«Գիւմրին Մեր Տունն է, Պէտք է Վերակառուցենք Մեր Տունը»․ Նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային Այցով Գիւմրի Էր

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսած է, որ «Պէտք է կեանքը վերադարձնել Գիւմրի` պահպանելով քաղաքի մշակութային ժառանգութիւնը․․․Գիւմրին մեր տունն է, եկէք վերակառուցենք մեր տունը, կենդանութիւն տանք: Սա իւրօրինակ քաղաք է, գեղեցիկ պատմութիւն ու լաւ մարդիկ ունեցող: Գիւմրին մոռցուած գանձ է»:

 Գիւմրի այցի ընթացքին Արմէն Սարգսեան Իտալիոյ կառուցապատող ընկերութիւններու եւ գործարարներու խումբին հետ քննարկած է Գիւմրիի պատմամշակութային արժէք ներկայացնող հին շինութիւններու վերականգնման հարցով համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:

 Իտալիայի երկրորդ ամենախոշոր շինարարական ընկերութեան` Rizzani de Eccher-ի ներկայացուցիչ Անտրէա Ռոմանին ընդգծած է, որ, որպէս կառուցապատող ընկերութիւն, իրենք հետաքրքրութիւն ունին մասնակցելու քաղաքի վերականգնման գործին եւ իրենց դերը ունենալ Գիւմրիի կեանքին մէջ:

 «Մենք կը հասկնանք, որ սա շատ կարեւոր հարց է երկրի համար: Պատրաստ ենք միւս իտալական ընկերութիւններու հետ մտածել լիակատար աջակցութեան, ծրագիրներու, այս գեղեցիկ քաղաքը զարգացնելու մասին: Յուսով ենք ատիկա ընել շուտ` մեր իմացութեան, ճաշարաներու, գիտելիքի ու իտալական ոճի ու ձեւաւորման միջոցով»,-աւելցուցած է Ռոմանի:

Կը նախատեսուի, որ իտալացի գործարարներու առաջին այցելութեան պիտի յաջորդէ արդէն աշխատանքային խումբի այցը` գնահատելու համար, թէ ինչ աշխատանքներ հնարաւոր է իրականացնել: