Լուսաւորչի Ս. Աջին Օրհնութիւնը Բաշխուեցաւ Անթիլիաս Հաւաքուած Ուխտաւորներու Հոծ Բազմութեան

Սփիւռք

Հայոց աշխարհի հաւատքի հօր եւ երկրորդ Լուսաւորիչին մուտն ի Վիրապի տօնը յատկանշական է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար, որովհետեւ անիկա Անթիլիասի մայրավանքի ուխտի օրն է: Այդ օր Գրիգոր Լուսաւորիչին Ս. Աջը, ինչպէս նաեւ «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած բազմաթիւ սուրբերու մասունքները, որոնք Անթիլիաս հասած են գողգոթայի ճամբէն անցնելով, դուրս կը բերուին եւ կը տրամադրուին ուխտաւորներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Արդարեւ, Կիրակի, 7 Ապրիլ 2019-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի Ս. եւ անմահ պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, իսկ պատարագը մատուցեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանը: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ օրհնաբաշխ Աջով հայրապետական շքեղ թափօր եւ ջրօրհնէք:

Պատարագիչ սրբազանը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աստուածատուր առաքելութեան մասին եւ զայն ներկայացուց ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն ու հայ հաւատացեալին այդ գծով տանելիք գործունէութեան դիտանկիւնէն: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը սուրբին լուսաւորութեան ապահովութիւնը ապրեցաւ իր պատմութեան ամէնէն տաժանակիր ժամանակաշրջաններուն եւ իր հաւատքին շնորհիւ կրցաւ գոյատեւել: Սրբազանը ընդգծեց, որ մեր հայրերուն արիւնով կերտուած հաւատքը պէտք է ամէնօրեայ ներկայութիւն դարձնել մեր կեանքին մէջ եւ կոչ ուղղեց Ուխտի օրուան առիթով վերանորոգելու մեր հաւատքը:

Պատարագի աւարտին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը ձեռին` վեհափառ հայրապետը գլխաւորեց դպրեվանքի աշակերտութեան, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն ու միաբան հայրերու կողմէ կազմուած շքեղ թափօրը: Թափօրը շրջեցաւ մայրավանքի շրջափակին մէջ, եւ խուռներամ ուխտաւորներու բազմութիւնը, տարեց թէ փոքր, այր թէ կին, մօտենալով վեհափառ հայրապետին, ստացաւ Լուսաւորիչի Ս. Աջին օրհնութիւնը եւ վերանորոգեց իրենց ուխտը` մնալու հաւատարիմ լուսաւորչաժառանգ հաւատքին, որուն աղբիւրն է Անթիլիասի մայրավանքը ամբողջ սփիւռքահայութեան համար:

Թափօրի աւարտին, վեհափառ հայրապետը խորան բարձրանալով` Լուսաւորիչի Ս. Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, մինչեւ ուշ գիշեր, Լուսաւորիչի Ս. Աջը, ինչպէս նաեւ այլ աջեր ու մասունքներ, մնացին Ս. խորանին վրայ եւ բազմահազար հայորդիներ գալով` ստացան անոնց օրհնութիւնը եւ ըմպելով Լուսաւորիչի Ս. Աջով օրհնուած ջուրէն` խնդրեցին Ամենակալէն, որ մաքրէ իրենց հոգեւոր ու մարմնաւոր բոլոր ախտերն ու հիւանդութիւնները:

Հսկումի Արարողութիւն` Անթիլիասի Մայրավանքի Ուխտի Օրուան Առիթով

Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, Հսկումի արարողութեան նախագահեց եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց վեհափառ հայրապետը:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին առաքելութիւնը կը ներկայացնէ քրիստոնէական հաւատքը ուսուցանելու կոչուած առաքելութիւն, որ կրօնական իմաստով կը նշանակէ դաստիարակել եւ մարդու կեանքին մէջ արմատացնել քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքները, արժէքներն ու ճշմարտութիւնները: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ մեր երկրորդ լուսաւորիչը` Ս. Գրիգորը, հայ ժողովուրդին կեանքը Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած ուսուցումներով կազմաւորեց եւ նոր ինքնութիւն տուաւ անոր` հաւատքը նկատելով առանցքը հայ ժողովուրդի կեանքին:

Վեհափառ հայրապետը ապա նշեց, որ անկարելի է հաւատքը անջատել մարդու կեանքէն ու գործունէութենէն. առ այդ, ան դիտել տուաւ, որ հին դարերուն հայ գրականութիւնը հարուստ եղած է հոգեւոր գրականութեամբ: Արդարեւ, վեհափառ հայրապետը առանձնացուց Համաստեղի «Աղօթարան» գործը` հատուած մը ընթերցելով անկէ:

Աւարտին ան ըսաւ, որ հաւատքն է մեզի ինքնութիւն, մեր գոյութեան իմաստ եւ մեր մտածումներուն թռիչք տուողը. «Հաւատքը մեր կեանքի ճամբաները կը լուսաւորէ ու նպատակ եւ ուղղութիւն կու տայ անոր` զայն բարիով ու բարիքներով լեցնելով: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հաւատքի գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը խաւարէն դէպի լոյս առաջնորդեց: Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը վկայ, թէ հաւատքը ի՜նչ հրաշքներ գործած է մեր ժողովուրդի  կեանքին մէջ: Հետեւաբար, սիրելի՛ հաւատացեալներ, եկէ՛ք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի այս ուխտի օրուան առիթով, վերանորոգենք մեր ուխտը` մեր հաւատքը ամրացնելու մեր կեանքին մէջ», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը: