Հոլանտա Դատապարտեց Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Էրտողանի Քայլը

Աշխարհ

Հոլանտայի խորհրդարանը Յունիս 11-ին, գրեթէ միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ նախագահին կողմէ այս տարուան Ապրիլ 24-ի իր յատարարութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը «պատերազմի զոհեր» որակելու արարքը, նոյն ժամանակ պարտաւորեցնելով Հոլանտայի կառավարութիւնը, որ այդ դիրքորոշման մասին տեղեկացնէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները:

«Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ այս մասին գրելով՝ Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան կ՛ըսէ հետեւեալը. «Յատուկ շնորհակալութիւն՝ բանաձեւը նախաձեռնած քաղաքական տարբեր ուժեր ներկայացնող պատգամաւորներուն եւ «Աբովեան» միութեան անդամներ Ինգէ Դրոստին եւ Մաթօ Հախվերդեանին՝ եռանդուն եւ արգասաբեր ջանքերու համար»:

Ապրիլ 24-ին, Էրտողան նամակ յղած էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին, որուն մէջ դարձեալ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած 1.5 միլիոն հայերը համարած է «Համաշխարհային Ա. Պատերազմի զոհեր» ուրանալով Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը։

Էրտողան աւելի ուշ նաեւ յայտարարած էր, որ այդ ժամանակահատուածին շատ ուրիշներ զոհուած էին, ներառեալ անոնք, որոնք սպաննուած էին «հայկական հրոսակախումբերու եւ զինուած խմբաւորումներու» հրահրած անկարգութիւններուն իբրեւ հետեւանք: