Պերճ Պռօշեան (1837-1907). ­Հայ­րե­նի Գիւ­ղին եւ Հայ Գեղ­ջու­կին Հո­գե­հա­րա­զատ Եր­գի­չը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն․

Յու­նիս 3-ի այս օ­րը, 182 տա­րի ա­ռաջ, աշ­տա­րա­կե­ցի դեր­ձակ Ս­տե­փան ­Տէր-Ա­ռա­քե­լեա­նի ըն­տա­նե­կան հա­մեստ ու չքա­ւոր եր­դի­քին տակ, ծնաւ ա­րու զա­ւակ մը՝ ­Յով­հան­նէս ա­նու­նով, որ իր կեան­քով եւ գոր­ծով մնա­յուն ու ար­ժէ­քա­ւոր վաս­տակ մը կա­պեց իր ընտ­րած ­Պերճ Պ­ռօ­շեան գրչա­նու­նին եւ ար­ժա­նա­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­կան մե­ծե­րու պա­տո­ւան­դա­նին։

Պերճ Պ­ռօ­շեա­նի գրա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ հա­րա­զատ ու լու­սա­ւոր հա­յե­լին հայ գեղ­ջու­կի ի­րա­կան կեան­քին՝ ա­նոր դա­րա­ւոր սո­վո­րոյթ­նե­րուն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, օ­րա­ւուր հա­ցի եւ հո­գեմ­տա­ւոր լոյ­սի հա­մար ա­նոր թա­փած քրտնա­ջան աշ­խա­տան­քին, չա­րա­շա­հում­նե­րու եւ կե­ղե­քում­նե­րու դէմ ա­նոր խոր ընդվ­զու­մին, օ­տա­րի տի­րա­պե­տու­թեան դէմ ա­նոր լուռ ծա­ռա­ցու­մին…

Բայց յատ­կա­պէս հայ գիւ­ղի եւ գիւ­ղա­ցիու­թեան ազ­գա­յին տոհ­միկ հիւ­սո­ւած­քին ու նա­հա­պե­տա­կան կեն­սա­կեր­պին քայ­քայ­ման, ըն­կե­րա­յին հա­կա­սու­թիւն­նե­րու եւ դա­սա­կար­գա­յին հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու սրու­մին դէմ պոռթ­կում մըն է Պ­ռօ­շեա­նի գրա­կա­նու­թիւ­նը, որ սի­րո­ւե­ցաւ եւ խան­դա­ղա­տան­քով պահ­պա­նո­ւե­ցաւ հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ ա­րե­ւե­լա­հայ, թէ՛ ա­րեւմ­տա­հայ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն կող­մէ։
Եւ իր այդ ար­ժա­նի­քին հա­մար, իբ­րեւ հայ գիւ­ղին եւ հայ գեղ­ջու­կին «ժո­ղովր­դա­յին կեան­քի եր­գի­չը», ­Յով­հան­նէս ­Տէր-Ա­ռա­քե­լեան դար­ձաւ ­Պերճ Պ­ռօ­շեան ու իր ա­կօ­սը բա­ցաւ ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նին մէջ։

Իր ման­կու­թիւնն ու պա­տա­նե­կու­թիւ­նը Պ­ռօ­շեան ան­ցուց իր ծննդա­վայ­րի ­Տէր-­Թո­դի­կեան վար­ժա­տուն­նե­րուն մէջ, շատ ծանր տա­րաւ ծե­ծով եւ խստա­կեա­ցու­թեամբ ու­սում ջամ­բե­լու ա­տե­նի կղե­րա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը, բայց բախ­տը ու­նե­ցաւ ու­սու­ցիչ ու­նե­նա­լու նաեւ լու­սա­միտ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ո­րոնց օ­րի­նա­կը վե­րա­ծեց իր կեան­քի հե­տա­գայ ըն­թաց­քը ա­ռաջ­նոր­դող տի­պա­րի։ Պ­ռօ­շեա­նի կազ­մա­ւոր­ման վրայ հիմ­նա­կան անդ­րա­դարձ ու­նե­ցաւ յատ­կա­պէս Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի Աշ­տա­րակ այ­ցե­լու­թիւ­նը իբ­րեւ կրթա­կան քննիչ։ ­Տէր-­Թո­դի­կեան գոր­ծե­լա­կեր­պին դէմ Ա­բո­վեա­նի քա­րո­զած ա­զատ ման­կա­վար­ժու­թեան սկզբունք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին ա­մէ­նէն պարզ եւ ի­րա՛ւ խա­ւին՝ գեղ­ջու­կին բա­ցո­ւե­լու եւ ա­նոր վէր­քե­րուն ու ե­րազ­նե­րուն հո­գե­հա­րա­զատ եր­գի­չը դառ­նա­լու Ա­բո­վեա­նի գրա­կան հան­գա­նա­կը յա­ռա­ջա­տար ար­ժէք ու մղիչ ուժ դար­ձան Պ­ռօ­շեա­նի հա­մար։

Ա­ւար­տե­լով Աշ­տա­րա­կի ծխա­կան վար­ժա­րա­նը եւ ար­ժա­նա­նա­լով ­Ներ­սէս Աշ­տա­րա­կե­ցի Կա­թո­ղի­կո­սի ու­շադ­րու­թեան, 1849-ին, Պ­ռօ­շեան իբ­րեւ անվ­ճար ու­սա­նող ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Թիֆ­լի­սի «­Ներ­սի­սեան» վար­ժա­րա­նը, որ­մէ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ շրջա­նա­ւարտ ե­ղաւ 1853-ին։ ­Թէեւ Պ­ռօ­շեան չըն­դա­ռա­ջեց կու­սակ­րօն միա­բան դառ­նա­լու կա­թո­ղի­կո­սի յոր­դոր­նե­րուն, այ­սու­հան­դերձ՝ ու­սուց­չու­թիւ­նը ընտ­րեց իբ­րեւ կեան­քի աս­պա­րէզ եւ ա­ւե­լի քան կէս դար ու­սուց­չա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց իր ծննդա­վայր Աշ­տա­րա­կի, ­Թիֆ­լի­սի, ­Շու­շիի, Աստ­րա­խա­նի եւ կով­կա­սա­հայ այլ ոս­տան­նե­րու մէջ։

Նո­րա­հաս սե­րուն­դին առ­ջեւ լոյ­սի ճա­նա­պար­հը բա­ցող ման­կա­վարժ մը ե­ղաւ Պ­ռօ­շեան։ Խա­ւա­րամ­տու­թեան դէմ ան­հաշտ պայ­քար մղեց՝ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հա­ւա­տա­ւոր հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նի ար­ժէ­քին ու ա­ռա­քե­լու­թեան միշտ պա­հա­պան եւ հա­ւա­տա­րիմ հե­տե­ւող մնա­լով հան­դերձ։ ­Մէկ կող­մէ իր նպաս­տը բե­րաւ ա­զատ ման­կա­վար­ժու­թեան տա­րած­ման, իսկ միւս կող­մէ հայ կնոջ ի­րա­ւունք­նե­րու ա­ռա­ջին պաշտ­պան­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ՝ իր ծա­ռա­յու­թեան տար­բեր կեդ­րոն­նե­րուն մէջ աղջ­կանց վար­ժա­րան­նե­րու բաց­ման դրօ­շա­կիր դառ­նա­լով։

Ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զը մե­ծա­պէս օգ­նեց Պ­ռօ­շեա­նի, որ ա­մէ­նուր մօ­տէն ծա­նօ­թա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի պարզ ու հա­մեստ խա­ւին, ա­նոր սո­վո­րոյթ­նե­րուն եւ ա­ւան­դու­թեանց, ցա­ւե­րուն եւ տեն­չե­րուն։ Այդ ա­մէ­նը ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձան ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կա­նին հա­մար, որ­պէս­զի ու­սուց­չու­թեան կող­քին նո­ւի­րու­մով փա­րի գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։ ­Հա­զիւ 23 տա­րե­կան էր Պ­ռօ­շեան, երբ լոյս ըն­ծա­յեց իր ա­ռա­ջին վէ­պը՝ «­Սօս եւ ­Վար­դի­թեր»-ը, որ ան­մի­ջա­պէս ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւեց ա­տե­նի յա­ռա­ջա­դէմ հայ գրող­նե­րուն, ինչ­պէս օ­րի­նակ Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեա­նի, որ բան­տա­յին իր խու­ցէն խրա­խու­սա­կան տո­ղեր նուի­րեց Պ­ռո­շեա­նին։

Պ­ռօ­շեան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ, նաեւ, ­Թիֆ­լի­սի մէջ ու­սուց­չա­կան իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին, ա­րե­ւե­լա­հա­յոց թատ­րո­նի հիմ­նադ­րու­թեան եւ ծաղ­կու­մին՝ իր կար­գին թատ­րեր­գու­թեան սե­ռը փոր­ձե­լով եւ «Ա­ղա­սի» ու «­Բամ­պակ առ­նո­ղը» գոր­ծե­րը հրա­տա­րա­կե­լով։

Պ­ռօ­շեան ա­րագ եւ ա­ռատ ար­տադ­րող մը չե­ղաւ, ո­րով­հե­տեւ օ­րա­պա­հի­կի ա­պա­հով­ման հա­մար, ու­սուց­չու­թեան եւ մա­մու­լի աշ­խա­տակ­ցու­թեան կող­քին, պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ նաեւ ա­զատ աս­պա­րէ­զի մէջ գոր­ծե­րու ձեռ­նար­կե­լու. եր­կար ժա­մա­նակ լու­սան­կար­չու­թեամբ պա­րա­պե­ցաւ։ 1878-ին լոյս ըն­ծա­յեց իր երկ­րորդ վէ­պը՝ «Կ­ռո­ւա­ծա­ղի­կը», ո­րուն 1880-ին հե­տե­ւե­ցաւ «­Հա­ցի հա­մար» վէ­պը, որ իր տե­սա­կին մէջ հան­դի­սա­ցաւ Պ­ռօ­շեա­նի ըն­կե­րա­յին աշ­խար­հա­յեացքն ու հան­գա­նա­կը լա­ւա­գոյնս խտաց­նող եր­կը։ Պ­ռօ­շեա­նի վի­պագ­րու­թեան միւս ե­րեք գոր­ծե­րը՝ «Ս­կիզբ եր­կանց»ը, «­Ցե­ցեր»ը եւ «­Յու­նօ»ն ­լոյս տե­սան յա­ջոր­դա­բար 1889-ին, 1892-ին եւ 1900-ին։

Պ­ռօ­շեա­նի բո­լոր գոր­ծե­րուն մէջ ալ ծննդա­վայր Աշ­տա­րա­կը, իր բար­բա­ռով թէ բար­քե­րով, հա­սա­րա­կա­կան իր շա­ղա­խով թէ ազ­գա­յին խնդիր­նե­րով, ներշնչ­ման գլխա­ւոր աղ­բիւ­րը դար­ձաւ ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տա­րեր­քին։ Ինչ որ պակ­սե­ցաւ Պ­ռօ­շեա­նին իբ­րեւ վէ­պի կա­ռուց­ման, տի­պար­նե­րու ստեղծ­ման եւ շար­ժուն կեան­քի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մշա­կում, ան փո­խա­րի­նեց հայ ժո­ղովր­դա­յին կեան­քի հա­րա­զատ նկա­րագ­րու­թեան եւ վեր­ծան­ման հա­րուստ եւ վա­րար հոս­քով։ ­Թէեւ ա­տե­նին ­Լէո­յի նման հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ քննա­դա­տե­ցին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մշակ­ման ա­ռու­մով Պ­ռօ­շեա­նի թե­րու­թիւն­նե­րը, բայց ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին եւ հայ ժո­ղովր­դա­յին կեան­քի փո­փո­խու­թեան հետ, 19-րդ ­դա­րու երկ­րորդ կի­սու ա­րե­ւե­լա­հայ գա­ւա­ռի հա­րա­զատ պատ­կե­րա­ցու­մը մեծ չա­փով մենք կը պար­տինք Պ­ռօ­շեա­նի։

Երբ ա­մէ­նուր ա­րե­ւե­լա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը բուռն պայ­քար կը մղէր յա­նուն աշ­խար­հա­բա­րի որ­դեգ­րու­մին, Պ­ռօ­շեան գրա­կան մշա­կու­մի ար­ժա­նա­ցուց Աշ­տա­րա­կի հա­յոց բար­բա­ռը եւ ա­նոր մէջ գտաւ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար հասկ­նա­լի ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը։

Երբ 1860-ա­կան­նե­րուն ա­զա­տու­թեան ու ար­դա­րու­թեան եւ­րո­պա­կան գա­ղա­փար­նե­րը կ­þա­լե­կո­ծէին ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թիւ­նը, այդ ճամ­բով նաեւ կով­կա­սա­հա­յու­թեան կեան­քը, Պ­ռօ­շեան փա­րե­ցաւ «հայ ժո­ղովր­դա­յին կեան­քի եր­գի­չը» դառ­նա­լու իր կո­չու­մին եւ ամ­բողջ կեանք մը շնչա­ւո­րեց ու ի­մաս­տա­ւո­րեց այդ ա­ռա­քե­լու­թեամբ։

Եօ­թա­նա­սուն տա­րե­կան էր ­Պերճ Պ­ռօ­շեան, երբ ­Պա­քու այ­ցե­լու­թեան մը ըն­թաց­քին ա­նակն­կալ հի­ւան­դու­թիւ­նը հա­րո­ւա­ծեց զինք։

1907-ին իր աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց հայ­րե­նի գիւ­ղին ու հայ գիւ­ղա­ցիին հա­մով ու հո­տով կեան­քը ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ներշնչ­ման վա­րար աղ­բիւ­րի վե­րա­ծած ա­րե­ւե­լա­հայ ար­ձա­կի եւ վի­պագ­րու­թեան դա­սա­կան այս ­Ռահ­վի­րան։

Պերճ Պ­ռո­շեա­նի ժա­ռան­գու­թեամբ հա­ղոր­դո­ւե­լու պա­հով այս օ­րը շնչա­ւո­րե­լու հա­մար, ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թեան կը յանձ­նենք պեր­ճա­խօս պա­տա­ռիկ մը ա­նոր «­Մեծ ­Նա­նը» խո­րագ­րով գոր­ծէն, որ նո­ւի­րո­ւած է հայ կնոջ եւ յատ­կա­պէս մեծ մօր կեր­պա­րին ու ար­ժէ­քին՝ հա­յոց նա­հա­պե­տա­կան ա­ւան­դու­թեանց մէջ.-

«­Թէ­պէտ մե­զա­նում կի­նը առ­հա­սա­րակ տղա­մար­դուց չխօս­կան է, բայց մեծ նա­նը, երբ որ յի­սուն տա­րին անց­կաց­րեց, սպի­տակ քնթկա­լի փո­խա­նակ մի սեւ աղ­լուխ կա­պեց, որ այ­րիու­թեան նշանն է, նա այ­նու­հե­տեւ չխօս­կան կը մնայ միայն իր կնքա­ւո­րի մօտ. բա­ցի քա­ւո­րից՝ ա­մէն­քը նրա եղ­բայր­ներն ու որ­դի­ներն են։ ­Գիւ­ղի մի­ջովն անց կե­նա­լիս, ե­րի­տա­սարդ տղա­մար­դի­կը նրա ա­ռա­ջին ոտ­քի կը կանգ­նեն եւ հա­մես­տու­թեամբ կը պա­տաս­խա­նեն մեծ նա­նի բա­րե­ւին ու պար­կեշ­տօ­րէն կը ծի­ծա­ղին մեծ նա­նի սրա­խօ­սու­թիւն­նե­րին։

«Իսկ ջա­հել կա­նայք ու աղջ­կերք տանն էլ, քու­չումն էլ պար­տա­կան են մեծ նա­նի ձեռ­քը պա­չե­լու, թէ­կուզ կուժն ու­սին էլ լի­նի, ջա­հե­լը պէտք է մօ­տե­նայ մեծ նա­նին, գլուխ տայ ու այն­պէս անց կե­նայ։
«- ­Քո տրէն ապ­րի՛, քո ախ­պէրն ապ­րի՛, բա­րով քեզ նշա­նենք, բա­րով կար­միրդ կա­պենք,- անխ­նայ բա­ժա­նում է մեծ նա­նը իր օրհ­նու­թիւ­նը բո­լոր իր ձեռ­քը պա­չող­նե­րին»։