Վայ Այն Ժողովուդին, Որ Հերոսներ Չունի

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յովիկ Մահսէրէճեան

 

Այս շաբաթ կը լրանայ երրորդ տարելիցը Արցախի Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմին։ Պատերազմ մը, որ մէկ օղակն էր այն շղթային, որ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր ի գործ կը դրուի յանուն փանթուրանիզմի իրականացման, պատերազմ մը, որ Օսմանեան կայսրութիւնը, հակառակ իր հզօր բանակին եւ միջոցներուն, չկարողացաւ իրականացնել, շնորհիւ Արաբօներու, Գէորգ Չաւուշներու, Հրայր Դժոխքներու, Սերոբ Աղբիւրներու, Անդրանիկներու, Գարեգին Նժդեհներու եւ հազարաւոր այլ անուանի կամ անանուն հերոսներու, որոնք յանուն հայրենիքի եւ յանուն ազատութեան, զոհեցին իրենց ամենաթանկագինը՝ իրենց կեանքը, Հայրենիքի Բագինին, ի խնդիր անոր պաշտպանութեան, քաջ գիտնալով, որ «Մահ Իմացեալ Անմահութիւն է»։

0405hovikmashserejianԱյսօր, «երկու պետութիւն մէկ ժողովուրդ» նշանաբանով հանդէս կու գան մեր երկու դրացի պետութիւնները՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, եւ ձեռք-ձեռքի տուած, կը փորձեն իրականացնել իրենց նախորդներուն երազը։ Վկայ՝ Պաքուի քաղաքականութիւնը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, հակառակ Արցախի ժողովուրդի կամքին, փորձելով պահել զայն իր իշխանութեան ներքեւ, եւ հետագային ի գործ դնել ամէն բռնի միջոց՝ իրականացնելու այդ նպատակը։ Պաքուի եւ Անգարայի քաղաքականութիւնը շատ յստակ է բոլորիս, մանաւանդ հայութեան, որ ականատես եղաւ անոր մէկ երեսին, երբ յաջողեցաւ հայաթափ ընել Նախիջեւանը եւ ջնջել ամէն փաստ, որ հայութեան եւ հայ ժողովուրդին հետ կապ ունէր։

Պաքուի իշխանութիւնները նոյնը փորձեցին ընել նաեւ Արցախի տարածքին, երբ երբեմնի հայկական մշակութային օճախ Շուշին այրեցին, թալանեցին եւ այնտեղէն տեղահան ըրին հայ բնակչութիւնը, փորձեցին նոյնը ընել ամբողջ Արցախի տարածքին, սակայն չկարողացան հասնիլ իրենց նպատակին, շնորհիւ Արցախի ժողովուրդի աննկուն կամքին, Արցախի լեռներու ժայրերու նմանող  նկարագրին եւ հաւատքին։

1988էն ի վեր շարունակուող Արցախեան ազատագրական պայքարը կը շարունակուի մինչեւ այսօր եւ պիտի շարունակուի նաեւ վաղը մինչեւ որ մեր հարեւան պետութիւնները հասկնան, թէ հայ ժողովուրդը այդ լեռնաշխարհի բնիկ ժողովուրդն է, թէ հայ ժողովուրդը իր գոյութիւնը պահեց եւ պիտի պահէ այդ լեռնաշխարհին վրայ, եւ թոյլ պիտի չտայ որ իր պապենական սուրբ հողը օտարանայ եւ հայաթափ ըլլայ։

Այս իրականութեան ամէնէն խօսուն օրինակն է 2016ի Ապրիլեան պատերազմը, երբ մեր թշնամին շղթայազերծեց յանկարծակի եւ լայնածաւալ յարձակում մը, Արցախեան սահմանի ամբողջ երկայնքին:

Պաքուի երազները 180 աստիճան շրջեցան, երբ իրենց դիմաց գտան իրենց քանակէն նուազ թիւով հայորդիներ, որոնք զինուած անսահման սիրով իրենց հայրենիքին եւ ժողովուրդին հանդէպ, իրենց սահմանափակ միջոցներով ինչպէս, պատմութեան ընթացքին, նոյնպէս այդ ժամանակ կարելին անկարելի դարձուցին ոչ միայն կասեցնելու այդ յարձակումը, այլ նաեւ անցնելու հակայարձակումի։

Զինուորներու եւ սպաներու սխրագործութիւններէն օրինակներ շատ կան, բայց հոս պիտի չկեդրոնանանք անոնց վրայ։ Մեզի համար մէկ բան յստակ է, որ իւրաքանչիւր զինուորական որ այդ ժամանակաշրջանին իր կեանքը զոհեց, մեզի համար հերոս մըն է։

Յարգանք անոնց յիշատակին եւ խիզախութեան, յարգանք եւ պատիւ այդ հերոսները ծնող մայրերուն, փառք ու պատիւ Հայ Ազգին որ այսպէս մայրեր կը ծնի։

Կիրակի, 7 Ապրիլ 2019ի կէսօրէն ետք ժամը 2ին, Հոլիվուտ Հիլզ Ֆորեսթ Լոնի մէջ Ապրիլեան Պատերազմի նահատակներուն նուիրուած յատուկ յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ: Մեր ներկայութեամբ յարգենք անոնց յիշատակը եւ միեւնոյն ատեն զօրավիգ կանգնինք բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն անոնց պարտականութիւնը։