Աշխարհ Հայաստանի Ուխտաւոր` Վաղուան Համար (30 Մայիս-6 Յունիս 2019)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Է. Տարօն-Տուրուբերան, Մուշ, Գէորգ Չաւուշ, Հայկ-Հայրէտտին, Նշան-Պուրհան

Արածանին կը մնայ մեր ետին, Սուլուխի առասպելական կռիւի պատկերը մեր յիշողութեան մէջ դաջուած է, Հայաստան կ՛ըսեն` լեգենդը, կը շարունակենք մեր ճանապարհը դէպի Մուշ: Հայաշխարհի հարթութեան վրայ ենք: Այս հողը հայոց պատմութիւն կը բուրէ: Հայկական արմատներով մարդիկ կան թաքնուած, բայց հայութիւնը բացակայ է:

Կ՛անցնինք անծայրածիր տարածութիւններէ, որոնց վրայ գծուած են արդիական եւ մաքուր ճանապարհներ: Մանուկի հետաքրքրութեամբ կ՛ուզեմ հասնիլ այնքան լսուած Մշոյ դաշտ, շնչել հեքիաթի նմանող էջերու վրայ կարդացուած Մշոյ հացի բոյրը: Օրը իրիկնացած է: Մութին հետ տեսարանները կը խորանան, անուններ կ՛արձագանգեն: Մշոյ Գեղամ, Եղեռնի զոհ, Գեղամ Տէր Կարապետեան, 1911-ին Պոլիս լոյս տեսած, հողերու ամայացումէն չորս տարի առաջ, գիրք գրած էր. «Հողային հարցը հայաբնակ նահանգներու մէջ»… Ի՞նչ պիտի գրէր այսօր, ի՞նչ կը գրենք այսօր, ի՞նչ պիտի գրենք եւ ընենք վաղը, որ խօսք չըլլայ,  հողին տէր ըլլալու համար:

Լայն ճամբայ մը: Կարմիր կակաչներու լամբերու լոյսով կը մտնենք լեռներով պարսպուած Մուշ:

Կը գիշերենք պանդոկի մը մէջ:

Առաւօտուն խումբ մը սար պիտի բարձրանայ երթալու համար Մուշի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը գտնուի Գէորգ Չաւուշի դամբանը: Պիտի տանին կարմիր վարդեր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին յանձնած Նարեկ աղօթամատեանը` ազգին համար զոհուած հերոսի տապանաքարին տակ դնելու:

Հիւրանոցին առջեւ, քարի մը վրայ նստած, կը զրուցեմ մշեցի երկու հայերու հետ: Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կոչեմ Հայրէտտինը եւ Պուրհանը, իրենք կ՛ըսեն, որ կը կոչուին Հայկ եւ Նշան, թէեւ վստահ եմ, որ որեւէ տեղ նման արձանագրութիւն չկայ` բացի իրենց հոգիի անկիւնէն: Կը խօսինք քիչ մը հայերէն, քիչ մը թրքերէն: Ազգականներ ունին Հայաստան, որոնց հետ կապ ունին, երբեմն այցելութեան կ՛երթան:

Նշանին հարց կու տամ, թէ տունը պահուած հայերէն գիրք ունի՞: Կը բացատրէ, որ ժամանակին բիրտ հետապնդումներ կային, կը խուզարկէին, կը փճացնէին, ինչ որ գտնէին: Իրենց ծնողները կրօնափոխ եղած են, փոխած են անունները: Բայց պատժուած երեխայի պէս կ՛ըսէ, որ «հայ է»: Զրոյցը կը շարունակուի, եւ Նշան կ՛ըսէ, որ շրջանին մէջ կան շուրջ հարիւր հազար թաքնուած հայեր…

Ի՞նչ պիտի նշանակէ վաղը` թաքնուած հայեր որակումը: Դար անցած է, եւ հայկական տռամը կը շարունակուի: Աշխարհի մեծերը, իրաւարարները, ամպագոռգոռ ժողովները տեղեա՞կ են, որ հայկական տռամը կը շարունակուի, որ` ոգեկոչումներէ եւ ճանաչումներէ տարբեր ցաւի եւ ողբերգութեան խտութիւն ունի: Այս համամարդկային արժէքներու խնդիր է, բայց ան ոչ մէկ տեղ օրակարգ է: Նշան խոնաւ աչքերով ըսաւ, որ կ՛ուզէր իր լիիրաւ ինքնութիւնը վերանուաճել:

Եւ մրճահարուող հարցումը. ինչպէ՞ս, ո՞ւր, ե՞րբ…

Խումբը կը վերադառնայ սարի գերեզմանատունէն: Արձանագրութիւնը ջնջուած տապանաքար մը գտած են` այլ տապանաքարերու կողքին: Վերջիններուն վրայ դեռ կարելի եղած է կարդալ հայերէն տառեր: Աղօթած են, երգած են, եռագոյն փռած են տապանաքարին վրայ, Նարեկը զետեղած քարին տակ: Ազգը չէ մոռցած իր արժանաւոր հերոս զաւակը: Այդ երախտագիտութիւնը կարեւոր է երէկուան համար, կարեւոր է նաեւ այսօր` ջրդեղելու համար մեր սիրած միասնութիւնը:

Կէսօրը անցած էր, երբ «Մուշի հայեր»-ը մեզ տարին իրենց կեդրոնը, որուն մուտքի ճակատին թրքերէնով գրուած է Մուշի հայկական կեդրոն: Ներսը, այրեր եւ կիներ, ոգի ի բռին լծուած էին ճաշի, աւանդական գառի պատրաստութեան: Պատին վրայ մեծատառ գրուած էր հայերէն եւ ֆրանսերէն «Տարօն-Տուրուբերանի հայրենասիրական միութիւն»:

Մեր խումբին հետ այս հանդիպումը «Մուշի հայերուն» համար յիշատակ կ՛ըլլայ, բայց նաեւ ոմանք հաւանօրէն կը փորձեն որոնել իրենց արմատները, իրենց ինքնութիւնը: Այդ ճիգը հաւաքական ըլլալու համար կը կարօտի ծրագրումի, կազմակերպութեան, նիւթական եւ մարդկային ներդրումի: Մեծամասնութիւնը վաղը պիտի գտնէ իր բնական առօրեան:

Մուշը մեր ետին ձգեցինք, բայց Մուշի հայերը կը տանինք մեզի հետ` որպէս խնդիր եւ յուզում:

Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որ մէկուկէս միլիոնին վրայ չգումարուի այսօրուան թաքուն մշեցիներուն հարիւր հազարը…

Եթէ ոչինչ ընենք այսօր, վաղը մեր յետնորդները պիտի ոգեկոչե՞ն Մուշի եւ այլ վայրերու հարիւրաւոր հազարները, ճանաչումնե՞ր պիտի հետապնդեն…

Եթէ «թաքնուածներու» ինքնութեան գիտակցութիւնը զօրանայ, անոնց կեանքը պիտի երկփեղկուի եւ պիտի դժուարանայ:

Երբ արդէն ճանապարհին էինք դէպի Կարս, կը խորհէի, որ օր մը կարելի կ՛ըլլա՞յ, իրենց ըսածին հետեւելով, շրջանի հարիւր հազար հայերուն համար դպրոցներ ստեղծել:

Բայց ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ հայերէն սորվեցնել, երբ դպրոցներուն մէջ կ՛արգիլուի քրտերէնի ուսուցումը:

Ը. Կարս, Բերդ, Առաքելոց Եկեղեցի, Ախուրեանով Մայր Երկրէն Զատուած Մեր Անին

Հեռաւորութիւնները չեմ հաշուեր: Անոնք խրձիկ են: Այնքան խառն են տպաւորութիւնները եւ անոնցմէ ծնող ու բազմապատկուող միտքերը:

Մութ է արդէն, երբ հանրակառքը (աւդոպուսը, autobus) կանգ կ՛առնէ Կարսի հիւրանոցին առջեւ: Աշոտ Սողոմոնեան, պատմաբան,  այնքա՜ն լաւ կազմակերպած է ճամբորդութիւնը, որ կարծէք մտաւորական չըլլայ:

Ընթրիքէն ետք ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանին եւ տնօրէն Էդիկ Մինասեանին հետ կը ժամադրուինք առաւօտ կանուխ երթալու համար Կարսի Առաքելոց եկեղեցին եւ պատմական բերդը:

Առաւօտեան զովին կը բարձրանանք հիւրանոցի փողոցէն վեր, կը թեքինք աջ, քիչ ժամանակ անց դէմ առ դէմ կը գտնուինք Կարսի բերդին եւ Առաքելոց եկեղեցիին:

Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը կը խօսի ինքնիրեն եւ մեզի համար: Աբաս Բագրատունիի օրերուն, 940-ական տարիներուն, կառուցուած է եկեղեցին, եւ 1579-ին օսմանցի թուրքերը զայն վերածած են մզկիթի, երբ գրաւած են քաղաքը, ապա, ռուսական գրաւման շրջանին, ան վերածուած է ռուսական ուղղափառ եկեղեցիի: 1917-ին թուրքերը եկեղեցին կը վերածեն մզկիթի: Իսկ 1918-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն, ան եղած է հայկական: 1920-էն ի վեր ան կրկին մզկիթ է: Մօտեցանք: Դռները փակ էին: Գմբէթին խաչ չկար:

Ի՞նչ կ՛ըսէ քաղաքակիրթ աշխարհը, ի՞նչ կ՛ըսէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն: Ճիշդ հարցումներուն մէջ կը գտնուին անոնց ճիշդ պատասխանները:

Բարձունքին կը տիրէ բերդը, որ կառուցուած է Կարսը գրաւող թուրքերուն կողմէ, 1153-ին:

Կարսի բերդը

Բայց կ՛ըսուի նաեւ, որ հոն բերդ եղած է ուրարտական վաղ ժամանակաշրջանին: Մեր պատմական գրականութեան մէջ ան կը յիշուի որպէս «Կարուց բերդ», երբ դեռ թուրքեր չկային: Անոր տիրած են ռուսերը: Քսաներորդ դարու սկիզբի մեր պատմութեան դժուար օրերուն հոն տեղի ունեցած են ծանրակշիռ իրադարձութիւններ:

Կարսը հայկական քաղաք եղած էր: Իր մարդոցմով եւ բարբառով:

Կը վերադառնանք հիւրանոց: Համահայկական խաղերու պատասխանատուները կ՛երթան` տեսնելու քաղաքապետը եւ զայն հրաւիրելու Ստեփանակերտի խաղերուն, իսկ մեր խումբը կ՛ուղեւորուի դէպի Անի: Հաստաբեստ պարիսպները դեռ կանգուն են: Անոնց զով ստուերին նստած են մարդիկ:

Գեղեցիկ եւ տխուր Անի:

Քարքարուտ արահետներով կը յառաջանանք: Եկեղեցիներ, որոնց անունները մեզմէ շատերուն մանկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը յուզած են, անոնք այնքա՜ն հարազատ կը թուին: Հովիւի եկեղեցին` պարիսպներէն դուրս, Ապու Ղամրենց, Տիգրան Հոնենց… Կողքէս քալող թրքուհին իր ամուսինին կը բացատրէ, որ մեծ վաճառական մը կառուցել տուած է այդ եկեղեցին: Վարէն կը հոսի հայ աշխարհը արհեստականօրէն բաժնելու դերին կոչուած Ախուրեանը: Ինչպէս յաճախ կ՛ըսեմ, եւ այս պատկեր չէ, Հայաստանի Հանրապետութեան հողը քարընկէց մը հեռու է: Քաղաքական խենէշութիւններու անթաքոյց վկայութիւն…

Եւ Անիի մայր եկեղեցին…

Դարեր անցած են: Եկեղեցիին ներսը փողոցի պէս քարքարուտ է: Իսլամական տօն է, եկած են դիտելու, քանի մը օտարներ ալ կան: Եթէ հայ մարդիկ նկարելով չզբաղին, կրնան միայն լալ: Կրկին պոլսահայ Սիպիլ մեղմիւ կ՛երգէ:

Գետնէն ճկոյթի չափով խիճ մը կը վերցնեմ, կը պահեմ ափիս մէջ: Չար աշխարհէն ինծի բաժին ինկած ժառանգութիւն:

Օր մը, տեղ մը կարդացած էի, որ ահաբեկչութիւնը թշուառներուն հիւլէական ռումբն է:

Առանձին կը քալեմ դէպի ելքը: Կը հասնիմ պարիսպներու ստուերին, ուր սուրճի եւ զովացուցիչի շրջուն վաճառողներ աթոռակներ դրած են: Կու գան խումբի միւս անդամները:

Ի՜նչ ահաւորութիւն… Մեզի մնացած է մեր ժառանգութիւն եկեղեցիները միայն տեսնելու եւ նկարելու իրաւունքը:

Եւ կրկին ցաւի հարցումը. մինչեւ ե՞րբ…

Անի քաղաքին մէջ չկան միայն եկեղեցիներ: Տիրողը պարիսպներէն ներս հաստատած է նաեւ թիթեղածածուկ գոմեր, եկեղեցիներու անմիջական դրացնութեամբ:

Քաղաքակիրթ եւ մարդկային աշխարհի լրատուամիջոցները ինչո՞ւ նկարահանող խումբեր չեն ղրկեր հոս` յանուն մշակոյթներու պաշտպանութեան, որուն մասին այնքա՜ն կը սիրեն խօսիլ:

Հայաստան կ՛ըսեն կրաֆիկը: Մեր ուղեւորութիւնն ալ ունի իր կրաֆիկը, ուղին եւ ժամերը, պէտք է խմբուիլ եւ մեկնիլ: Կը մեկնինք` Անին մեր աչքերուն եւ մեր այ-ֆոններուն մէջ:

Թ. Անիէն Ախալքալաք, Գիւմրի Եւ Երեւան

Մարդոց անարդարութեան գինը վճարելու պարտադրանքով մեր ետին կը ձգենք հարազատ Անին: Կը մտածեմ, որ միշտ վառ պէտք է պահել Յոյսը: Աւետիս Ահարոնեան մեր պատմութեան ամէնէն մութ պահերուն ըսած էր, որ` «դեռ կայ հրաշքը»: Իրաւ ազգային քաղաքականութեան առանցքին եղած է եւ կայ հրաշքի հաւատքը, այնքա՜ն տարբեր` վկայեալ  գործնապաշտներու նահանջականութենէն:

Թրքական եւ վրացական սահմանի Կարծախի լիճի եզերքով կը շարունակենք մեր ճանապարհը: Կարծախով պիտի մտնենք Վրաստան: Մուտքին տեղի ունեցաւ անհեթեթ միջադէպ մը, երբ սահմանապահները ակադեմիկոս, Ախալքալաք ծնած եւ նոյն տեղի «պատուաւոր քաղաքացի» Աշոտ Մելքոնեանին մուտքը արգիլեցին: Միջադէպ, որուն լայնօրէն անդրադարձաւ մամուլը:

Յետոյ իմացանք, որ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան միջամտութեամբ թոյլատրուած էր Աշոտ Մելքոնեանին մուտքը, որպէսզի ան Հայաստան վերադառնար: Զարմանալի վերաբերում` անձնաւորութեան մը նկատմամբ, որուն առջեւ աւելի քան քառասուն երկիրներու սահմանները բաց եղած են` իր իսկ վկայութեամբ: Ճանապարհի կէսին, Հայաստանի անցակէտը չհասած, Աշոտ Մելքոնեանը եւ ճամբորդութեան առաջնորդը` Աշոտ Սողոմոնեանը միացան մեզի:

Կարծախը հայկական գիւղ է Վրաստանի մէջ: Ան ծննդավայրն է նաեւ հայ մեծ աշուղ Ջիւանիի:

Աշուղ Ջիւանի

Վրաստանի մէջ գտնուող Սամցխէ-Ջաւախքի Ախալքալաքի ճամբով պիտի հասնինք Գիւմրի: Տխրութեամբ կը հաստատենք` բաղդատելով Թիֆլիսի գեղեցկութեան, ճոխութեան եւ խնամքին, որ շրջանը լքուած եւ անխնամ տեսք ունի, ճամբաները գրեթէ անանցանելի են: Հատուած մը, դէպի Գիւմրի, արձանագրուած է 38 քմ, տեւեց չորս ժամ:

Մութ է արդէն, երբ Գիւմրի կը հասնինք: Վերջին անգամ Գիւմրի եկած էի քառորդ դար առաջ: Ուրախացայ, երբ տեսայ մաքրուած փողոցները եւ քաղաքապետարանի լուսաւորուած շէնքը: Գեղատեսիլ վաճառատուներ կային, եւ եկեղեցին, կանգուն, հոն էր միշտ: Որքա՜ն պիտի ուզէի կրկին տեսնել ֆրանսական թեքումով դպրոցը, ուր օր մը լրիւ անցուցած էի ուսուցիչներուն եւ տնօրէնին հետ, զրուցած, եւ վերադարձիս խօսած անոնց մասին` հայկական ձայնասփիւռէն:

Ճոխ ընթրիքէ մը ետք, որ կը ջնջէր հին անլոյս օրերու պատկերները, հրաժեշտ կու տանք Գիւմրիին, ուր պէտք է վերադառնալ, կրկին տեսնել եւ լսել մարդիկը, վկայել վերածնունդի մասին: Ուրիշ բառ չեմ գիտեր կացութիւնը եւ յոյսը բնորոշելու համար:

Գիշերուան ժամը երեքին հանրակառքէն կ՛իջնենք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը:

Այս գրեթէ ճամբորդական նոթերը եւ տպաւորութիւնները եզրակացնելու եւ ամփոփելու համար լուռ նստած եմ համակարգիչիս առջեւ:

Ի՞նչ եզրակացնել, ի՞նչ ըսելու համար:

Պահ մը նոյնիսկ մտածեցի, որ աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար այս ճամբորդութիւնը չընել, որպէսզի ցաւի եւ կորուստի զգացումները բաց վէրք չդառնային:

Հիմա միտքերս կը նմանին խռիւ մազերու, հայրերուս նարնջենիներու բոյրին, եւ կանաչին կը միաձուլուին` հերոսապատումի Մուսա Լեռը, Վանայ ծովակին կապոյտը, Արթոս եւ Սիփան լեռները, Արածանին, Ախուրեանը, Արաքսը, բերդերը, ուր ժամանակը կանգ առած է, լուռ սպասումի մատնուած` Ախթամարի, Կարսի Առաքելոց եւ Անիի եկեղեցիները…

Եւ ինչպէ՞ս կրնամ ազատագրուիլ Հայրէտտին-Հայկի եւ Պուրհան-Նշանի բացած պատուհանի մութէն, ուր կան անհետ կորած հինգ հարիւր եկեղեցիներ եւ լռած-թաքնուած հարիւր հազարաւոր հայեր:

Կ՛ըսեն, որ սորվելու եւ ապրելու համար պէտք է մոռնալ գիտնալ:

Երանի անոնց, որոնք այդ հոգիի տկարութիւնը եւ ուժը ունին:

Բայց Արարատը հոն կանգնած է եւ կ՛ըսէ, որ` «Դուն հոն ես եւ ես հեռու, իրարմէ այնքա՜ն հեռու եւ այնքա՜ն մօտ»:

Բանաստեղծները միշտ գիտցած են գտնել ամոքող գաղտնաբառերը:

Հայրենի կարօտ, դու ծանր անում ես,
Իմ դատարկ հոգում դու խորանում ես,
Ամէնին չգնաց, փշրուեց, անցաւ,
Բայց դու բարձրանում ու ծովանում ես:

(Վահան Թոթովենց)

Ծովանում ես, կ՛ըսէ բանաստեղծը իր կարօտին:

Եթէ մեր ժողովուրդին ըսէինք` ծովանանք հայրենի իւրաքանչիւր թիզ հողի վրայ, այդ կ՛ըլլար այսօրուան եւ վաղուան յաղթանակ:

Այս ընելու համար պէտք է լսել քսաներորդ դարու ներհուն գրող Վիգէն Խեչումեանը, որ պատգամած է, թէ` «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:

Ըլլալ «ծագումով հայ» եզրակացութիւնը չէ՞ Վիգէն Խեչումեանի խարանող խօսքին: Իսկ ի՞նչ ընել «թաքնուած հայ»-երուն համար:

Ճամբորդեցի, տեսարանները գեղեցիկ էին, բայց մնացի տգէտ, չեղայ այ-ֆոնով զբօսաշրջիկ… թմրած ուղեղով տուրիստ… պատմութեան բեռը եւ անարդարութեան դէմ ընդվզումը շալկած` գացի եւ եկայ:

(Շար. 3 եւ վերջ)