Մեսրոպեան Տառերով Ֆեմինիզմ՝ Ազգային եւ (Տղա)մարդկային Յանձնառութիւն Մը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ծ.Խ.- Տեսակէտերու փոխանակման, բազմակողմանի քննարկման եւ կարծիքներու բիւրեղացման համար կը հրատարակենք մեր աշխատակիցին ստորեւ ներկայացուած յօդուածը, որուն մէջ տեղ գտած կարգ մը ընդհանրացումներն ու եզրայանգումները անպայմանօրէն չեն ներկայացներ խմբագրութեան տեսակէտը։

Խ. Տէր Ղուկասեան

(Նկարը՝ խմբապետուհի Ռըպէ. գործ՝ Սիլվա Խաչերեանի)

Եօթանասուն տարի առաջ, 1949-ին, լոյս տեսած Սիմոնը Տը Պովուարի Երկրորդ սեռը (Le deuxième sexe), որ, ինչպէս արժանթինցի մտաւորական եւ կենտերային հարցերու պաշտպան ու մասնագէտ Տիանա Մաֆֆիա դիտել կու տայ Փերֆիլ թերթի 11 Մարտի թիւով լոյս տեսած իր սիւնակին մէջ, անկիւնադարձ մը եղաւ ֆեմինիստական շարժման պատմութեան մէջ: Մինչ այդ, կը բացատրէ Մաֆֆիա, ֆեմինիստական ծննդաբանութիւնը (genealogy) կը յատկանշուէր համամարդկային պատմութեան մէջ կնոջ դերակատարութիւնը տեսանելի դարձնելու եւ արժեւորելու ճիգով: Սարթրեան գոյութենականութեան յստակ հետեւումով գրուած այս մանրակրկիտ ուսումնասիրութեամբ, բազմաթիւ յղումներով եւ փաստական տուեալներով հարուստ փիլիսոփայական այս աշխատասիրութիւնը լուսարձակի տակ կ’առնէ կնոջ պատմական կացութեան ենթարկուածութիւնը հայրապետական կարգավիճակի մը, որ ընդունուած էր որպէս «բնական»: Ժխտելով ամէն ձեւի ճակատագրապաշտութիւն (déterminisme) մարդկային կացութեան մէջ, Տը Պովուար շեշտը կը դնէ ազատութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ եւ կիներու ազատագրումը կը սահմանէ որպէս ե՛ւ կնոջական, ե՛ւ տղամարդկային յանձնառութիւն: Ան նաեւ կնոջ ենթարկուածութիւնը կը տեղադրէ համամարդկային ազատագրական շարժման ոլորտին մէջ, ուր հարցը ոչ թէ հալածուածներու եւ իշխուածներու հզօրացումն է ի խնդիր իրենց երբեմնի հալածողներէն եւ իրենց վրայ իշխածներէն վրէժ լուծելու, այլ՝ լաւագոյն, աւելի արդար ու հաւասար աշխարհ մը կերտել է:

Երկրորդ Սեռը գրքին անդրադարձը ֆեմինիստական շարժման վրայ եղաւ շատ խորը: Քսաներորդ դարու երկրորդ կէսէն յետոյ ֆեմինիստական շարժումը ոչ միայն հսկայաքայլ առաջընթաց արձանագրեց, այլ ճիւղաւորուեցաւ, բազմազանուեցաւ թէ՛ ակադեմական/գիտական ուսումնասիրութեան եւ թէ՛ ընկերային/քաղաքական պայքարի ոլորտներուն մէջ: Դժուար թէ այսօր ֆեմինիզմէն անդին կենտերային հարցերն ու իրաւունքները զարգանային այնքան, որքան զարգացած են առանց ֆեմինիստական շարժման ձեռքբերումներուն: Այդ բոլորով հանդերձ, դեռ շատ հեռու է սեռերու իրաւունքներու հաւասարութիւնը: Նոյնիսկ եւրոպական Միութեան տարածքին, ուր թերեւս ամենէն աւելի շեշտադրուած է սեռերու իրաւահաւասարութեան ե՛ւ գիտակցութիւնը, ե՛ւ քաղաքականութիւնը ի դէմս ձեռք առնուած եւ գործադրութեան դրուած հանրային միջոցառումներուն, վերջին տեղեկագիրը, 2019 Report on equality between women and men in the EU, կը բացայայտէ այն երկար ճանապարհը, որ դեռեւս անհրաժեշտ է կտրել:

Հարցը միայն թուղթի վրայ գրուած իրաւունքներուն մասին չէ: Ոչ ալ թէկուզ եւ միայն անոնց գործադրութեան: Հարցը՝ հայրապետական տիրապետութեան ամբողջ մշակոյթի մը գերազանցումն է դէպի ռէալ իրաւահաւասարութիւն կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ: Այսպէս, նոյնիսկ երբ 1960-70-ական թուականներուն լայն թափ առաւ կնոջական ազատագրութիւնը, ի մասնաւորի սեռային յարաբերութիւններու մարզին մէջ, տղամարդկային տիրապետութիւնն ու շահագործումը իր ձեւը գտաւ վերապրելու յաջորդ տասնամեակներուն, ինչպէս բացայայտեց ԱՄՆ-ի մէջ 2017 Հոկտեմբերին ծայր առած #MeToo շարժումը: Ճենիֆըր Ֆոքսի 2018-իՊատումը (The Tale) ժապաւէնը Լօրա Տերնի դերակատարութեամբ թերեւս ամենէն աւելի լաւը կը բեմականացնէ կնոջական ազատագրութեան այդ ամենէն պայծառ թուացած ժամանակաշրջանի տղամարդոց շարունակուող շահագործումի մութ երեսը: Այդ շարժումը, ի դէպ, ըստ կարգ մը մտածողներու բացայայտեց ֆեմինիստական շարժման «երկրորդ ալիք» մը, ընդ որում նոյնիսկ փոխյարաբերութիւններու անձնական ոլորտը ունի քաղաքական չափանիշ, երբ տղամարդու տիրակալութիւնը կնոջ վրայ կը շարունակուի՝ կնոջական կացութեան շահագործման ամենատարբեր ձեւերով, ինչպէս կը գրէ քաղաքական փիլիսոփայութեան մէջ մասնագիտացած Գարլա Եումաթլէ արժանթինեան Լա Նասիոն օրաթերթի Փետրուար 28-ի համարով լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ:

Սեռերու իրաւահաւասարութեան դեռ երկար պայքարի ամենէն դաժան երեսը համաշխարհային մասշտապով շարունակուող բռնարարքներն են կիներու նկատմամբ, ի մասնաւորի՝ կիներու սպանութիւնը պարզապէս որովհետեւ կին են: Այդ զզուելի երեւոյթին համար մինչեւ իսկ հնարուած է իրաւական յղացք մը՝ կնասպանութիւն (femicide): Անցեալ տարի եւրոպական Միութիւնը 500 միլիոն եւրօ տրամադրեց ՄԱԿ-ի միջոցաւ համաշխարհային մասշտապով պայքարելու համար կնոջ հանդէպ բռնութիւններուն դէմ: Spotlight անունով այդ ծրագիրը Խաղաղականի տարածաշրջանին մէջ ուղղուած է ընտանեկան բռնութիւններու, Ափրիկէի մէջ՝ երեխաներու ամուսնութեան եւ իգական սեռային օրկանի վիրահատման եւ Լատին Ամերիկայի հինգ երկիրներու մէջ (Արժանթին, Էլ Սալվատոր, Կուաթեմալա, Հոնտուրաս եւ Մեքսիքօ) կնասպանութեան երեւոյթներուն դէմ: Յատկանշական է որ ոչ Միջին Արեւելքը, ոչ ալ Խորհրդային նախկին տարածաշրջանը ընդգրկուած են նախաձեռնութեան մէջ: Ծիծաղելի է անշուշտ պատճառաբանել, որ այդ տարածաշրջաններուն մէջ կիներու դէմ բռնութեան երեւոյթ չկայ: Պատճառը շատ հաւանաբար այդ տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է, ինչ որ, իր կարգին, կիներու դէմ բռնութեան առկայութեան ժխտումի պարզ եւ մէկին դրսեւորում է: Նման ժխտում ա՛լ աւելի ողբերգական կը դարձնէ իրավիճակը եւ, հետեւաբար, կնոջական իրաւունքներու համար պայքարի անհրաժեշտութիւնը, ֆեմինիստական շարժման կենսունականութիւնը, ինչպէս նկատելի է, օրինակի համար, Թունուզի եւ Իրանի մէջ:

Կարեւոր է ընդգծել, որ ֆեմինիստական շարժումը ոչ թէ իշխանութեան համար պայքար է, այլ՝ իրաւունքներու հաւասարութեան: Իշխանութեան հասած հզօր կիներ չեն պակսած ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Կիներ, որոնք միջազգային քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուած են եւ յաջողութեամբ առաջ տարած ուժական պայքարները: Մերիլին Եալոմ իր 2009-ին հրատարակած Ճատրակի Թագուհիին Ծննդոցը պատմական աշխատասիրութեան մէջ (The Birth of the Chess Queen. A History) կը բացատրէ, թէ ինչպէս եւրոպայի մէջ Միջնադարուն եւ Վերածնունդի ժամանակաշրջանին Արեւելքէն եկած, եւ հետեւաբար՝ կնոջական տիպարէ զուրկ, տիեզերական այդ խաղին մէջ թագուհին հետզհետէ վերածուեցաւ ամենահզօր խաղաքարին: Ըստ հեղինակին, ճատրակի խաղաքարերու նման զարգացման ներշնչման աղբիւր եղած են իրենց ժամանակներուն տիրապետող կնոջական տիպարներ, ի մասնաւորի Սպանիոյ Եղիսաբեթ թագուհին, հանրածանօթ՝ Էլիսապէթ Լա Քաթոլիքան: Կը մնայ, որ թէկուզ եւ խաղին մէջ ամենահզօրը ըլլալով թագուհին չէ, որ կը պայմանաւորէ խաղի աւարտը, այլ՝ թագաւորին անկումը: Այսինքն՝ հայրապետական համակարգի մշակոյթին մէջ կինը որքան ալ որ հզօրանայ, միշտ ենթակայ կը մնայ տղամարդուն, որուն վերապրումին, փառքին եւ յաղթանակին համար պիտի պայքարի եւ հարկ եղած պարագային՝ զոհուի…

Այս տողերը չեն նպատակադրեր ճատրակի մշակոյթը, աւանդութիւնն ու գեղագիտութիւնը պախառակել: Փաստօրէն, ճատրակի մէջ թագուհիին գրաւած դիրքն ու վիճակուած դերը կ’արտայայտեն համամարդկային-հասարակական մշակոյթի մը իրողութիւնը, եւ ոչ թէ անոր ծնունդ տուող ազդակներէն են: Օրինակին մէջբերումի միտք ի բանին ջրել է այն թիւրիմացութիւնը, որ իշխանութեան հասած հզօր կիներ անպայմանօրէն ցուցանիշ են կիներու կացութեան բարելաւման: Մինչ քաղաքական մշակոյթ մը փոխելու համար հզօրանալն ու իշխանութիւն ունենալը անհրաժեշտ պայմաններ են, ոչ միշտ բաւարար են կնոջական իրաւունքներու առաջընթացին համար: 19-րդ դարուն Բրիտանական Կայսրութեան Վիքթորիա թագուհիէն մինչեւ Մարկարէթ Թաչըր եւ այս օրերուն Պրազիլի Ընտանիքի, Կնոջական Հարցերու եւ Մարդկային Իրաւանց նախարարուհի Տամարէս Ալվէս, տարբեր չափանիշներով պահպանողականութեան ամենացայտուն ներկայացուցիչներ են, որոնց համար հաւասարութեան ազատամտական/յառաջդիմական իտէալը մերժելի եղած է: Տամարէս Ալվէս, օրինակի համար, Պրազիլի ծայրայեղ աջակողմեան Ժաիր Պոլսոնարոյի կողմէ իր պաշտօնին նշանակուելէն անմիջապէս յետոյ, անցեալ Յունուարին յայտարարեց «տղայ երեխաները կապոյտ կը հագուին, աղջիկ երեխաները՝ վարդագոյն», պատկերաւորելու համար այսպէս կոչուած «կենտերային գաղափարախօսութեան» դէմ իր դիրքորոշումը…

Ֆեմինիստական շարժումը իր էութեամբ իրաւունքներու հաւասարութեան շարժում է եւ, առ այդ, ծնած աշխատաւորական պայքարին հետ: Մարտ 8 որպէս Կիներու Միջազգային Օր նշելու փաստը ինքնին կու գայ վկայելու, որ կիներու իրաւահաւասարութեան պահանջը պատմականօրէն համահունչ եղած է դրամատիրական համակարգի մէջ շահագործման դէմ, հարստութեան արդար վերաբաշխումի թեր եւ, մէկ խօսքով, ընկերային արդար համակարգի ստեղծման համամարդկային պայքարին հետ: Ահա թէ ինչո՛ւ յարգելով հանդերձ ամէն ձեւի ու գոյնի ֆեմինիզմ, 21-րդ դարու ֆեմինիզմը պիտի կառուցել «99%»ի տրամաբանութեամբ, ինչպէս խորագրուած է Անճելա Տէյվիսի, Նէնսի Ֆրէյզի, Պարպարա Ռանսպիի, Սինցիա Առուցայի, Քինկա-Եամահթա Թէյլըրի, Լինտա Մարթին Ալքոֆֆի, Ռասմիա Եուսէֆ Օտէյհի, Թիթհի Պհաթթաչարիայի 3 Փետրուար 2017-ին հրատարակած մանիֆեսթը (Feminism of the 99% -F99) մէկ ամիս առաջ ԱՄՆ-ի մէջ Տոնալտ Թրամփի նախագահական երդումին յաջորդած Կիներու Զօրաշարժի մասսայական բողոքի ցոյցին լոյսին տակ: Մանիֆեսթը հիմնականօրէն կոչ կ’ուղղէ Մարտ 8-ը միջազգային մասշտապով կնոջական գործադուլով նշելու եւ հակազդեցութիւն է նէօլիպերալիզմի եւ ծայրայեղ պահպանողական ուժերու համաշխարհային առաջընթացին: Գլարա Սերրա եւ Ալպա Փէզ սպանական Արտաքին քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւններ (Estudios de política exterior) ամսաթերթի Մարտ/Ապրիլ 2019-ի թիւով իրենց ստորագրած յօդուածին մէջ կը բացատրեն, որ այս ֆեմինիզմը նէօլիպերալ եւ ծայրայեղ աջակողմեան ծրագիրներու դէմ կ’առաջարկէ հաւաքական իրաւունքներու եւ անհատի ազատութիւններու զոյգ նպատակներուն համար ֆեմինիստական նոր եւ միջազգային զօրաշարժ մը: 99%-ը այստեղ անշուշտ կը վերաբերի համաշխարհային մասշտապով հարստութեան խիստ անարդար բաժանումի խորհրդանիշ դարձած տոկոսին:

Ալեքսանտր Թոփչեանի վկայութենէն գիտենք, որ Սիմոնը Տը Պովուար եւ Ժան Փոլ Սարթր 1963-ին եղած են Հայաստան եւ հանդիպում ունեցած օրուան մտաւորական եւ քաղաքական ղեկավար դէմքերու հետ կէսօրուան ճաշի մը եւ երեկոյեան ընթրիքի մը ընթացքին: 1998-ին Նուվէլ տ’Արմէնի (Nouvelles d’Arménie) ամսագրին մէջ լոյս տեսած այդ վկայութեան մէջ Թոփչեան կ’ըսէ, թէ այդ տարիներուն խորհրդային Հայաստանի մտաւորական մը Սարթրէն գիտէր միայն այն ինչ Համայնավար Կուսակցութեան քարոզչական մեքենան ուզած էր ծանօթացնել, այսինքն՝ այն ինչ կրնար ծառայել գաղափարախօսական ուղեղալուացումի: Ոչինչ անոր գոյութենականութեան մասին: Նուազ՝ Սիմոնը Տը Պովուարի գործին մասին: Խորհրդային Մարքսիզմ-լենինիզմը, թէկուզ եւ Խրուշչեւեան ապասթալինացման պայմաններուն մէջ, գոյութենականութիւն կամ ֆեմինիզմի նման արտասովոր ու մոլորեցնող մտքեր չէր կրնար մարսել: Ի դէպ, Թոփչեանի նոյն այդ վկայութեան համաձայն 1963-ը այն տարին էր, երբ Խրուշչեւ պատերազմ յայտարարած էր վերացական արուեստին դէմ, միեւնոյն ժամանակ ամբողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին հացի պակաս եղած է: Սարթր ինք անձամբ կը տեսնէ, թէ ինչպէս կէս գիշերէն սկսեալ մարդիկ հացավաճառման խանութներուն առջեւ շարքի կենալու սկսած են իրենց ստուար բաժինը չկորսնցնելու համար: Այս պայմաններուն մէջ թոյլ տար, որ Երկրորդ Սեռը կարդացուէր եւ մարդոց մտքերը «պղտորէր» անշուշտ սպասելի պիտի չըլլար: Մանաւանդ որ կոմունիզմը ինքնին կնոջ եւ տղամարդու անհաւասարութեան հարցը լուծած էր: Այնպէս ինչպէս կը կարծէին, որ լուծուած էր ազգութիւններու հարցը Խորհրդային Միութեան մէջ… Այլ խօսքով՝ ֆեմինիստական շարժում չկար Խորհրդային ժամանակաշրջանին անկախ այն անժխտելի փաստէն, որ կնոջ կացութիւնը անշուշտ որ մեծաքայլ յառաջընթաց կատարած էր եւրասիական ամբողջ տարածքին, ընդ որում նաեւ Հայաստանի մէջ:

Վերլուծել եւ գնահատել հայ կնոջ յառաջընթացը խոհրդային եօթանասունամեայ ժամանակաշրջանին պատմահասարակագիտական դժուար մարտահրաւէր մըն է, որ, ամէն պարագայի, անհրաժեշտ է կատարել: Այնպէս ինչպէս անհրաժեշտ են խորհրդային կարգերու տակ հայկական հասարակութեան զարգացման շատ այլ երեսներու մասին գիտական ուսումնասիրութիւններ եւ անաչառ գնահատականներ: Բայց եթէ հիմնուինք այդ օրերու արուեստին վրայ, յատկապէս շարժանկար եւ գրականութիւն (ի մտի ունենալով, օրինակի համար,Մեր մանկութեան տանկոն աննման ֆիլմի ծանօթ տեսարանը, ուր կինը ամուսնոյն անտարբերութեան կը վերագրէ իրեն նոյնիսկ մէկ ապտակ չհասցնելը…), ապա եւ դժուար չէ եզրակացնել, որ հայրապետական համակարգի յատուկ տղամարդու տիրապետութեան եւ կնոջ ենթարկուածութեան մշակոյթը յամեցած է նոյնիսկ «աշխատաւորներու դրախտ»ին մէջ:

Երկրորդ Սեռը հայերէնի չէ թարգմանուած եւ հանրային քննարկման չէ արժանացած Սփիւռքի մէջ ալ: Մինչեւ 1970-ական թուականներ, սխալ չէ Սփիւռքը որակել որպէս էապէս պահպանողական: Էապէս՝ որովհետեւ հայապահպանումը եղած է նպատակ եւ գոյութենական իմաստ, ինչ որ կատարելապէս հասկնալի էր ինքզինք Ցեղասպանութեան վերապրողներու յաջորդներու պատումով ճանչցող Սփիւռքի մը համար: Ընդ որում ֆեմինիստական առաջին արտայայտութիւններուն շատ հաւանաբար հանդիպինք Ցեղասպանութեան յաջորդած երրորդ սերունդին մօտ եւ Յիսունամեակի յաջորդած Հայ Դատի պայքարի ու յեղափոխականացման ոլորտին մէջ: Դարձեալ՝ չկայ պատմահասարակագիտական ոչ մէկ ուսումնասիութիւն բնութագրելու համար ֆեմինիստական կայծերը այդ թուականներուն: Կան փաստեր հայ կնոջ աւելի համարձակ ներգրաւումին քաղաքական դաշտին մէջ եւ վկայութիւններ, յատկապէս Դիմատետրեան գրառումներով, որ ներկուսակցական ղեկավարութեան սերնդափոխութիւնը (խօսքը հոս Հ. Յ. Դաշնակցութեան մասին է, հիմնուած Սիւզան Խարտալեանի վկայութեան վրայ) յանգած է նաեւ ղեկավար դասի որոշ տառերու կողմէ ֆեմինիստական գրականութեան ուսումնասիրութիւնը քաջալերելու: Այս բոլորով հանդերձ կարելի չէ ըսել, որ հայկական իրականութեան մէջ ֆեմինիստական շարժում մը կազմակերպական կառոյցով, յստակօրէն սահմանուած նպատակներով ու ռազմավարութեամբ երբեւիցէ գոյութիւն ունեցած է: Ոչ ալ արցախեան ազատամարտով եւ Հայաստանի անկախացմամբ ազգային պատմական գործընթացը մասնաւոր նորութիւն մը բերաւ: Հակառակ Արցախեան հերոսամարտի մէջ կիներու մասնակցութեան եւ դերակատարութեան անժխտելի փաստին, դրամատիրական կարգերն ու, մանաւանդ, օլիկարքիային համակարգի ամրագրումը հայրապետական տիրապետութեան մշակոյթին տուին նոր, եւ թերեւս աւելի դաժան, երես մը: Խօսքը կը վերաբերի, օրինակի համար, ձեռնարկատէր եւ գործի մէջ յաջողութիւն գտած կիներու հրապարակային վարկաբեկման, ընդհուպ մինչեւ ֆիզիքական խոշտանգում, օլիկարքիային դասակարգի ներկայացուցիչներու կողմէ: Աւելի սարսափելին անշուշտ կիներու հանդէպ բռնարարքներու եւ կնասպանութեան արձանագրուած եւ խորհրդանիշ-անուններու վերածուած փաստերն են՝ ընդվզեցուցիչ կրկնակի իմաստով. նախ, անշուշտ, որովհետեւ տեղի ունեցած են, ապա որովհետեւ անոնք ծնունդ չեն տուած ոչ Հայաստանի, ոչ ալ Սփիւռքի մէջ բողոքի լայնամասշտապ զօրաշարժի մը, ինչպէս օրինակի համար Արժանթինի մէջ բառացիօրէն միլիոնաւորներ փողոց ելան որպէս դատապարտումի հակազդեցութիւն կնասպանութեան երեւոյթին: Այս չի նշանակեր, որ երեւոյթը անտարբեր կը ձգէ կամ չկայ արդէն պայքարի մարտահրաւէրը վերցուցած սերունդ մը, որ աշխոյժ է մասնաւորաբար սոցիալական ցանցերուն մէջ: Բայց հայկական ֆեմինիստական ամբողջական շարժում մը իր մտաւորական եւ մարտնչողական բաղկացուցիչ տառերով տակաւին չ’երեւիր դիմագրաւելու համար հսկայական մարտահրաւէրները ե՛ւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կնոջ դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելու եւ, ինչու չէ, Հայոց պատմութիւնը ֆեմինիստական մօտեցումով վերամեկնաբանելու, եւ, մանաւա՛նդ, ձգտելու քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բացարձակ իրաւահաւասարութեան կիներու եւ տղամարդոց միջեւ: Եւ եթէ նկատի ունենանք այդ մարզին մէջ առաջին եւ հազուագիւտ քայլերը, ինչպիսին է Սիւզան Խարտալեանի Տատիկին Դաջուածքները կամ Պարետ Մարոնեանի 1915-ի Կիները վաւերագրական ժապաւէնները կ’անդրադառնանք, թէ պատմական վերատեսութեան ինչ մեծ կարողականութիւն ունի հայկական ֆեմինիստական շարժում մը: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին հայրենի տղամարդոց զոհողութիւնն ու հերոսութիւնը՝ ֆաշիզմի դէմ յաղթանակին մէջ արձանագրուած է եւ կայացած մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ: Բայց ո՞վ պիտի գրէ այդ դաժան տարիներուն հայրենի հողին վրայ տուն ու զաւակ պահած, ազգային վերապրումին մէջ այնքա՛ն կենսական դերակատարութիւն ունեցած կիներու հերոսութեան մասին, ո՞վ յուշակոթող պիտի կառուցէ այդ լուռ եւ խոնարհ հերոսուհիներուն՝ Բաղրամեանի արձանին վայրին չափ տիրական վայրի մը մէջ, ո՞վ Մայր Հայաստանի արձանին մէջ տեսած է դիւցազնական հայ կինը եւ ոչ միայն հայրենիքի գաղափարը…

Մաշտոցեան տառերով ֆեմինիստական համազգային շարժում մը եթէ ընթացք առնէ որպէս հասարակական շարժում, իր միջոցը պէտք է ստեղծէ հայրենի թէ սփիւռքեան պետական, քաղաքական եւ հասարակական ամէն ձեւի ու բնոյթի հաստատութիւններուն մէջ, եւ ոչ թէ ձգտի առանձին կազմակերպութեան մը ստեղծման: Այդ ձեւով միայն կարելի է շրջանցել զուտ իշխանութեան պայքարի նպատակին ծառայող մէկ այլ կազմակերպութեան մը վերածուելու թակարդը: Ֆեմինիստական շարժման նպատակը, չմոռնանք, սեռերու միջեւ իրաւահաւասարութեան հասնիլ է, պայքարը՝ ընկերային արդարութեան օրակարգով կը սահմանուի: Հայրապետական մշակոյթը եւ ազգային պահպանողականութեան այն տարբերակը, առանց ժխտելու կնոջական իրաւունքները, ինչ որ տեղ սեռերու տարբերութեան երեւոյթը եւ անոր «բնականութիւնը» հիմնապատճառ կը նկատէ իրաւունքներու լրիւ հաւասարութեան եթէ ոչ օրէնքով ապա եւ գոնէ գործնականի իմաստով սահմանափակել: Եթէ ֆեմինիստական շարժման նպատակը այդ սահմանափակումներուն լրիւ վերացումն է, ապա եւ հայրապետական մշակույթին դէմ պիտի պայքարի ամէնուրեք: Եւ քանի որ հայրապետական մշակոյթը փաստացի իրողութեան վերածած է տղամարդոց տիրապետական դիրքը հայկական հասարակութեան մէջ, ապա եւ Մեսրոպեան տառերով ֆեմինիզմի առաջացումը նաեւ, եթէ ոչ առաջին հերթին, տղամարդկային յանձնառութիւն մըն է՝ իրենց դիրքերը զիջելու ամէն ձեւի ու բնոյթի կազմակերպութիւններու մէջ եւ, այո՛, համեմատական մօտեցումով կիներուն պարտադրաբար վերապահել ղեկավար դերակատարութեան տեղ:

Անցեալ Յունուարին Արցախի մէջ գումարուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր Ժողովը պատմական նախընթաց մը ստեղծեց համահայկական իրականութեան մէջ: Նախ՝ գիտակցելով որ 128 տարուան կեանք ունեցող յառաջդիմական կազմակերպութեան մը պարագային ոչ մէկ կին Բիւրոյի անդամ ընտրուած ըլլալու փաստացի իրողութիւնը anomalie մըն է, որ խօսուն է կնոջ իրաւունքներու լիահաւասարութեան աւելի ընդարձակ երեւոյթին, Ապա՝ որոշում կայացնելով այդ կացութեան սրբագրումին՝ կուսակցական ղեկավար Մարմիններու եւ ժողովներու մակարդակով կուսակցական ընկերուհիներու մասնակցութեան նուազագոյն համեմատութիւն մը պարտադիր դարձնելով: Հայկական իրականութեան մէջ պատմականօրէն այս նախընթացը ստեղծելով անշուշտ որ կուսակցութիւնը ի՛նք կը կանգնի մեծ մարտահրաւէրի մը ու պատասխանատուութեան մը առջեւ. յաջորդ Ընդհանուր Ժողովը անխուսափելիօրէն պիտի իր արժեւորումը տայ որոշումի գործադրութեան ու յառաջընթացին, ինչ որ, պէտք է ընդունիլ, դիւրին պիտի չըլլայ: Այս չի նշանակեր, սակայն, որ Մաշտոցեան տառերով ֆեմինիզմի առաջացման այս քայլը ներ-կուսակցական գործընթաց մը պէտք է ըլլայ: Ընդհակառա՛կը, Դաշնակցութիւնը իր այս քայլով օրինակ պէտք է տայ եւ քաջալերէ, որ հայկական իրականութեան մէջ այլ կազմակերպութիւններ հետեւին այս քայլին եւ ղեկավար դիրքերու թէ որոշումներու կայացման պատասխանատու մակարդակներով ապահովեն կիներու նուազագոյն համեմատութեամբ մասնակցութիւնը: Առաջարկը չի նպատակադրեր այլ կազմակերպութիւններու ներքին գործերու միջամուխ ըլլալ, այլ՝ հրապարակային կերպով դիրքորոշուիլ ի խնդիր հայկական իրականութեան մէջ Ընդհանուր Ժողովի այս որոշումին տարբերակով որոշումներ կայանան եւ Մաշտոցեան տառերով ֆեմինիզմը ընթացք առնէ համազգային իրականութեան մէջ: Այս տրամաբանութեամբ ալ պիտի հետեւցնել, որ Ընդհանուր Ժողովին որոշումը չէ կոչուած միայն կազմակերպական միջոցառում մը ըլլալու: Մաշտոցեան տառերով ֆեմինիզմը ընկերական զրոյցներու ու հրապարակային քննարկումներու նիւթ պէտք է ըլլայ՝ վերջ տալու համար ազգային մեր իրականութեան մէջ առկայ մէկ այլ Մեծ Լռութեան մը: Այս իմաստով թերեւս պատահական չէ որ Հ.Յ.Դ. 33-րդ Ընդհանուր Ժողովէն ետք Ընդհանուր Ժողովի այս որոշումին առաջին արձագանգողը եղաւ տղամարդ մը՝ Հայկ Քայսերեան. բարացուցական է՝ Մաշտոցեան տառերով ֆեմինիզմի տղամարդկային յանձնառութեան առկայութեան: Կամ թերեւս աւելի ճիշդ է ըսել՝ տղամարդկութեան նոր հասկացութեան մը: