Վանայ Կատուներուն Թիւը Տարիէ Տարի Կ՛աճի

Այլեւայլ, Էրկիր

Թուրքիոյ մէջ տեղացիներուն ու զբօսաշրջիկներուն մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կայ վանայ կատուներու նկատմամբ:

Տարիէ տարի կ՛աճի վանայ կատուներու թիւը եւ այդ կատուները որակապէս կը փոխուին: Այս մասին՝ ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ յայտնած է «վանայ կատուներու ուսումնասիրութիւններու կեդրոն»-ի տնօրէն Ապտուլլահ Քայան: Կեդրոնը հիմնուած է 1987-ին եւ կը զբաղի այս կատուներոի բուծմամբ:

Այս տեսակի կատուն տարեկան 3 անգամ ձագ կը բերէ:

Քայայի փոխանցմամբ` 2019-ին միայն Մարտ ամոսուն ծնած ձագերու թիւը հաւասար է 3-4 տարի առաջ 1 տարուան մէջ ծնած ձագերու թիւին:

Ուսումնասիրութիւներու կեդրոնի ղեկավարը կը նշէ, որ իրենց նպատակն է, որ Թուրքիոյ մէջ` մասնաւորապէս Վանի, իւրաքանչիւր տան մէջ ըլլայ մէկ վանայ կատու:

Յիշեցնենք, որ վանայ կատուները ընտանի կատուներու ցեղատեսակ են, որոնք կը սերին Վանայ լիճի տարածքէն: Վանայ կատուն բաւական խոշոր է, յայտնի է որպէս լաւ լողորդ: Ան կրնայ հմտօրէն ձուկ որսալ: Ունի սպիտակաթոյր մորթ: Վանայ կատուի աչքերը կրնան ըլլալ երկնագոյն, սաթագոյն կամ այլ գոյնի: