ԱԺ Յանձնաժողովը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ Մարտ 1-ի Իրադարձութիւններուն Ժամանակ Տուժած Քաղաքացիներուն Աջակցութիւն Տրամադրելու Նախագիծին

Հայաստան

ՀՀ ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ 2008 Մարտ 1-2 Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետեւանքով տուժածներուն աջակցութիւն տրամադրելու մասին օրէնքի նախագիծին, որ հեղինակած են ԱԺ փոխնախագահներ Ալեն Սիմոնեանն ու Լենա Նազարեանը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ նախագիծը ստացաւ յանձնաժողովի դրական եզրակացութիւնը եւ ընդգրկուեցաւ ԱԺ լիագումար նիստերու օրակարգին մէջ:

Նախագիծը յանձնաժողովի անդամներու քննարկման ներկայացուց ԱԺ փոխնախագահ Լենա Նազարեան:

Մինչ նախագիծին դրական եզրակացութիւն տալու քուէարկութիւնը՝ ելոյթ ունեցաւ Յարակից զեկուցող Սիսակ Գաբրիէլեան: Ան մանրամասնեց, որ օրէնքով կը կարգաւորուին 2008 Փետրուար 19-ին նախագահի ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ բողոքի ցոյցերը ցրելու գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք 2008 Մարտ 1-2 Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն տուժածներուն աջակցութեան տրամադրման հետ կապուած յարաբերութիւնները:

Աջակցութիւն ստանալու իրաւունք ունի նշուած իրադարձութիւններուն ժամանակ ստացած վնասուածքին պատճառով զոհուած անձի՝ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով նախատեսուած կարգով իրաւայաջորդի կարգավիճակ ունեցող անձը, նաեւ այն անձը, որուն առողջութեան՝ այդ գործողութիւններուն ժամանակ՝ պատճառուած է ծանր կամ միջին ծանրութեան վնաս: