Պաթումիի Ժողովրդական Թատրոնի Անդրանիկ Ներկայացումը Նուիրուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին

Սփիւռք

Ապրիլ 3-ին, Պաթումիի երաժշտական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Վիրահայոց թեմի Պաթումի Ալ. Մանթաշեանց կեդրոնի ժողովրդական թատրոնի «Քէֆ անողի քէֆը չի պակասի» ներկայացման անդրանիկ ներկայացումը: Դահլիճը լեփ-լեցուն էր հանդիսատեսով: Այստեղ էին ոչ միայն պաթումահայեր, այլեւ Չաքուիէն եւ Օզուրկեթիէն ժամանած հայեր:

Ներկայացման պատուաւոր հիւրերն էին Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան, Պաթումիի մէջ  ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Եղիշէ Սարգսեան, Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ հոգեշնորհ Տէր Մաղաքեայ վարդապետ Ամիրեան, Պաթումիի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ, Աճարիոյ, Գուրիոյ եւ Իմերեթիի հայութեան հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեան:

Հայոց լեզուի ուսուցչուհի Սաթենիկ Դանիէլեանի ղեկավարութեամբ եւ կամաւոր անձանց մասնակցութեամբ՝ կեդրոնը Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեայ յոբելեանին նուիրեց Թումանեանի «Քէֆ անողի քէֆը չի պակասի» հեքիաթին բեմադրութիւնը:

Մեծ Լոռեցիի միշտ արդիական ստեղծագործութեան բեմադրութիւնը կ՝ուղեկցուէր ներկաներու բուռն ծափահարութիւններով, մեծ ոգեւորութեան եւ բաւականութեան ջերմ արտայայտութեամբ:

Հաւարտ ներկայացման՝ գնահատանքի խօսքով հանդէս եկան Պաթումիի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Եղիշէ Սարգսեանը, Աճարիոյ հայութեան հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեանը: Բանախօսները շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն, Մանթաշեանց կեդրոնին, պաթումահայ համայնքին, կարեւոր համարեցին թատրոնի դերն ու նշանակութիւնը հասարակութեան ձեւաւորման գործին մէջ, պաթումահայերու միասնութիւնը:

Հանդիսութիւնը ամփոփեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդը: Վազգէն Սրբազանը ներկաներուն փոխանցեց Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հայրական օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքը Աճարիոյ հայութեան, գնահատեց անոնց նուիրումը Հայոց Սուրբ Եկեղեցիին:

Վազգէն սրբազանը անդրադարձ կատարեց Պաթումիի Ալ. Մանթաշեանց կեդրոնի գործունէութեան, որ իր նախակրթարանով, կիրակնօրեայ դպրոցով, ստեղծագործական խմբակներով յիրաւի դարձած է տեղի հայութեան ազգային կեդրոնը: Ան արժեւորեց ժողովրդական թատրոնի ստեղծումը, որ անշուշտ նոր խթան է եկեղեցւոյ շուրջ պաթումահայութեան համախմբման ուղղութեամբ:

Թեմակալ առաջնորդը իր օրհնութիւնը եւ գնահատանքը ուղղեց կեդրոնի ղեկավար Սոնա Յովհաննիսեանին եւ հոգեւոր հովիւ արժ. Տէր Արարատ քհն. Գումբալեանին՝ ճիշդ կազմակերպած գործունէութեան եւ նուիրական ծառայութեան համար: Սրբազան հայրը իր օրհնութիւնը բաշխեց կեդրոնի ուսուցիչներուն եւ նորաստեղծ ժողովրդական թատրոնի կազմին եւ գնահատանքի ու շնորհաւորանքի խօսքեր ուղղեց Սաթենիկ Դանիէլեանին՝ մեծ աշխատանք կատարելու եւ պաթումահայերուն գեղեցիկ ձեռնարկներ նուիրելու համար: Սրբազան հայրը Սաթենիկ Դանիէլեանին փոխանցեց Թեմի Պատուոգիրը:

Տասնամեակներ առաջ Պաթումիի մէջ գործած է Հայկական պետական դրամատիկական թատրոն, որ գեղարուեսկան բարձրարժէք ներկայացումներով Աճարիոյ հայութիւնը մօտ պահած է հայ թատրոնին ու անոր աւանդոյթներուն: Թատրոնի նկատմամբ սէրն էր, որ ընդամէնը մէկուկէս տարի առաջ ուսուցչուհի Դանիէլեանի մտայղացումով եւ  հոգեւոր հովիւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ ժողովրդական այս թատրոնը,  որը մեծ սէր եւ հետաքրքրութիւն կը վայելէ պաթումահայ համայնքէն ներս:

 

armenianchurch.ge

1

2 3

4

5