Օծուած է Ստեփանակերտի Աստվածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարը

Հայաստան

Ապրիլ 7ին տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարի օծման եւ բացման պաշտօնական արարողութիւնը, զոր կատարեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը։

 «Արցախի  գողտրիկ երկրամասին մէջ վեր խոյացած հայոց հաւատքի նոր վկայարանի հիմնարկէքը մենք կատարեցինք 2006 թուականին`  հաւատքով, որ Աստուած միշտ մեզի հետ է, եւ ձեռքբերումներ ու յաղթանակներ կը պարգեւէ մեր բոլոր բարի ձգտումներուն․․․այս եկեղեցին Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ շնորհով նոր ղօղանջը պիտի դառնայ մեր հաւատքի ու յաղթական ոգիի, նաեւ  ազդարարողը Արցախի մեր ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքի անօտարելի իրաւունքին, ինչպէս նաեւ մեր քրիստոնեկան հաւատքի ու ազգային ինքնութեան անխորտակելի շաղկապուածութեան»,-  մասնաւորապէս ըսաւ Կաթողիկոսը:

Անոր խօսքով` իրենք Արցախ կը գտնուին վերստին վկայելու, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, պարտադրուած պատերազմներուն, աւերին ու կոտորածին, անհնար է ընկճել հայու հաւատքն ու ոգին, քանզի Աստուած հայուն հետ է:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին Արցախի թեմի հզօրացման եւ Արցախի սրտին մէջ այս եկեղեցւոյ կառուցման նուիրական գործը աւարտին հասցնելու համար:  Ան Պարգեւ սրբազանին նուիրեց եպիսկոպոսական պանակէ (կուրծքի զարդ` ձուաձեւ տուփ, որուն մէջ դրուած կ՛ըլլան սուրբերու մասունքներ), Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի կողմէ նորակառոյց տաճարին` սուրբ  ծննդեան տեսարանով սրբապատկեր․ իսկ Մայր տաճարի  կառուցման առաջին բարերար լուսահոգի Հրանդ Վարդանեանի երկու որդիներուն` Կարէնին եւ Միքայէլին «Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշան:

Արարողութեան ներկայ եղած են Արցախի  նախագահ Բակօ  Սահակեան իր տիկնոջ Անահիտ Սահակեանի հետ, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան, մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, Մայր  տաճարի  հովանաւորներ,  հիւրեր Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, հաւատացեալներ:

Նշենք, որ բազմանկիւն եռայարկ եկեղեցւոյ բարձրութիւնը աւելի քան 40 մեթր է, խաչի բարձրութիւնը` 3 մեթր: Ճարտարապետը Գագիկ Երանոսեաննէ: