100-ամեակ Միացեալ Հայաստանի Հռչակագիրին. Միասնաբար Պիտի Վերականգնենք Մէկ Ազգ Եւ Միացեալ Ու Ամբողջական Հայրենիք Տեսլականը

Uncategorized

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Հայաստանի քաղաքական կեանքն ու անոր եռեւեփումներով տարուած-կլանուած ողջ հայութիւնը կը գտնուին այնպիսի ուռուցիկ-ուռեցուած յորձանուտի մը մէջ, որ 28 ՄԱՅԻՍով մարմնաւորուած խորհուրդները կը թուին լուսանցքայնացուած ըլլալ ու հեռու քշուած` պետական ու ժողովրդային բեմերէն, մատնուած` լոկ արարողական յիշատակումի:

Անցեալ տարի Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան 100-ամեակը իրողապէս լուսանցքայնացուեցաւ, որովհետեւ ապրիլի վերջերուն ծայր տուած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը ողողեց ողջ հայութեան կեանքը, բերաւ բարեշրջման ու յոյսի ալիքներ (իսկ թէ անոնք ո՞ւր հասած են ու հասցուցած երկիրն ու հայութիւնը` առանձին քննարկելի հարց), իսկ այս տարի, մայիսին, քաղաքական բեմը դարձեալ «ողողուած» է ծանօթ բազում իրադարձութիւններով: Եւ ահա 28 մայիսը կը հասնի այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, որ մեր մտածողութեան ու յիշողութեան դաշտերէն իրողապէս մեկուսացուցած են մեր ազգին ու հայրենիքին լինելութիւնը վկայագրող-ամրագրող իրականութիւնները:

Մինչդեռ, եթէ պահ մը «շունչ առնենք» եւ մեր գլուխը բարձրացնենք տեղին ու անտեղի յորձանուտի ազդեցութենէն վեր, մենք մեզ ձերբազատենք ընդհանուր տեսադաշտը նեղցնող-սահմանափակող` օրը օրին զարգացող դէպքերու ակնոցէն, բարելաւում խոստացող, սակայն գործնապէս պառակտումի տանող իրականութիւններէն, եթէ վերադառնանք Հայաստանի Հանրապետութեան արարման օրերուն եւ աչքի առջեւ բերենք շարք մը իրականութիւններ, դժուարութիւն պիտի չունենանք տեսնելու, որ այսօր ալ մեր դիմաց կը կանգնին իսկապէս ՄԵԾ ՀԱՐՑԵՐ, վտանգաւոր մարտահրաւէրներ, որոնք բոլորիս կը թելադրեն ըլլալ շա՛տ աւելի շրջահայեաց, ոչ անտեսելի մանրուքները զատորոշել էականներէն, եւ հայութեան հաւաքական կեանքին մէջ վերականգնել գործակցական ու միասնութեան այն ոգին, որ կերտուեցաւ 100+1 տարի առաջ եւ իբրեւ անժամանցելի պատգամ` արձանագրուած կը մնայ մեր ու գալիք բոլոր սերունդներու հորիզոններուն:

Երբ կը յիշենք 28 մայիս պատմական թուականը, մեր մտապաստառին վրայ առաջին հերթին կ՛արձանագրուին Սարդարապատը, Բաշ Ապարանը եւ այն ահեղ ճակատամարտերը, որոնք մղուեցան Ցեղասպանութեան հետքերը տակաւին չթօթափած հայութեան զաւակներուն կողմէ, լոկ սեփական բազուկներով, որոնք կենաց-մահու այդ մարտերէն մեր ժողովուրդը յաղթական դուրս բերելով` փոքր հողաշերտի մը վրայ հիմը դրին Հայաստանի անկախ հանրապետութեան, ապա անմիջապէս լծուեցան սահմաններու ընդարձակման ու ժողովուրդի բարօրութեան հետապնդման բազմաճիւղ առաքելութեան, մերթ նաւարկելով միջազգային բարենպաստ հովերու հետ, սակայն` առաւելաբար մաքառելով աննպաստ մրրիկներու դէմ:

Այդ բոլորը սկիզբ առին 101 տարի առաջ, 28 մայիս 1918-ին, որ մեր ազգային տօնացոյցին մէջ իր պատմակշիռ տեղը պահեց տասնամեակներ շարունակ` հակառակ խորհրդային տարիներուն ի գործ դրուած նսեմացման ճիգերուն, իսկ այսօր վերագրաւած է իր գագաթնակէտային դիրքը` շնորհիւ Հայաստանի վերանկախութեան ու արցախեան ազատամարտով աւելի քան 30 տարի առաջ բացուած նոր էջին:

Առաջին մայիս 28-էն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը եղաւ պատմական շարք մը իրագործումներու կարճատեւ ժամանակաշրջան մը, որ թէեւ հազիւ երկուքուկէս տարուան իր կարճ կեանքին մէջ լինելութեան չհասցուց մեր իրաւունքներուն եւ տեսլականներուն իրականացումը, սակայն այդ շրջանին հաստատուեցան պետական այնպիսի կառոյցներ, որոնց զարգացումը արդար ժառանգ հասած է այսօրուան հայութեան: Աւելի՛ն. մեր քաղաքական մտածողութեան մէջ, ուղիղ 100 տարի առաջ, 28 մայիս 1919-ին, արձանագրուեցաւ այնպիսի «աքթ» մը (այս բառը չակերտեցինք, որովհետեւ կը պատկանի այդ օրերու պետական դէմքերուն, որոնց շարքին` վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեանի), որ մասնաւորաբար ճիշդ այս օրերուն պէտք է ուժգնօրէն հնչէ եւ շքեղօրէն վերականգնի մէն մի հայու` պետական պատասխանատուի, ընդդիմադիրի թէ աշխարհացրիւ հայութեան մաս կազմող իւրաքանչիւր հայորդիի սրտին, միտքին ու մտածողութեան մէջ: Այդ «աքթ»-ը` ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ յայտարարութիւնն էր, մարմնաւորումը` մէկ ազգ, մէկ ու ամբողջական հայրենիք տեսլականին:

Կարելի է երկար խօսիլ պատմական այդ իրագործումին մասին, սակայն այս նեղ սիւնակներուն մէջ կը բաւականանանք ուրուագծային ակնարկութիւններով` յուսալով, որ բոլորը, մանաւանդ մեր երիտասարդ սերունդի զաւակները իրենք իրենց իրաւունքն ու պարտականութիւնը տան վերադառնալու Խատիսեանի, Վրացեանի ու նման դէմքերու յուշագրութեանց եւ տեսնելու այն զուգահեռներն ու նմանութիւնները, որոնք մեր այսօրը կը կապեն դար մը առաջ տեղի ունեցած դէպքերուն, կը կազմեն անոնց ուղղակի շարունակութիւնը:

***

28 մայիս 1918-ին ծնած Հայաստանի պետութիւնն ու ժողովուրդը կը գտնուէին մեր այսօրուան մտահոգութեանց ու մտասեւեռումներուն դիմաց. բնականաբար կային ներքին տարակարծութիւններ ու խոչընդոտող խնդիրներ, սակայն ՄԵԾ ՀԱՐՑԵՐուն շուրջ միակամութիւնն ու ճակատագրակցութիւնը համաչափ էր: Կային ժողովուրդի ապրուստին ու վերապրումի ապահովման գերխնդիրները, որոնք պէտք էր դիմագրաւուէին պետութեան շէնքի կառուցման զուգահեռ` իբրեւ մէկ հիմնական մասը հայրենիք-պետութեան կերտումին, սակայն հանրապետութեան համար նոյնքան հրատապ հարց էին ժողովուրդի միասնութեան պահպանման ու մանաւանդ կորուսեալ հողերու վերատիրացման առաջադրանքները: Ու թէեւ փոքր Հայաստանը կը գտնուէր «հիւանդ երեխայ ծնած մօր» վիճակին մէջ, կը փորձէր ինքզինք դուրս բերել «անձեւ քաոս»-ի մը մէջէն, իսկ շուտով պիտի մատնուէր նաեւ թուրքին ու համայնավարին «մուրճին ու սալին միջեւ» իյնալու վիճակին, սակայն նոյնինքն անկախացած հայրենիքին մարդագրական իրավիճակը պետական աւագանիին կը հարկադրէր ականջալուր ըլլալ գետնի վրայի իրականութեան ու ձեռնարկել համապատասխան լուծումներու: Արեւմտեան Հայաստանը զոհ գացած էր Ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի. բազմահարիւր հազարաւոր փրկուածներ ապաստան գտած էին «Արեւելեան Հայաստան»-ի մէջ (ոչ աննախընթաց վիճակ` նախընթաց հարիւր եւ աւելի տարիներուն, երբ Կովկասի եւ Հայաստանի հողին վրայ տեղի կ՛ունենային ռուս-թրքական մեծ ու փոքր ճակատումներ` հայութեան պատճառելով զանգուածային գաղթեր ու հայրենի հող վերադարձի իրերայաջորդ ալիքներ): Ցեղասպանութենէն ետք Հայաստան ապաստանած արեւմտահայերը կը գիտակցէին, որ նորանկախ Հայաստանը նա՛եւ իրենց հայրենիքն է, ինչպէս որ արեւելահայերուն համար Արեւմտեան Հայաստանը նախորդ տասնամեակներուն եղած էր «Դէպի Երկիր» նշանախօսքին կենսագործման դաշտը. այլ խօսքով, հայութեան ազատագրական ու ազգային պայքարները ապացուցած էին, որ հայութիւնը միաձոյլ է` հակառակ աշխարհագրական տարածքներու կամ այս ու այն օտար իշխանութեան ներկայութեան: Ու նորածին հանրապետութիւնը ի՛րը նկատելու արեւմտահայութեան գիտակցութիւնն ու քաղաքական կամքը մեր ժողովուրդին այս հատուածը մղած էր գործնական քայլերու, որոնք թուղթի վրայ պիտի չձգէին ուրուագծուող ծրագիրները, այսօր ալ իբրեւ նուիրական կտակ հասած են մեզի, որպէսզի պատմութեան էջերուն չթողլքենք զանոնք:

Արեւմտահայերու այս ընթացքը վճռական հունի մէջ դնող քայլերը եղան շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնք բիւրեղացման հանգրուանին հասան 19 փետրուար 1919-ին տեղի ունեցած համագումարով, որ օրուան պետական մարդոց յուշագրական պատմագրութեան մէջ արձանագրուած է Արեւմտահայոց Բ. համագումար տարազումով: Այդ համագումարը կը յանգէր պատմական որոշումի մը` Արեւմտեան Հայաստանը կը յայտարարէր Հայաստանի Հանրապետութեան միացած: Խատիսեան` իբրեւ մէկ վկան օրուան մթնոլորտին ու ողջ հայութեան անսակարկելի իղձերուն, արձանագրած է, որ հակառակ Արեւմտեան Հայաստանի ամայացած ըլլալուն` այս յայտարարութիւնը կը հաստատէր, որ հայը իրը կը նկատէր, ինչպէս որ այսօր մենք մերը կը նկատենք, պէ՛տք է նկատենք, Արեւմտեան Հայաստանը, կը պատկերացնէր զայն միացած տեսնել հանրապետութեան (ինչպէս որ արցախցիք 30 տարի առաջ հրապարակ եկան Հայաստանի հետ միացման տեսլականով, զայն կը պահպանեն մինչեւ այսօր, ողջ հայութիւնը համակուած է նո՛յն տեսլականով, Հայաստանն ու Արցախը կը դիտէ իբրեւ մէկ ու անմասնատելի ամբողջութիւն, հիմնաքար` գալիքներուն):

Յիշեալ յայտարարութենէն աւելի քան երկու ամիս ետք, 27 ապրիլին, Հայաստանի խորհրդարանը կը լիազօրէր անկախ Հայաստանի կառավարութիւնը, որ մշակէ Միացեալ Հայաստանի ծրագիրը, որպէսզի անիկա վերածուի պետութեան քաղաքականութեան մէկ հիմնական գիծին: (Այսօր ալ տարբեր չէ, չի կրնար տարբեր ըլլալ): Նոյն Ա. Խատիսեանը կը վկայէ, որ վարչապետի հանգամանքով ինք պատրաստած է Միացեալ Հայաստանի բանաձեւը, որ որոշ բարեփոխութիւններու ենթարկուած է օրուան բազմակուսակցական կառավարութեան կողմէ ու իր վերջնական բանաձեւումով հռչակուած` անկախութեան առաջին տարեդարձին` 28 մայիս 1919-ին: Կ՛արժէ շեշտել, թէ ինչպէս որ Արեւմտահայոց Բ. համագումարը կը մարմնաւորէր ժողովուրդի քաղաքական տարբեր հոսանքները, Խատիսեանի կառավարութիւնն ալ բազմակուսակցական էր:

28 մայիս 1919-ի հռչակագիրը եթէ առաւելաբար ունի քաղաքական նկարագիր ու կը մարմնաւորէ քաղաքական ծրագիր, մետալին երկրորդ երեսը բացարձակապէս գործնական կիրարկումն էր այդ կամքին: Արեւմտահայերէն ընտրեալ 12 պատգամաւորներ 28 մայիս 1919-ին մուտք գործեցին խորհրդարան. զոյգ «աքթ»-երը կատարուեցան ժողովուրդին առջեւ, օտար դեսպաններու ներկայութեամբ եւ վկայութեամբ: Աւելի քան տարի մը ետք նոյն այս կամքին ու ծրագիրին վրայ միջազգային կնիքը դրուեցաւ 10 օգոստոս 1920-ին, նա՛եւ Թուրքիոյ կողմէ ստորագրուած` Սեւրի դաշնագիրով: Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրը, կ՛ըսէ Խատիսեան, բնական զարգացումն էր 28 մայիս 1918-ին ծնունդ առած անկախ հանրապետութեան:

***

Երբ այսօր Հայաստանն ու Արցախը կը մնան շրջափակուած, թուրք-ազերիական սադրանքներու ճնշումին տակ, հաւանաբար կ՛արժէ, որ եթէ ոչ ամէն օր, գէթ մեզի մոռացութիւն խնայող յաճախակիութեամբ վերաքաղը ընենք յիշեալ ու յաջորդող փուլերու իրականութեանց, իրագործումներուն եւ նահանջներուն:

Անկախ Հայաստանի կառավարութեան կարեւոր իրագործումներէն էր սահմաններու ընդարձակումն ու հայապատկան հողերու հանրապետութեան կցման դատին հետապնդումը: Այս առաքելութիւնը իրականացաւ երեք գլխաւոր գիծերու վրայ. դէպի Արեւմտեան Հայաստան, դէպի Նախիջեւան, Զանգեզուր ու Արցախ, նաեւ դէպի հիւսիս` Ախալքալաքի ուղղութեամբ: Առաջին կարեւոր իրագործումը եղաւ Կարսի շրջանին միացումը անկախ Հայաստանին, սակայն այդ գօտին աւելի ուշ նոխազ դարձաւ քեմալական Թուրքիոյ ու համայնավար Ռուսիոյ սիրաբանութեան: Միւս գիծերուն վրայ եւս արձանագրուեցան յառաջխաղացքներ եւ ընկրկումներ` նմանապէս իբրեւ հետեւանք Հայաստանի ու հայութեան անսակարկելի իրաւունքներուն շուրջ այլոց սակարկութիւններուն. Հայաստանի կառավարութեան իշխանութեան ենթակայ հողերուն վրայ բնակող թուրք եւ ազերի տարրերը ո՛չ մէկ օր ետ կանգնեցան ներքին դաւադրութիւններէ եւ կառավարութեան հեղինակութիւնը տկարացնելու ուղիէն. բնական հակադարձութիւնը եղաւ այն, որ հայկական իշխանութիւնը հարկադրուեցաւ Հայաստանը մաքրագործել դաւադիր ու դաւաճան տարրերէ, թէեւ այս վարքագիծը համաչափ յաջողութիւն չգտաւ յիշեալ բոլոր գիծերուն վրայ. օրինակի համար, Նախիջեւանն ու Արցախը Ազրպէյճանին նուիրաբերելու եւ անոր քարիւղի հանքերէն օգտուելու հաշիւները այդ օրերուն ալ կը տիրապետէին Հայաստանի երէկի դաշնակիցներուն ուղեղներուն, ինչպէս որ նոյն վարքագիծը մերթ ընդ մերթ իր ներկայութիւնը կը զգացնէ վերջին տասնամեակներուն… Միւս կողմէ` նոյն այդ օրերէն կու գայ հարաւի դրացիին` Իրանի հետ բարեկամական ու մարտավարական կապերը ամրապնդելու մարտավարութիւնը, որ ի զօրու է նաեւ այսօր եւ իր կարգին դէմ յանդիման կը գտնուի ծանօթ յորձանքներու վտանգալից ներգործութեան: Այդ դէպքերուն մանրամասնութիւնները արձանագրելը մեզ դուրս պիտի բերէ ուրուագծային անդրադարձի սահմաններէն:

***

Այսօ՞ր: Արդէն նշեցինք. Հայաստան կը գտնուի ազդեցութեանը տակ այնպիսի ալիքներու, որոնք իրենց վերիվայրումներուն մէջ առած են ո՛չ միայն Հայաստանն ու շրջակայ գօտին, այլ կը տարածուին աշխարհով մէկ` Կովկասէն մինչեւ Արաբական ծոցի շրջան, Միջին Արեւելք, կը հասնին ասիական արեւելք, կը ներգրաւեն Ափրիկէն, Եւրոպան ու Ամերիկաները` առանց անտեսելու Ովկիանիան ու զայն բաղկացնող արշիպեղագոսները: Այսօրուան իրական փոթորիկներուն սահմանները շատ աւելի ընդարձակ են, քան` զոյգ աշխարհամարտերուն ու 19-րդ դարու երկայնքին զանոնք կանխած ճակատումներուն սահմանները, իսկ հետեւանքները նո՛յնքան ահաւոր  են ու աղէտալի, արտայայտութիւն կը գտնեն «գարնանային» որակուած տագնապներով ու հսկայածաւալ գաղթերու-բռնագաղթերու ալիքներով:  Հայաստանը շրջապատող անմիջական գօտին ու շատ աւելի հեռուները տարածուող հորիզոններ ամէն օր կը գտնեն յաւելեալ մթագնումի գործօններ, ներկայի աղէտները նսեմացնել սպառնացող մրրիկներ: Այս ոլորապտոյտին մէջ կ՛արժէ՞ արդեօք կանգ առնել այն բանավէճերուն ու հակադրութիւններուն առջեւ, որոնք հիմնաւորեալ կամ անհիմն, իրական կամ ուռեցուած կերպով Հայաստանն ու հայութիւնը կը տարուբերեն ռուսամէտ-արեւմտամէտ ալիքներու միջեւ…

Հայաստանի մէջ տարի մը առաջ ծայր առած «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» սկզբնապէս արտասովոր զարգացում էր նա՛եւ այն պատճառով, որ մեր հայրենիքին ու ողջ հայութեան դիմաց բացաւ աշխարհի վատ իրադարձութեանց հակադրուող ուղի մը բանալու հորիզոններ: Ներքին փտածութեան ու չարաշահութիւններու վերջ տալու կամքը, բարելաւում խոստացող ծրագիրներ ու հաւաստիքներ չէին կրնար ցնծութեամբ չդիմաւորուիլ զանգուածներուն կողմէ, որոնք մինչեւ այսօր ալ կը նաւարկեն այդ ալիքներուն վրայ, հաւատքով ու յոյսով կը հետեւին նոր իշխանութեան գործնական քայլերուն: Դրական մթնոլորտի զարգացումը չտեսնել` պիտի նշանակէ կոյր ու խուլ ըլլալ, կամ ալ` ինքզինք բանտարկել այնպիսի հաշիւներու մէջ, որոնք չեն մեկնիր Հայաստանի ու հայութեան, ո՛ղջ հայութեան կեանքը բարելաւուած տեսնելու ցանկութենէն:

Սակայն նոյն իրապաշտութիւնը կը հրամայէ նաեւ չմնալ բաղձանքներու ոլորտին մէջ (Աստուած հոգին լուսաւորէ Շիրազին), այլ նաեւ` տեսնել վերջին մէկ տարուան, բայց մանաւանդ վերջին ամիսներու կարգ մը բացասական իրականութիւնները, որոնք ներհակ են ընդհանուր բարելաւում բերելու յանձնառութեանց ու խոստումներուն. իրականութիւններ, որոնք միայն ցաւով կը դիտուին Հայաստանին ու անոր պատմութեան հաւատարիմ հայորդիներուն կողմէ, կը սպառնան մսխել եւ յումպէտս վատնել 2018-ի ապրիլ-մայիսէն ի վեր ստեղծուած քաղաքական դրամագլուխն ու վստահութեան մթնոլորտը: Եւ անմիջապէս ըսենք, որ կարելի չէ գտնել ոեւէ իրաւ հայ, որ պիտի ցանկար սպառած տեսնել այդ դրամագլուխը, նահանջի մատնուած տեսնել բարեշրջական ուղին…

Անբաղձալի զարգացումներու շարքին են նախկին հակադրութեանց ստացած նոր եւ աւելի՛ շեշտուած ձեւաւորումները, որոնք կը սպառնան ուղղուիլ դէպի յաւելեալ խորացում, երկփեղկումի բազմապատկում: Այս վիճակը դրսեւորում գտաւ «մերինները եւ միւսները», «յեղափոխականներ ու հակայեղափոխականներ», «սեւեր ու սպիտակներ», «փտած կաշառակերներ ու մաքրակրօններ» եւ նմանօրինակ արտայայտութիւններով (արհամարհենք նաեւ հայհոյութեան մշակոյթը, որ խօլ արշաւներու էջերը կ՛ընդարձակէ ոչ պաշտօնական ու կիսապաշտօնական ոլորտներու մէջ): Հայաստանի մէջ ստեղծուեցան ու հետզհետէ տիրական կը դառնան հակադիր խմբաւորումներ, որոնք կը ստանան «նիկոլական-հականիկոլական», «ծառուկեանական-հակածառուկեանական», «քոչարեանական-հակաքոչարեանական», «սերժական-հակասերժական», «լեւոնական-հակալեւոնական», մինչեւ իսկ «արցախական-հակաարցախական» որակումները, եւ ստեղծուած իւրաքանչիւրին տիրապետող ամբոխային տրամաբանութիւնը իրեն հետ կը քաշէ ու կը տանի ժողովուրդի այս կամ այն հոսանքը: Կը խորանան արմատները զիրար չլսելու, զիրար ոտնակոխ ընելու, Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ հազիւ շօշափելի դարձած կամուրջները իրողապէս տկարացնելու եւ Հայաստանի միջազգային վարկը նսեմացնելու միտող թշնամիներուն ակամայ ծառայութիւն մատուցելու «մշակոյթ»-ին` թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ հակադիրներուն կողմէ, եւ այս բոլորը միայն սրտցաւութիւն կրնան պատճառել Հայաստանին ու հայութեան հաւատարիմ բոլոր խելամիտ հայերուն, որոնք արդարօրէն կը մտածեն, որ Հայաստանի մէջ պէտք է վերջ գտնեն բոլոր այնպիսի դրսեւորումներ, բարի նպատակներով ճամբայ ելլող, սակայն խորխորատ տանող ճանապարհներ, յուսալով, որ մեզի` բոլորիս համար իրականութիւն չդառնայ անգլիական այն առածը, որ կ՛ըսէ` «Դժոխքի ճամբան կը կերտուի բարի դիտաւորութիւններով» (The road to hell is paved with good intentions!!!)

***

Իրական գետնի, նաեւ փողոցային մակարդակի վրայ զարգացող դրական ու հակակշռող զարգացումներուն լոյսին տակ իրաւունք ունինք հարց տալու. ի՞նչ կրնար ըլլալ ճակատագիրը Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան, եթէ բացասական տրամադրութիւններ, տարանջատող հոսանքներ ու ազդեցութիւններ դրսեւորուէին հարիւր տարի առաջ… Չենք անտեսեր, որ այդ օրերուն ալ կային հակադրութիւններ, քաղաքական եւ գաղափարական սուր բանավէճեր, կառավարական տագնապներ ու մանաւանդ արտաքին` համայնավարական ազդեցութեան հետեւանք` աղէտալի դէպքեր (անդրանիկ հանրապետութեան վախճանէն ետք Հայաստանն ու սփիւռքը հաւասարապէս կրեցին այդ ազդեցութեանց յոռի հետեւանքները, որոնք առանձնակի ու միայնակ գործօններ չէին, յամենայն դէպս), սակայն եթէ աչքի առջեւ ունենանք Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրին տառն ու թափանցենք անոր ոգիին, դժուար չէ իրարմէ զատորոշել այսօրուան թացն ու չորը, այն փոքր բաժինը, որ պէտք է այրել եւ այն հսկայ անտառը եւ ընդարձակ անդաստանները, որոնք պէտք է ոռոգել, հոգալ ու աճեցնել:

Այսօրուան Հայաստանը մէկ տարեկան չէ, որքան ալ որ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, փորձեն քարոզել այսօրուան վարիչները: Հայաստանի այսօրը արդիւնք է ո՛չ միայն անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն սկսած բազմաճիւղ երթին ու իրագործումներուն, այլ նաեւ` զայն կանխած տասնամեակներուն ու դարերուն: Նոյն տրամաբանութեամբ այլ` 28 մայիսի անկախութեան յաջորդած տասնամեակները, համայնավարութեան իշխանութեան տարիներն ու վերանկախացման յաջորդած տասնամեակներն անգամ քար առ քար նորութիւններ բերին մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին, հոգ չէ թէ արձանագրուեցան նաեւ բացասական գիծեր եւ կիրարկումներ: Բացասական գործօններուն պատանդ մնալն ու ժողովուրդը անոնց պատանդ պահելը բարիք չի խոստանար` ո՛չ իշխանութեան եւ ո՛չ ալ ընդդիմադիրներուն: (Չենք ուզեր կանգ առնել այն «մանրուք»-ին առջեւ, որ տարի մը առաջ յեղափոխական բեմեր բաժնեկցողներ ու ընտրութիւններու ճամբով խորհրդարան մուտք գործող դաշնակիցներ այսօր հրապարակ կու գան թեթեւ կամ ոխերիմ թշնամանքի կեցուածքներով, այս կամ այն դէմքը չէզոքացնելու եւ քաղաքական հրապարակէն դուրս նետելու տրամաբանութեամբ, ալ ո՜ւր մնաց այն վերաբերումը, որ կը ցուցաբերուի արտախորհրդարանական շրջանակներու նկատմամբ, անոնք ըլլան իշխանութեան համակիր կամ անոր սայթաքումները քննադատող):

…1919-ի 28 մայիսին հռչակուած Միացեալ Հայաստանը, արեւմտահայերու ներկայացուցիչներով համալրուած այդ օրուան խորհրդարանը այսօր եւ միշտ անշեղ կողմնացոյց են Հայաստանի, Արցախի ու հայ ժողովուրդին: Չի բաւեր հպարտօրէն երգել «Երբ չի մնում ելք ու ճար…» եւ պանծացնել Սարդարապատի ու հանրապետութեան կերտիչները, այլ պէտք է բանիւ եւ գործքով հաւատարիմ մնալ Սարդարապատով կերտուած ու Միացեալ Հայաստանի կտակով պատմութեան անցած հանրապետութեան արժէքներուն: Այսօրուան դրական կամ բացասական զարգացումները կշռադատելու եւ արժեւորելու համար եւրոպական, ամերիկեան, չինական կամ այլ չափանիշներով տարուելէ եւ ներշնչուելէ առաջ պէտք է մեր աչքերը սեւեռենք այն չափանիշներուն եւ արժէքներուն, որոնք մեզի կտակ ու պատգամ թողուած են մե՛ր բազուկներով կերտուած հանրապետութեան օրերէն, անոր քաղաքական ու զինուորական մշակներէն, ֆետայիներէն ու մտաւորականներէն: Այս հաստատումը ընելով` չեն ուզեր տարուիլ անցեալապաշտութեան պատրանքներով ու մենք մեզ անցեալին մէջ բանտարկուած պահելու տրամաբանութեամբ, այլ պէտք է տեսնենք, որ անցեալը, 28 մայիսի Հայաստանը, զայն կանխող ու անոր յաջորդած ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ պատմութիւնը չեն դարձներ «կեղծ կատեկորիա»-ի, այլ մեր դիմաց կ՛ուրուագծեն սեփական բազուկով գոյառած իւրայատուկ ուղեցոյց, կողմնացոյց, որոնցմէ շեղում` պիտի նշանակէ արհամարհել անկորնչելին ու անժամանցելին, ինքզինք մատնել արտաքին այս կամ այն ուժին կամքին խաղալիքը դառնալու ճակատագիրին:

Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը դիմացան ու վերապրեցան սուլթանական ու ցարական մողոքներէն ետք, յաջողեցան շրջանցել համայնավարութեան միահեծան ու միատեսակ մտածելակերպի պարտադրանքները, մերժեցին ու կը մերժեն այդ օրերու միակուսակցականութիւնը, որուն կարգ մը գիծերը այսօր կը վերադրսեւորուին այլափոխոուող ժողովրդավարութեան մը շղարշին տակ, եւ այդ` ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ` իրենց զիրենք ամէնէն ժողովրդավար ու բազմակուսակցական դաւանող երկիրներու մէջ անգամ:

Ո՛չ մէկ կասկած, որ հայութիւնն ու Հայաստանը շուտով լայնօրէն պիտի բանան իրենց աչքերը եւ տարի մը առաջ սկսած բարեշրջական երթը պիտի պահեն իր ճիշդ ընթացքին մէջ, պիտի վերականգնեն միասնութեան ու գործակցութեան, ազնի՛ւ մրցակցութեան այն ուղին, որ մեզ պիտի դնէ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի գերագոյն նպատակին իրականացման ճամբուն մէջ:

22 Մայիս 2019