Էրտողան Յայտարարած է, Որ Թուրքիան «Մարդկութեան Յոյսն է»

Աշխարհ

Թուրքիան մարդկութեան, իր ընկերներու յոյսն է: Այդ մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Անոր խօսքով` Թուրքիան արդէն ան թոյլ երկիրը չէ, ինչպիսին էր անցեալ դարու 1990-ականներուն:

Էրտողան ըսած է, որ «այսօր Թուրքիան վերածուած է տարածաշրջանի գերտերութեան»:

«Հակառակ բոլոր յարձակումներուն` մեր երկիրը շնորհիւ իր տնտեսութեան ու ժողովրդավարութեան աւելի կը զարգանայ»,- ըսած  ան:

Էրդողան ընդգծած է, որ վաղ թէ ուշ Թուրքիան ընդմիշտ պիտի լուծէ ահաբեկչութեան խնդիրը: