Ատրպէյճանի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութիւնը Պէտք Է Իր Բանակը Խաղաղութեան Պատրաստէ. Դաւիթ Տօնոյեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ անդրադարձած է Ատրպէյճանի հնչեցուցած վերջին ռազմատենչ յայտարարութիւններուն:

«Մենք ոչ թէ պատերազմ կ՛ուզենք, այլ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը պէտք է իր բանակը խաղաղութեան պատրաստէ»,- 7 Ապրիլին, «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ, նշած է Դաւիթ Տօնոյեան: