Հայաստանը Ամենահիասքանչ Վայրն է, Որ Կրնաք Այցելել Այս Ամրան. Matador Network

Աշխարհ, Հայաստան

Ամերիկեան Matador Network կայքը, որ մասնագիտացած է զբօսաշրջութեան, մշակոյթի ուղղութեամբ, յօդուած մը նուիրած է Հայաստանին` որպէս լաւագոյն այցելութեան վայր այս ամրան` զայն վերնագրելով «Հայաստանն ամենահիասքանչ վայրն է, որ կրնաք այցելել այս ամրան»:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Ասիան այս ամրան ամենայայտնի ուղղութիւններէն է, իսկ Հայաստանը, որ կը զբաղեցնէ իւրայատուկ մշակութային տարածք, որ ամբողջութեամբ ոչ ասիական է, ոչ եւրոպական, աշխարհի մէջ ամենագեղատեսիլ վայրերէն է, կը փոխանցէ Panorama.am-ը:

«Եթէ կը ցանկաք, որ ձեր յաջորդ արձակուրդը ըլլայ իսկապէս իւրայատուկ, ապա պէտք է այցելէք Հայաստան: Բացի այն փաստը, որ Քարտաշեանները հայ են, ինչ որ երբեք ալ երկրի մեղքը չէ, երկիրը հիմնականօրէն յայտնի չէ: Անկախ անկէ, կ՛այցելէք լեռնային ցնցող կանաչ տարածքներ, կը համտեսէք հին ու համեղ խոհանոցը կամ կը ծանօթանք հարուստ պատմութեան, չէք զղջար` Հայաստանը դարձնելով ձեր առաջին կանգառը Հարաւային Կովկասի մէջ»,-կ՛ըսուի յօդուածին մէջ ու կը ներկայացուի Հայաստանի հին պատմութիւնն ու գեղեցիկ աւանդոյթները:

Երկիր, որ առաջինը ընդունած է քրիստոնէութիւնը, ուր կը գտնուի առաջին քրիստոնէական եկեղեցին. Էջմիածնի Մայր Տաճարը, որ կառուցուած է 301-303 թուականներուն, մինչեւ այսօր հայերու կրօնական կեդրոնն է: Կը նշուի Գեղարդի վանական համալիրի, Տաթեւի վանքի մասին, հայկական յայտնի գորգերու մասին:

Արարատ լեռը, որ, տեխնիկականօրէն կը գտնուի Թուրքիոյ տարածքին, հսկայական նշանակութիւն ունի հայերուն համար` որպէս հայրենիքի խորհրդանիշ:

Հայաստանը ունի նաեւ լաւագոյն խոհանոցը աշխարհի մէջ` լաւաշ, քուֆթա, խորաված, պաստուրմա, գաթայ, ծիրան: Իսկ ամենակարեւոր հարցը, արդեօ՞ք կարելի է ծորակէն ջուր խմել, ապա պատասխանն է` այո: Ջուրը ոչ միայն անվտանգ է, այլ աշխարհի մէջ ամենամաքուրներէն է: