«Մարդկային Երաժշտութեան» Մայեսթրոյին Հանդիպումը Իր Ծննդավայրի Արուեստասէր Հանրութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Սփիւռք

Իր ծննդավայրէն` Լիբանանէն հեռանալէ եւ Հայաստան ներգաղթելէ աւելի քան 70 տարի ետք, հայ մեծ երաժիշտ մայեսթրօ Տիգրան Մանսուրեան այս օրերուն դարձեալ կը հիւրընկալուի լիբանանահայ գաղութին կողմէ` հրաւէրովը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Հայ հասարակութեան մէջ գլխաւորաբար ֆիլմարուեստի աշխարհին համար յօրինուած իր երաժշտութիւններով ծանօթ Տիգրան Մանսուրեան երէկ` Չորեքշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի մեծ ընտանիքին նախաձեռնութեամբ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց եւ հանդիպումին պաշտօնական ու գեղարուեստական բաժինը վարեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը եւ ընդգծեց, որ այս հանդիպումը յիշարժան եւ բացառիկ երեկոյ մը պիտի ըլլայ ներկաներուն համար` մեծ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի ներկայութեան:

Տիգրան Մանսուրեանը ներկայացուց Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար, խմբավար Զաքար Քէշիշեան: Ան նշեց, որ Տիգրան Մանսուրեանի հետ իր մտերմութիւնը կու գայ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ իր ուսանողութեան տարիներէն, երբ Մանսուրեան այդ երաժշտանոցին տնօրէնն էր: Մանսուրեան տակաւին 10 տարեկան չէր, երբ Հայաստան ներգաղթած է եւ իր ծնողքին հետ բնակած է Արթիկի շրջանին մէջ, նախակրթութիւնը ստացած է Գիւմրիի մէջ, սակայն շուտով հաստատուած է Երեւան եւ հետեւած բարձրագոյն երաժշտական ուսման: Տիսիփլինի տէր եւ աշխատասէր մարդ ըլլալով` ան հայ երաժշտարուեստին տուած է գլուխ-գործոցներ: Իր երաժշտութիւնը համամարդկային ըլլալով հանդերձ էապէս նաեւ ազգային է: Զաքար Քէշիշեան նշեց, որ, թէեւ հայութիւնը Տիգրան Մանսուրեանին հիմնականօրէն ծանօթ է ժապաւէններու համար անոր յօրինած երաժշտութիւններուն ընդմէջէն, սակայն Մանսուրեան նուաճած է նաեւ միջազգային հռչակ, մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած իր «Ռեքվիեմ»-ին շնորհիւ:

Այնուհետեւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր: Աքասիա Ազատեան դաշնակի վրայ նուագեց Արամ Խաչատուրեանէն ժողովրդայինի նմանողութեամբ կտոր մը, Միքայելա Պոյաճեան ջութակի վրայ նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Պատանիներու պարը» դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի, Գէորգ Պալեան թաւջութակի վրայ Կոմիտասի «Շողեր ջան»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Նարէ Աղասարգիսեանի, մինչ Կայէլ Գրիգորեան քանոնի վրայ նուագեց Տիգրան Մանսուրեանի յայտնի գործերէն «Կտոր մը երկինք»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարօ Գրիգորեանի:

Աշակերտները, իրենց ուսուցիչները եւ Մանսուրեան յիշատակի լուսանկար մը առին: Այնուհետեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով սրտի խօսք արտասանեց Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն իրենց տան` Համազգայինի կեդրոնին մէջ` նշելով, որ ինչպէս Տիգրան Մանսուրեանի երաժշտութիւնը անմիջական է, իրենք ուզած են, որ այս հանդիպումն ալ անմիջական ըլլայ: Անցեալ տարուան սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Համազգայինի 90-ամեակի հանդիսութիւններուն: Ծատուրեան նշեց, որ իրենք կը փափաքէին, որ Մանսուրեան ներկայ գտնուէր երեւանեան ձեռնարկին, սակայն նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինուեցաւ, որ ան ներկայ գտնուի 90-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւններուն, իր ծննդավայրին` Լիբանանի մէջ: Ծատուրեան նաեւ ընդգծեց, որ թերեւս հայկական ֆիլմարուեստի շատ ժապաւէններու հերոսներուն անունները մեր միտքերուն մէջ պահած չըլլանք, բայց անոնց երաժշտութիւնները անպայման խոր ազդեցութիւն ձգած են մեր հոգիներուն վրայ:

Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան դաշնակի վրայ նուագեց Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւններէն մէկը:

Սրտի խօսքը ուղղեց 80-ամեայ մեծ մայեսթրօ Տիգրան Մանսուրեանը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց իր ծննդավայրին մէջ գտնուելուն եւ արթնացման համար այն յիշողութիւններու, որոնցմէ անցած են աւելի քան 70 տարիներ: Ան անդրադարձաւ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի նուագած ստեղծագործութեան յօրինման պատմութեան` նշելով, որ անիկա խօսելու լաւագոյն նիւթն է: Անիկա յօրինուած է 2010 թուականին` Վիեննայի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ: Ճշդուած էր համերգ, եւ ինք պէտք էր երգչուհիի մը հետ փորձ կատարէր: Սակայն եկեղեցւոյ մէջ տիրած խորհրդաւոր մթնոլորտը թոյլ չէր տար իրեն փորձը կատարելու ճշդուած յայտագիրով, եւ այս ստեղծագործութիւնը մէջտեղ եկաւ, նուիրուած` ռուս ազնուական երաժիշտ Անտրէի, որ չկրցաւ երբեք հաշտուիլ խորհրդային երաժշտութեան աւանդութիւններուն հետ:

«Ես երբեք իմ անցեալի որեւէ էջի, դրուագի չեմ դաւաճանած», ըսաւ Տիգրան Մանսուրեան` աւելցնելով, որ ինք հասակ առած է Հայաստանի Արթիկի շրջանին մէջ, որ յայտնի եղած է իր բնակիչներուն` քարի հետ գործ ունենալու հանգամանքով: Անոնք եղած են խիստ, բայց միեւնոյն ժամանակ զգայուն հոգիի տէր անձեր, ինչ որ շատ ազդած է իր վրայ:

Տիգրան Մանսուրեան նշեց, որ երբ խորհրդային երաժշտական աշխարհը փլուզուեցաւ, իր առջեւ բացուեցաւ ամբողջ աշխարհը, ուր նոյնպէս հռչակի տիրացաւ եւ երկու անգամ երաժշտական «Կրեմի» մրցանակի յաւակնորդ դարձաւ: «Սակայն, հակառակ անոր որ հետեւած եմ միջազգային աւանգարդ երաժշտութեան, ես երբեք չմոռցայ, որ ես տուն ունիմ, եւ անոր տանտէրը Կոմիտասն է», ըսաւ Տիգրան Մանսուրեան եւ աւելցուց, որ զինք ուզած են տեղադրել երաժշտական դպրոցի մը մէջ` հին թէ նոր, արդիական թէ հնաոճ, սակայն չեն կրցած որեւէ հասկացողութեան ծիրին մէջ տեղադրել զինք եւ իր երաժշտութիւնը նկատած են «մարդկային երաժշտութիւն»:

Այնուհետեւ Տիգրան Մանսուրեան Համազգայինին` յանձին Թամար Սնապեան-Սուրճեանի, նուիրեց իր հեղինակած «Խմբերգներ» գրքոյկը` խտասալիկով, եւ «Վոկալ-գործիքային ստեղծագործութիւններ» հատորը: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան իր կարգին Համազգայինի անունով Մանսուրեանին յանձնեց յուշանուէր մը:

Օգտուելով այն առիթէն, որ հազիւ քանի մը օր առաջ մեծ մայեսթրոն նշեց իր 80-ամեակը, հատուեցաւ կարկանդակ, այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ մտերմիկ ընթրիքի սեղանի շուրջ: