Քաթարի Գործարարները ՀՀ Նախագահի Հրաւէրով Պիտի Ուսումնասիրեն Հայաստանի Ներդրումային Հնարաւորութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան

Քաթարի գործարարները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով կը նախատեսեն յաջորդ տարի այցելել Հայաստան` երկրի ներդրումային հնարաւորութիւնները ուսումնասիրելու համար:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով www.gulf-times-ը, այս մասին ըսած է Քաթարի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի խորհուրդի անդամ Մոհամետ պըն Ահմատ ալ-Օպայիտլին:

Ալ-Օպայիտլին, որ «Մտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ի ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ, նշած է, որ ՀՀ նախագահը շահագրգռուած է իր երկրին մէջ նոր ներդրումներ ներգրաւելու հարցով: «Հայաստանի նախագահը Քաթարի գործարարներուն կոչ ըրաւ ուսումնասիրելու իր երկրի ներդրումային հնարաւորութիւնները»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ ՀՀ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած են հայկական եւ քաթարական մասնաւոր եւ գործարար ոլորտներու միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու հետ կապուած հարցեր:

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի նախագահը բարձր գնահատած է Քաթարի եւ Հայաստանի միջեւ սերտ յարաբերութիւնները եւ ցանկութիւն յայտնած է յարաբերութիւնները ամրապնդելու բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ յատկապէս առեւտուրի եւ տնտեսութեան:

Քաթարի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի խորհուրդի անդամը այն կարծիքին է, որ Հայաստանի ներդրումային միջավայրը գրաւիչ է: «Մենք քննարկած ենք նաեւ Քաթարի եւ Հայաստանի մասնաւոր հատուածներու միջեւ համագործակցութեան  տեսակէտները` յատկապէս սննդամթերքի անվտանգութեան ուղղութեամբ»,- ըսած է ան: