Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պէտք Չէ Մոռցուի. Շուէտացի Պատգամաւոր

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստան գտնուող` Շուէտի խորհրդարանի պատգամաւոր Պէորն Զէոտըր Շուէտի կառավարութեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալը որակած է որպէս դաւաճանութիւն:

Շուէտի խորհրդարանը 2010-ին ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն երկրի կառավարութիւնը առ այսօր պաշտօնապէս չէ ճանչցած զայն: Ատոր հետ կապուած իր անհանգստութիւնները արտայայտող շուէտացի պատգամաւորը 1915-1923 թուականներուն ցեղասպանութեան ենթարկուած հայերու ժառանգներուն տառապանքները ի լուր աշխարհի լսելի դարձնելու համար նշած է, որ անիկա երբեք պէտք չէ մոռցուի եւ անհրաժեշտ է ընդունիլ այդ պատմական իրողութիւնը, կը յայտնէ yerkir.am-ը:

Իր հայանպաստ գործունէութեամբ յայտնի Զէոտըր նշած է, որ հայ-շուէտական յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ են, սակայն բաւականաչափ խոր չեն: Ան յոյս յայտնած է, որ մօտ ապագային անոնք աւելի պիտի զարգանան: