Ազգային Ժողովի Շէնքին Մէջ Հրդեհ Բռնկած Է

Հայաստան

Ապրիլ 4-ին, ժամը 01:38-ին Ազգային Ժողովի շէնքի 1-ին յարկին վրայ հրդեհ բռնկած է ։ Հրդեհը մարելու համար դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ Փրկարարական ծառայութեան հրշէջ-փրկարարներ։

Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է Բաղրամեան 19 հասցէին մէջ գտնուող Ազգային ժողովի 1-ին մասնաշէնքի 1-ին յարկին վրայ` «ԱԺ շէնքերու բարեկարգման եւ սպասարկման բաժին»-ին պատկանող թիւ 139 աշխատասենեակին մէջ: Հրդեհը մարած են` 02:05-ին:

Բաժնի պետի տեղակալ Վ.Բ.-ին պատկանող աշխատասենեակին մէջ (18 քմ) ամբողջութեամբ այրած է գրասենեակային գոյքը (1 սառնարան, 1 գրասեղան, 1 ամսագրային սեղան, 4 աթոռ, 1 բազմոց, 1 պահարան, 1 պատուհան եւ 2 համակարգիչ): Պատահարի հետեւանքով տուժածներ չկան: