեւոր գործօնն է, բայց բացի այդ, Էրտողանի ձեռնարկած բոլոր գործողութիւնները ձախողած են: Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնն ալ ձախողեցաւ: Հիմա ալ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ լարախաղ տեղի կ՛ունենայ, բայց ատիկա ալ շատ վտանգաւոր է, սայթաքելու ընթացքի մէջ է: Բոլոր այս ոչ բարենպաստ քայլերը, ձախողումները ժողովուրդը նկատած է, եւ այս բոլորին հակազդեցութիւնն էր այս ընտրութիւնները»,- ըսած է ան։

Բագրատ Էսդուկեանի խօսքով` Էրտողան մինչեւ այսօր կրցած էր ժողովուրդը համոզել` հաւատքի գործօնը շահագործելով, բայց արդէն ատիկա ալ իր իմաստը կորսնցուցած է:

Հարցումին, թէ արդեօ՞ք թուրք հասարակութիւնը Էրտողանին այլընտրանքը ունի, Էսդուկեան պատասխանած է․ «Կրնամ ըսել` ոչ, որովհետեւ Էրտողան հեղինակութիւնը շատ բարձր էր, բայց հիմա այդ հեղինակութիւնն է, որ հետզհետէ կը վերանայ: Կը կարծեմ` ժամանակի ընթացքին Էրտողանին այլընտրանք պիտի ըլլայ»։

Խօսելով Պոլսոյ նորընտիր քաղաքապետ Իմամօղլուին` Էսդուկեան նշած է, որ հայ համայնքը անոր հիմնականօրէն սատարած է: «Բայց չեմ կրնար ըսել, որ հայերու համար ամենալաւ թեկնածուն ինքն էր, որովհետեւ ինքն ալ այս երկրի ընդհանուր գիծը նկարագրող մէկն է: Մեզի համար պէտք է ըլլայ այս երկրի պատմութեան հետ խնդիր տեսնող մէկը: Հիմա այդ մէկը չէ ընտրուած, ընտրուած է չարեաց փոքրագոյնը»,- ըսած է ան:

Ան մատնանշած է նորընտիր քաղաքապետին խօսքերը, որ պիտի պաշտպանէ Պոլսոյ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքը, բայց տարակուսանք յայտնեց` թէ որքանով նման կերպ պիտի վարուի, ժամանակը ցոյց կու տայ. «Ես` անձամբ, որոշ վերապահութիւններ ունիմ, եւ ատոնք դեռ կը մնան»:

Պոլսոյ մէջ երկրորդ անգամ ընտրութիւններուն պարտութիւն կրելը, պոլսահայ խմբագիրին խօսքով, շատերու մօտ մտավախութիւն կ՛առաջացնէ, թէ Էրդողան աւելի յարձակողական կրնայ ըլլալ: «Առաջ այդպէս վարուած էր պարտուելու պարագային, բայց ան այլեւս այդ պահուածքնին հետ յոյսեր պէտք չէ կապէ»,- ըսած է ան: