Յունիս 5-6-ին Երեւանի Մէջ Աննախադէպ Ջերմաստիճան Կը Սպասուի

Այլեւայլ

Յառաջիկայ օրերուն աննախադէպ ջերմաստիճան պիտի արձանագրուի, Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ ԱԻՆ օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետ Գագիկ Սուրէնեան:

«Յունիս 5-6-ին Արարատեան դաշտին եւ Երեւանի մէջ օդի ջերմաստիճանը ցերեկային ժամերուն պիտի հասնի +38․․․+39 աստիճանի: Մեր ողջ օդերեւութաբանական պատմութեան ընթացքին, Յունիսի առաջին տասնօրեակին Արարատեան դաշտին եւ Երեւանի մէջ նման ջերմաստիճան երբեք չէ արձանագուած»,- նշած է ան: