Երեւան-Պուխարեսթ Նոր Ուղիղ Չուերթի Շնորհիւ Եւրոպան Աւելի Մօտ Պիտի Ըլլայ

Uncategorized, Աշխարհ, Հայաստան

Ռումանական ազգային օդանաւային «Tarom» ընկերութիւնը այսուհետեւ Պուխարեսթ-Երեւան-Պուխարեսթ ուղիղ չուերթներ պիտի իրականացնէ: Ապրիլ 3-ին տեղի ունեցաւ չուերթի առաջին թռիչքը:

Հայաստանի մէջ «Tarom» ընկերութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Արարատ Մուրատեանի խօսքով` այս չուերթը դէպի Եւրոպա թռիչքները աւելի մօտ ու շահաւէտ պիտի դարձնեն:

«Չուերթ բանալու քանի մը ուղղութիւններ կային, բայց ընտրեցինք Ռումանիան: Ան պատմական նշանակութիւն ունի: Կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ դէպի եւրոպական երկիրներ Պուխարեսթով թռիչքները աւելի կարճ ու աժան են»,- ըսած է Մուրատեան:

Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սերգէյ Մինասեանի խօսքով` չուերթը կը վկայէ հայ-ռումանական դրական յարաբերութիւններու մասին:

Ռումանական օդանաւային ընկերութիւնը շաբաթական պիտի իրականացնէ երեք չուերթ: