Նոր Զելանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Կատարուած Ահաբեկչութիւնը

Սփիւռք

ՀՅԴ Նոր Զելանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ Քրայսթչըրչի մզկիթներուն վրայ տեղի ունեցած յարձակումները, որոնց պատճառով 49 մարդ սպաննուած էր:

Նոր Զելանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշէ.

«Մենք կը դատապարտենք նաեւ զինուած մեղադրեալին կողմէ հայերէնին, ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեայ ազգութիւններու` վրացիներու, սերպերու, ռուսերու եւ աւստրիացիներու լեզուներուն անդրադառնալու փորձը` այդ լեզուներով նշումներ կատարելով իր զէնքին վրայ, որմով յարձակում  կատարած է իսլամական համայնքին վրայ:

Նման խաչակրաց արշաւանքները տեղ չունին մեր աշխարհին մէջ, եւ հաստատապէս տեղ չունին խաղաղասէր Նոր Զելանտայի մէջ:

Նոր Զելանտայի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ բնակող հայերը անվերապահօրէն կանգնած են յարձակման ենթարկուած մզկիթներու հետեւորդներուն եւ անդամներուն կողքին: Մենք կը սգանք այն ընտանիքներուն հետ, որոնք կորսնցուցին իրենց սիրելիները, ինչպէս նաեւ Նոր Զելանտայի ամբողջ իսլամական համայնքին հետ:

ՀՅԴ Նոր Զելանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ եւ կ՛աղօթէ այս դժուարին պահուն»: