Պունտեսթակը Վաւերացուց ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագիրը

Աշխարհ, Հայաստան

Գերմանիոյ Պունտեսթակը Ապրիլ 4-ի երեկոյեան վաւերացուց Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիրը: Այդ մասին՝ ըստ Panarmenian-ի՝ կը յայտնէ Պունտեսթակի պաշտօնական կայքը:

Վաւերացման կողմ քուէարկած է խորհրդարանի մեծամասնութիւնը, ձեռնպահ մնացած են միայն AfD եւ die Linke խմբակցութիւնները:

Խօսելով յօգուտ վաւերացման` գերմանացի խորհրդարանականները յատուկ շեշտած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ ատոր արդիւնքով տեղի ունեցած ժողովրդավարական ընտրութիւնները:

Ապրիլ 3-ին համաձայնագիրին հաւանութիւն տուած էր Գերմանիայի Դաշնային խորհրդարանի արտաքին գործերու կոմիտէն` խորհուրդ տալով խորհրդարանին վաւերացնել զայն առանց փոփոխութեան:

Համաձայնագիրը արդէն վաւերացուցած են Պուլկարիան, Դանիան, Էսթոնիան, Մեծ Բրիտանիան, Լիթվան, Լաթվիան, Լիւքսեմպուրկը, Մալթան եւ Լեհաստանը: