Հայ Դատի Ամառնային Վարժողական Ծրագիրի Դիմումներու Ժամկէտը՝ 17 Մայիս

Սփիւռք

Նախկին վարժողական ծրագիրներէն մէկուն մասնակցած Շանթը՝ «Էյ.Պի.Սի.» կայանին մէջ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է ընդունելու այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցելու դիմումները:

Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ Մայիս 17, այցելելով ancawr.org/internship կայքէջը:

11 շաբաթեայ ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցողները մօտէն պիտի ծանօթանան գաղութի գործունէութեան ու զայն կազմակերպելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցին աշխատանիստերու, դասախօսութեանց եւ շարք մը այլ գործնական աշխատանքներու:

Ծրագիրը ընթացք պիտի առնէ Յունիս 17-ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 23: Մասնակցողները պէտք է առնուազն երկրորդական վարժարանէ շրջանաւարտներ ըլլան եւ շաբաթական 30 ժամ տրամադրեն ծրագիրին:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել info@ancawr.org հասցէին կամ (818) 500-1918 թիւին:

Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրները կը գործեն 2006-էն ի վեր: