Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ոլորապտոյտին Մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սեդօ Պոյաճեան

Հայ Դատի ըմբռնումը միայն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումով չի սահմանափակուիր: Հայ Դատը ունի իր ամբողջական սահմանումը, որու հիմնական նպատակը կը հանդիսանայ հայութեան մարդկային, հողային, քաղաքական, տնտեսական եւ իրաւական իրաւունքներու ամբողջական հատուցումը: Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը հիմնուած է իրաւազրկուած Հայութեան ամբողջական հատուցման ըմբռնումին վրայ:

Քաղաքական եւ իրաւական աշխարհի մէջ պահանջը կամ դատական բողոքը կ՚ընկալուի ու կը վճռուի իր ներկայացուած բաղադրութեամբ եւ բովանդակութեամբ: Երբ մեր պահանջը միայն ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ կը կայանայ, այդ պարագային մեր պահանջին ընկալումն ու վճռումը պիտի սահմանուի միայն ճանաչման նպատակով: Առ այդ, Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ընդունման պարագային, հատուցման պահանջի մեր իրաւունքը անպաշտպանելի կացութեան պիտի մատնուի: Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ շահագրգիռ պետութիւններ պիտի մերժեն հատուցման հետագայ պահանջները այն հիմնաւորումով որ հատուցման հարցը մաս չէր կազմեր արդէն իսկ վճռուած եւ ընդունուած ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջին:

Պէտք չէ միամիտ ձեւանանք: Ոչ միայն Թուրքիան, նաեւ մեզի բարեկամ ներկայացող բազմաթիւ այլ պետութիւններ կը նախընտրեն ցեղասպանութեան ճանաչման սահմանափակումով բնորոշել Հայ Դատի նպատակային ենթահողը: Ի վերջոյ, առանց հատուցման հեռանկարներու, ոճրային արարքի մը ընդունումը աւելի անվնաս եւ ձեռնտու է: Ինչպէս Ամերիկեան իմաստուն խօսքը կ՛ուսուցանէ, գաւազաններ եւ քարեր կրնան փշրել ոսկորները, սակայն միայն խօսքեր ոչ մէկ վնաս կը պատճառեն: Ուստի, անհետեւանք ցեղասպանութեան ճանաչումը քաղաքական անատամ առաջադրութիւն մըն է որ կրնայ ընդունելի ըլլալ Թուրքիոյ ու մնացեալ պետութիւններուն եւ, աւելի կանուխ քան ուշ, իրականութիւն դառնալ: Նման պարագայի մը մենք կը դրուինք քաղաքական թէ իրաւական կատարուած իրողութեան մը առջեւ, ուր պիտի ստիպուինք նորովի ճանապարհ հարթելու մեր պահանջատիրական իսկական նպատակին՝ մեր իրաւունքներու ամբողջական հատուցման համար:

Չորս տարի առաջ, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը հիմնաւորող Համահայկական Հռչակագիրը, ի միջի այլոց, հատուցման հասնելու ճանապարհաքարտէսը գծեց հետեւեալ բանաձեւումով.-

«Արժեւորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմից Անտանտի պետութիւնների Մայիսի 24ի համատեղ հռչակագրով հայ ժողովրդի դէմ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ որպէս «Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն» որակումը եւ օսմանեան իշխանութիւններին պատասխանատուութեան կանչելու հանգամանքի շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ 1920 թուականի Օգոստոսի 10ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի եւ 1920 թուականի Նոյեմբերի 22ի՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների Նախագահ Վուդրօ Վիլսոնի Իրաւարար վճռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման հարցում. … 2. Վերահաստատում է Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի յանձնառութիւնը՝ շարունակելու միջազգային պայքարը ցեղասպանութիւնների կանխարգելման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդների իրաւունքների վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման համար:»

Վերջին չորս տարիներուն, այս ճանապարհաքարտէսին հետեւելու գծով հայրենի պետութիւնը եւ Սփիւռքեան կառոյցները ո՚չ նախապատրաստութիւններ կատարեցին եւ ո՛չ ալ գործնական քայլերու դիմեցին։

Եւ այսօր ե՚նք ուր որ էինք։ Մնացած ենք ու կը մնանք Ցեղասպանութեան ճանաչման ոլորապտոյտին մէջ՝ բաւարարուած խանդավառութեան եւ ինքնազոհութեան պարծանքով։

Լոս Անճելըս,
Ապրիլ 15, 2019