Ակնարկ. Նոր Զելանտայէն Անգարային Ուղղուած Եւ Ընկալուած Ուղերձները

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Նոր Զելանտայի ահաբեկչական գործողութեան դրդապատճառներուն մասին կատարուող վերլուծականները կը կեդրոնանան ահաբեկչութիւն ընդդէմ ահաբեկչութեան ակնկալելի գործընթացի զարգացման վրայ: Այլ խօսքով` ծայրայեղականութեան դիմաց յառաջացող հակազդեցութեան նոյն  ոճի որդեգրման անհատական թէ քաղաքական մղումներուն վրայ:

Համաշխարհային ներկայ հասարակարգի  դրուածքը բարդացուցած է իրավիճակը այն իմաստով, որ բնակչութիւններու շարժունակ  միտումները փոփոխութիւններու ենթարկած են ժողովրդագրական պատկերները: Աշխարհագրական միջավայրեր անվերջ կը ստանան ժողովրդագրական յարափոփոխ պատկերներ: Ժողովուրդներու տեղափոխութեան արդի միտումները չեն տարանջատեր կրօնով, ազգութեամբ տարբերութիւնները:  Նոր Զելանտան եւս ազգաբնակչային պատկերի արագ փոփոխութեան  միջավայրերէն դարձած է, նախապէս թերեւս ամէնէն միատարրներէն այս իմաստով, ուր այժմ  անմիջական շրջակայութեան մէջ կը գործեն երկու մզկիթ` անոնք ալ Քրայսթչըրչ անուանուող շրջանին մէջ:

Բնակչային մնայուն այս շարժունակութեան առընթեր ներկայ աշխարհակարգը գծաքաշով կը սահմանազատէ իսլամն ու քրիստոնեան, ահաբեկիչն ու հակաահաբեկիչը, իսլամականն ու ցեղապաշտը կամ քաղաքական արդի եզրոյթով` ծայրայեղ աջը: Արդիւնքը այն է, որ համախառն բնակչութեամբ սահմանազատուած համաշխարհային հասարակութիւն մը այսօր ո՛չ միայն ընկերաբանական, այլ նաեւ զուտ ապահովական առումով ամէնէն բարդ կացութեան մէջ կը գտնուի:

Իրաքէն Սուրիա եւ Եմէնէն, Աֆղանիստանէն, Փաքիստանէն, Թուրքիայէն  ու Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներէն դէպի Եւրոպա ու Միացեալ Նահանգներ արտահանուած իսլամական ահաբեկչութիւնը կը ստանայ հակահարուածներ: Եթէ քաղաքական իմաստով ծայրայեղ աջակողմեանականութիւնը աշխուժ դրսեւորումներ կ՛ունենայ եւ կը գրաւէ խորհրդարանական աթոռներ, ապա գետնի վրայ նոյն մտայնութիւնը անհանդուրժողականութեան գագաթներ կը մագլցի` հաւաքական սպանդներ իրականացնող գործողութիւններով:

Ուշագրաւ է այս պարագային այն, որ ահաբեկչութիւն արտահանած երկիրներէն ամէնէն շատ Թուրքիան է, որ լուսարձակի տակ առնուած է աւստրալիացի կազմակերպիչին կողմէ հրապարակուած Նոր Զելանտայի գործողութեամբ աշխարհին ներկայացող մանիֆեստով: Զինական գործիքներու վրայ բազմալեզու արձանագրութիւնները եւ յատկապէս նշուած պատմական ճակատամարտները շեշտուած ձեւով կ՛ընդգծեն այն փուլերը, ուր Թուրքիա ճակատագրական պարտութիւն կրած է:

Զգուշացումը Թուրքիոյ ուղղուած է` դէպի Եւրոպա իր թափանցումները կասեցնելու կամ երթը չշարունակելու ընդհանրապէս: Խնդիրը ըստ երեւոյթին ո՛չ միայն Եւրոպայի իսլամացման, այլ նաեւ թրքացման վտանգն է, որ մղած է գործողութեան կազմակերպիչները այս ձեւով ուղերձ փոխանցելու:

Քաղաքականօրէն նաեւ հասկնալի կը թուի, որ Էրտողան ամէնէն խիստ հռետորաբանութեամբ եւ սպառնական ոճով է, որ կը հակազդէ Նոր Զելանտայի արարքին: Փաստօրէն Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ, սիւննի բարձրագոյն կրօնապետին, Ֆրանչիսկոս պապին, Իրանին, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ Հնդկաստանի (նշելու համար հիմնական երկիրները) ցաւակցական դատապարտագիրներու բովանդակութիւնները ընդհանուր յայտարարներ ունին:

Եւրոպական Միութիւնը եւրոպական արժէքներուն հակոտնեայ կը գտնէ  վայրագութեան այս արարքը, մինչ Միացեալ Նահանգներ ահաւոր ջարդ կ՛որակեն պատահածը եւ կը ցաւակցին զոհերու պարագաներուն: Մեծն Բրիտանիան  ատելութեան մթնոլորտի տարածման դէմ կը խօսի եւ իսլամներու թիրախաւորումը կը քննադատէ. պապը իսլամ համայնքին իր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ. Իրանի ոճը կը յատկանշուի որոշ ուղղուածութեամբ, երբ կը քննադատէ արեւմտեան կեղծաւորութիւնը կարծիքի ազատութեան անուան տակ իսլամ կրօնի սատայանացման առումով: Ֆրանսան ամէն տեսակ ծայրայեղականութիւն կը մերժէ եւ իր գործընկերներուն հետ հակաահաբեկչական պայքարին յաւելեալ կազմակերպման կոչ կ՛ընէ: Գերմանիան` ցեղապաշտական մղումները խորապէս կը դատապարտէ`  ատելութեամբ սպաննուած բոլոր մարդոց դէմ, որոնք իրենց աղօթատեղիին մէջ կ՛աղօթէին: Ռուսիան ահաբեկիչները խստագոյն պատիժի ենթարկելու անխուսափելիութիւնը կ՛ընդգծէ. Հնդկաստանը ահաբեկչութեան բոլոր տեսակի դրսեւորումները կը դատապարտէ:

Թուրքիոյ վարիչը իսլամ աղօթողներու դէմ կատարուած ահաբեկչութիւնը խորապէս դատապարտելէ ետք զայն կը նկատէ նորագոյն օրինակ ցեղապաշտութեան եւ իսլամաֆոպիայի: Աւելցնելով, որ յստակօրէն ահաբեկիչներուն առաջադրանքը արեւմուտքի մէջ ենթահող կը շահի:

Քաղաքական իմաստով հակաարեւմուտք ուղերձ յղելու նոյնութիւն գոյութիւն ունի Իրանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնական դատապարտանքներուն մէջ: Յստակ տարբերութեամբ անշուշտ. մինչ Իրանը կը խօսի մարդկային իրաւունքներու անուան տակ  իսլամական կրօնի սատանայացման միտող Արեւմուտքի կեղծ քաղաքականութեան մասին, Անգարան կը շեշտէ ահաբեկիչներուն եւ Արեւմուտքին նոյն առաջադրանքը ունենալու քաղաքական ամբաստանութիւնը:

Թուրքիոյ առանձնացումը ահաբեկիչներու մանիֆեստին մէջ ունի քաղաքական տրամաբանութիւն: Յայտնապէս ահաբեկիչները իսլամական ահաբեկչութիւն արտահանող գլխաւոր երկիրը կը նկատեն Թուրքիան: Իսկ Էրտողանը, ահաբեկիչներու եւ Արեւմուտքի միջեւ միացեալ առաջադրանք տեսնելու իր յայտարարութեամբ պարզապէս կը նուիրականացնէ այդ ընկալումը: