ՆՆջէ Խաղաղութեամբ Անկրկնելի Մարդ Հայ Բժիշկ…

Հայաստան, Սփիւռք

Քիչ է թիւը այն անհատականութիւններուն, որոնց մէջ միաձուլուած են ազնուական մարդու, նուիրուած հայու, եւ հմուտ բժիշկի կերպարները, այն քիչերէն մէկն էր «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնի բժիշկ, վնասուածքաբան Կարապետ (Կարօ) Միրապեանը։ Սուրիոյ Գամիշլի աւանի մէջ ծնած այն հայը, որ Հայաստանի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալէն ետքխ մնաց Հայրենիքի մէջ։

Սարսափելի է Կարօ Միրապեանի մասին խօսիլ անցեալով, դժուար է թուարկել անոր մարդկային բարձր արժանիքները, ինքնաբուխ աջակցութիւնն ու նուիրումը նիւթական ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներուն, սուրիահայերուն… աջակցութիւններ, զորս կատարած է զուսպ ու լուռ, առանց բարձրաձայնելու, սակայն փոխարէնը այդ մասին կը վկայեն իր հիւանդները։

Կարոյի մէջ բարձր էր նաեւ երախտագիտութեան զգացումը, բազում անգամ ընտանիքով հանդերձ անոր աջակցութեան կարիքը ունեցած ենք, ան կտրականապէս կը մերժէր դրամի մասին խօսիլ, մեր բոլոր բուժումները Մարդ բժիշկի քով անվճար էին այդ հարցը քննարկման անքամ ենթակայ չէր, որովհետեւ հայրս իր եւ իր մօր ուսուցիչը եղած էր, որովհետեւ նոյն ծննդավայրի զաւակն ենք, ծննդավայր, որ իր դրոշմը ձգած էր նուիրեալ հայու նկարագրին մէջ։ Ինչքան երախտապարտ ենք անոր, որ հակառակ իր բազմազբաղութեան ու գերյոգնածութեան, միշտ սիրով, յարգանքով ու մեծ հոգատարութեամբ կ’ընդունէր մեզ։ Հպարտութեամբ մուտք կը գործէի «Աստղիկ» բժշկական կեդրոն, որովհետեւ այնտեղ զիս կը դիմաւորէր ամենասիրուած, հմուտ ու բարձր հեղինակութիւն ունեցող բժիշկը։ Անբացատրելի ուժ ու տոկունութիւն ունէր իր աշխատանքը նուիրումով կատարող բժիշկը, պատահած է, որ 21 օր շարունակ հերթապահէ առանց հանգիստի:

Կարապետ Միրապեանը 18 տարեկանէն ապրեցաւ Հայաստանի մէջ (մօտ 30 տարի), դարձաւ լիիրաւ քաղաքացի՝ առանց մոռնալու իր ծննդավայրը, ան յատուկ մօտեցում ունէր իւրաքանչիւր Գամիշլիցիի հանդէպ, հակառակ իր հասած բարձրունքներուն, երբեք չմեծամտացաւ, մնաց նոյն ազնիւն ու համեստը, անմիջականն ու նուիրուածը, զուսպ հայրենասէրը, «Հայրենիքը այն տարածքն է, ուր ամուր կը կանգնիս ոտքերուդ վրայ, ուր շուրջբոլորդ հայերէն կը խօսին, ուր ամէն օր լոյսը կը բացուի Արարատով, ուր քու զաւակներուդ ապագան է», հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ Հայրենիքը այդպէս բնութագրած էր բժիշկը, որ իր հայրենասիրութիւնը կ’ապացուցէր իր գործի յաջողութեամբ ու նուիրումով:

Հայրենիքը Ըստ Կարապետի իրեն տուած էր «ամէն ինչ՝ աշխատանք, լաւ ընկերներ, գործընկերներ, ապահովութիւն..», իսկ Գամիշլին իր անցեալն էր, որմէ երբեք չէր հրաժարէր…

Ննջէ խաղաղութեամբ անկրկնելի՝ մարդ, հայ, բժիշկ, քեզի ծանօթ իւրաքանչիւր մարդ յաւերժ երախտապարտ պիտի մնայ քեզի…

ԵՌԱԳՈՅՆ