Հապա՞ Մէկ Ու Կէս Միլիոն Նահատակներու Ժառանգորդներս…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մ.

Գերմանական պատկերասփիւռի լրատուութենէն «պզտիկ լուր» մը՝ Երկուշաբթի, 13 Մայիսին.
Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ կայ չինական փոքր գաղութ մը, որ գոյութիւն առած է մօտաւորապէս դար մը առաջ, հիմնականին մէջ նաւահանգիստի աշխատաւորներու ալիքի մը իբրեւ արդիւնք։ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, բազմաթիւ այլ փոքրամասնութեանց պէս, չինացիներն ալ հալածանքի ու սպանութեան ենթարկուած են (հրեաներու ողջակիզումը, գիտենք, միշտ ալ գերիվեր ոճիր ներկայացուած է եւ ընդունուած, լուսանցքայնացուած են լեհերու եւ այլոց դէմ հալածանքները)։ 1944-ի Մայիսին, Կեսթափոն հաւաքական հալածանքի ձեռնարկած է չինացիներուն դէմ, ձերբակալած է 129 հոգի, որոնցմէ 17-ը սպաննուած են, մնացեալները վերապրած, երկար ատեն իրենց դէմ գործուած իրաւազրկումին դէմ հատուցում պահանջած են եւ… ոչինչ ստացած։ Այս տարի, վերապրողներուն ժառանգորդները բողոքի ձայն կը բարձրացնեն եւ կը յայտարարեն, որ նման դէպք «պէտք չէ կրկնուի»։ Անոնց այս շարժումին ետին կայ մտավախութիւն մը. Գերմանիոյ մէջ ծայրայեղական աջերը՝ ազգայնամոլները գլուխ բարձրացուցած են եւ նոր-նացիական հովեր կը տարածեն երկրին մէջ…
Ի՜նչ զուգադիպութիւն՝ թիւի. պաղեստինեան աղբիւրներ կը յայտնեն, որ իրենց հողերը խլող՝ իսրայէլեան պետութեան դէմ պաղեստինեան բողոքի ալիքները, որոնք աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր շաբաթական հերթականութեամբ կը բարձրանան Կազայի սահմանային գօտիներու մէջ, խլած են 17 զոհ, իսկ 1.400 ցուցարարներ վիրաւորուած են։ Պաղեստինցիք 1976-էն ի վեր յաճախ բողոքի ձայն բարձրացուցած են ու ուժական պայքարի ընտրանքին դիմած, որովհետեւ իրենց հայրենիքի հողերուն վրայ իսրայէլեան պետութեան կանգնումէն ու իրենց զանգուածային արտաքսումէն տարիներ ետք, 1976-ին, Իսրայէլ կիրարկման դրաւ հողերու կցման քաղաքականութիւն մը, կը շարունակէ քայլ առ քայլ գրաւել պաղեստինցիներու պատկանող հողաշերտեր, կը հեռացնէ անոնց բնակիչները, կը քայքայէ պաղստինցիներուն տնտեսութիւնը եւ… կը վարձատրուի Միացեալ Նահանգներու եւ այլոց կողմէ։
***
Չինացիներն ու պաղեստինցիները իրաւացի են իրենց պահանջատիրութեան մէջ եւ կը փորձեն աշխարհին յիշեցնել, որ նման սպանդներ ու բռնարարքներ պէտք է վերջ գտնեն։ Ո՛չ մէկ կասկած, որ սուրիացիք, եմէնցիք եւ նոխազի վերածուած այլ երկիրներու ժողովուրդները լիարժէքօրէն կը ձայնակցին այս կոչին։ Հարցը չի բնութագրուիր թիւերով, թէեւ թիւերը այլապէս խօսուն են։
Տարբեր կրնա՞յ ըլլալ թուրքի եաթաղանին ու հայաջնջման պետական ծրագիրին զոհ գացած մէկ ու կէս միլիոն հայերու կտակին ժառանգորդներուս կեցուածքը։

13 Մայիս 2019