Սեն Վալանթեն Եւ Սուրբ Սարգիս

Այլեւայլ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Այսօր ամբողջ աշխարհը կը նշէ սիրահարներու տօնը` Սեն Վալանթենը:

Եկէք` ծանօթանանք, թէ տարբեր ժողովուրդներ ինչպէ՛ս կը նշեն այս տօնը, սիրահարները ինչեր կը նուիրեն իրարու:

Սէուտական Արաբիա

2008-էն ի վեր Սէուտական Արաբիան միակ երկիրն է, ուր արգիլուած է Սեն Վալանթեն տօնել: Բացարձակապէս արգիլուած է ցուցափեղկերուն մէջ կարմիր հագուստներ, իրեր, վարդ կամ տուրմ ցուցադրելը: Երիտասարդ սէուտցիներ, իրենց նուէրները կը գնեն գաղտագողի` ոստիկաններու հսկող աչքերէն հեռու…

Եգիպտոս

Սեն Վալանթենը շատ սիրելի տօն է եգիպտացիներուն համար: Խանութներուն ցուցափեղկերը կը զարդարուին կարմիր գոյնի արջուկներով, ծաղիկներով, գեղօրներով, տուրմով…

Եգիպտացի սիրահարները խորհրդանշական նուէրներով կ՛ուրախացնեն զիրար:

Ճափոն

Փետրուար 14-ին նուիրելու հաճոյքը վերապահուած է կիներուն… Այո, անոնք տուրմ կը նուիրեն իրենց ընտրեալներուն, բայց նաեւ` պաշտօնակիցներուն:

Ճափոնական սովորութեան համաձայն, տղամարդիկ նուէրը կրնան փոխադարձել Մարտ 14-ին` «Սպիտակ օր»-ը: Ընդունուած օրէնք է, որ նուէրը ըլլայ ճերմակ գոյնի, իսկ նուէրին արժէքը` եռապատիկը իրենց ստացած նուէրին:

Ֆրանսա

Ֆրանսացիք կը սիրեն այս տօնը նշել գլուխ-գլխի` ճաշարանը կամ տան մէջ:

Զոյգերը իրարու կը նուիրեն` ծաղիկ, տուրմ, սրտաձեւ զարդեղէններ եւ այլն…

Սինկափուր

Սինկափուրցի երիտասարդուհիները փետրուար 14-ին մանտարիններու վրայ իրենց հեռախօսի թիւը եւ սիրային տող մը կը գրեն եւ գետը կը նետեն. այն հաստատ համոզումով, որ շուտով իրենց կեանքի ընկերը պիտի գտնեն:

Թայլանտ

Թայլանտի մէջ Սեն Վալանթենը շատ սիրելի տօն է: Այդ օրը սիրահարները կարմիր փափուկ արջուկներ, տուրմ, կարմիր վարդ, ինչպէս նաեւ սրտաձեւ զարդեղէններ կը նուիրեն իրարու:

Փղոսկրեայ Ափունք

Հոս այս տօնը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ: Սիրահարները սովորութիւն ունին շատ սուղ նուէրներով արտայայտելու իրենց սէրը:

Միացեալ Նահանգներ

Միացեալ Նահանգներու մէջ փետրուար 14-ը միայն սէրը չի խորհրդանշեր, անիկա նաեւ բարեկամութեան, գորովի եւ հաւաքականութեան խորհրդանիշ է: Նոյնիսկ  փոքրերը կը մասնակցին այս տօնին, դպրոցին մէջ ներկայացումներ կը պատրաստեն իրենց ծնողներուն ուսուցիչներուն համար եւ ձեռային աշխատանքներ կը նուիրեն անոնց:

Գիտէ՞Ք, Թէ…

Սեն Վալանթենի տօնին առիթով փոխանակուած նուէրներուն ցանկին վրայ առաջին տեղը կը գրաւէ կարմիր վարդը, երկրորդ տեղը` տուրմը, երրորդ տեղը` փափուկ խաղալիքները եւ, վերջապէս, չորրորդ տեղը կը գրաւեն սրտաձեւ զարդեղէնները:

***

Ծաղիկներու լեզուին մէջ կարմիր վարդը բացարձակ սէրը կը խորհրդանշէ: Անիկա գնահատուած է թէ՛ իր գեղեցիկ տեսքին եւ թէ՛ բոյրին պատճառով:

***

Կարմիր վարդը համարուած է ծաղիկներու թագուհին:

***

Կարելի է 1-էն մինչեւ 101 վարդ ղրկել սիրեցեալին: Ծաղիկներու լեզուով ահա թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի  ղրկուած ծաղիկներուն թիւը…

– 1 վարդը նուիրել` կը նշանակէ, որ առաջին իսկ վայրկեանէն սիրահարեր էք այդ անձին:
– 2 վարդը փոխադարձ սէր կը նշանակէ:
– 9 վարդը յաւիտեան միասին ըլլալու փափաք կ՛արտայայտէ:
– 12 վարդը ամուսնութեան առաջարկ է:
– 36 վարդը խելագարուած սիրոյ նշան է:
– 101 վարդը կրքոտ սիրոյ նշան է:

Տօներ-Աւանդութիւններ

 Ս. Սարգիսի Տօնը

Յառաջիկայ շաբաթ օր Ս. Սարգիս է. այս շարժական տօնը կը նշուի Յունուար 18-էն մինչեւ Փետրուար 23-ը երկարող այն շաբաթ օրը, որ տուեալ տարուան Զատկուան տօնէն 63 օր առաջ կու գայ: Այս տօնին կը յաջորդէ Բարեկենդանը, ապա` 49 օրուան Մեծ պահքը, որ կ՛աւարտի Զատիկով:

Ո՞վ Է Ս. Սարգիս

Ս. Սարգիս Զօրավար հայ ժողովուրդի ամէնէն սիրուած սուրբերէն է: Ըստ աւանդութեան, ան Բիւզանդիոնի Մեծն Կոստանդինոս կայսեր կողմէ կը նշանակուի սպարապետ Հայաստանի սահմանակից Կապադովկիոյ մէջ: Քրիստոնեայ զօրավարը կը քանդէ հեթանոսական մեհեանները, կը կառուցէ եկեղեցիներ եւ կը տարածէ քրիստոնէութիւնը:

Յուլիանոս Ուրացողի թագաւորութեան օրով կը սկսին քրիստոնէութեան դէմ հալածանքները: Ս. Սարգիս իր տղուն` Մարտիրոսին հետ կ՛ապաստանի Հայաստան, ապա կ՛անցնի Պարսկաստան, ուր Շապուհ արքան զայն կը նշանակէ զօրագունդի հրամանատար մերժելով կրակապաշտ դառնալու Շապուհի հրամանը` ան կը բանտարկուի, ապա կը գլխատուի` անսասան մնալով իր հաւատքին մէջ:

Նահատակուելէն ետք, Ս. Սարգիսի մարմնին վրայ լոյս կ՛իջնէ: Մ. Մաշտոց անոր մասունքները կը տեղափոխէ Կարբի գիւղ (Աշտարակի շրջան), ուր կը կառուցուի սուրբին անունը կրող եկեղեցի մը:

Աւանդութիւններ

Ինչպէս անունը ցոյց կու տայ, տօնը նուիրուած է շատ սիրուած Ս. Սարգիսին, որուն մասին բազմաթիւ աւանդապատումներ կան, ինչպէս նաեւ` ժողովրդական սովորութիւններ:

Ս. Սարգիսի տօնը կը սկսի երկուշաբթի, հնգօրեայ առաջաւորաց պահքով: Պահքի օրերուն արգելքներ ճշդուած էին ոչ միայն ուտելիքին վրայ, այլեւ` աշխատանքի որոշ տեսակներու, մարմնի խնամքին վրայ: Այսպէս, այդ օրերուն արգիլուած էր` լուացք ընելը, ճախարակ մանելը, բուրդի կամ մազի հետ գործ ունենալը:

Հայկական կարգ մը գիւղերուն մէջ ուրբաթ կը սկսէր պահքը քակելու պատրաստութիւնը, իսկ երեկոյեան հանդիսաւոր ձեւով կը քակէին պահքը` փոխինդի գնդիկները ուտելով:

Որոշ տեղեր այդ գիշեր յատուկ բաղարջ կը թխէին` առանց թթխմորի եւ աղի: Նախ խմորը երկու գունդի  կը բաժնէին, ապա զանոնք բանալով` առաջինին վրայ կը շարէին ընտանիքին հարստութիւնները խորհրդանշող առարկաներ (դրամ, միրգ, պանիր…) ու կը ծածկէին խմորի երկրորդ շերտով եւ թխէին:

Առաւօտեան բաղարջը կը շերտէին ընտանիքի երեխաներու թիւով եւ կը բաժնէին: Իւրաքանչիւր բաժինէն ինչ որ դուրս գար, այդ երեխան կը ժառանգէր համապատասխան հարստութիւն: Այսպէս, միրգին տէրը կը ժառանգէր այգի, պանիրինը` անասուններ, դրամը` հայրական տուն… Եթէ այդ առարկաները աղջիկ զաւակներուն բաժին իյնար, անոնց ամուսինները կը դառնային այգեպան, հովիւ կամ կալուածատէր:

Կար նաեւ ուրիշ սովորութիւն մը, ծոմ պահած երիտասարդները ուրբաթ երեկոյեան աղի կրկնեփ կ՛ուտէին, որպէսզի տեսնեն, թէ երազի մէջ իրենց ո՛վ ջուր պիտի տայ: Շաբաթ առտու  աղջիկները կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՛վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՛ գաւաթով, որքա՛ն ջուր կար գաւաթին մէջ եւ այլն… Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր,  փայտեայ գաւաթը` աղքատ, լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը նախագուշակէր, կիսով լեցունը` կարճ ամուսնական կեանք:

Աւանդութեան համաձայն, Ս. Սարգիսի աղի կրկնեփը պէտք էր պատրաստէր հաւաքուած կիներէն ամենաերջանիկը, ան, որ մեծ սէր ապրած եւ երեխաներ ունեցած է: Կրկնեփին պատրաստութիւնը շատ պարզ է` ալիւր, աղ եւ ջուր: Պատրաստելու համար երեք բաղադրիչները խառնել, շաղել, սրտաձեւ կամ կլոր ձեւաւորել եւ նախքան փուռին էջ եփելը ծակեր բանալ` մէջերէն ժապաւէն անցընելու համար:

Ձեռային Աշխատանք

Սրտաձեւ Ուտեստներ

Եթէ որոշած էք Ս. Սարգիսի տօնը նշել տունը` գլուխ-գլխի, եկէք` հաճոյք պատճառեցէք ձեր երկրորդ կէսին եւ նկարին վրայ առաջարկուած ուտեսներէն մէկ քանին պատրաստելով` զարմացուցէք զայն…

Ընդամէնը մետաղեայ սրտաձեւ կաղապարի մը պէտք ունիք ձեւաւորելու համար պտուղները կամ տապկուած հաւկիթները, իսկ Փիցցայի խմորը կրնաք ձեր իսկ ձեռքերով ձեւաւորել:

Կրնաք սրտաձեւ կաղապարով ձեւաւորել նաեւ ֆրանսական Փեն տը մի հացը, ապա հացերը զարդարել պանիրով, քամած մածունով, կարմիր խաւիարով, փաթէով եւ այլն…

Ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական նմուշ:

Մեր Օրերու Կարապալան…

Եթէ երբեւէ հատեր էք Սայաթ Նովա Նալբանդեան խաչմերուկը վստահաբար գոնէ մէկ անգամ պէտք է հանդիպած ըլլաք մեր օրերու Կարապալային` Վարդանին:

Իսկ երբ այսօր կը խօսինք սիրոյ զոյգ տօներուն եւ ծաղիկներու մասին, կարելի չէ չյիշել Վարդանը, որ դարձած է Երեւանի շրջուն խորհրդանիշ:

Վարդանը ծաղկավաճառ է, ան շարժանիւով կը շրջի Երեւանի փողոցները` ծաղիկ վաճառելու համար: Ան 7 տարեկանին սկսած է ծաղիկ ծախել, «Հրապարակի սրճարանին տէրը» իրենց դրամ տուած է, որպէսզի երթայ ծաղիկ գնէ ու ծախէ:

Ան մինչեւ այսօր մեծ սիրով կը կատարէ իր աշխատանքը: Շատ երջանիկ եւ ուրախ մարդ է` հակառակ իր ծանր ու տխուր մանկութեան:

Վարդանը ծանօթ դէմք է Երեւանի մէջ, անցորդները միշտ կը բարեւեն եւ նոյնիսկ կը նկարուին անոր հետ. բոլորը շատ կը սիրեն զինք:

«Մինչեւ հիմա չեմ հաւատար, որ ես այն որբ ու աղքատ տղան եմ, իմ մասիս կը գրեն շատ լուրջ թերթերու մէջ, օրինակ` Հրանդ Տինքի շաբաթաթերթին մէջ…»:

Վարդանը շատ կը սիրէ իր աշխատանքը, ան յաճախ ծաղիկներ կը նուիրէ անծանօթ անցորդներուն: Հօր գուրգուրանքէ զրկուած եւ փողոցները թափառած ծաղիկներու սիրահարը նաեւ բարեգործութիւններ կ՛ընէ: Ան կը հաւաքէ աղքատ երեխաները եւ «փոքր չափով» կ՛օգնէ անոնց ու կը զուարճացնէ զանոնք: Երախտագէտ այս մարդը յաճախ կը կրկնէ, որ նոյն ուշադրութիւնը իրեն հանդէպ եղած է. իրեն տրամադրած են գրեթէ ամէն ինչ` հագուստ, սնունդ, նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն եւ այլն…

«Շատ կը սիրեմ աշխատանքս: Կը սիրեմ Երեւանը, ճիշդ է, որեւէ այլ տեղ չեմ այցելած, բայց մեր քաղաքը շատ կը սիրեմ: Ամենասիրելի փողոցս Նալբանդեանն է: Վարդեր շատ կը սիրեմ մանաւանդ` մութ կարմիրները: Աշխատանքս որեւէ այլ բանով չեմ փոխեր: Իսկ ապագաս կ՛ուզեմ տեսնել շատ երեխաներով եւ իմ սեփական տան մէջ»:

Խոհագիր

Ս. Սարգիսի Տօնական Գաթայ

Բաղադրութիւն

– 1 գաւաթ ձէթ
– 1 գաւաթ եռացած ջուր
– 1 գաւաթ շաքար
– 5 գաւաթ ալիւր
– 1 թէյի դգալ սոտա
– 1 գաւաթ մանրուած ընկուզեղէն (կաղին, ընկոյզ, գետնանուշ)
– 1 թէյի դգալ կասիա
– 1 թէյի դգալ անիսոն
– Կէս թէյի դգալ մահլեպ
– Կէս թէյի դգալ մշկընկոյզ
– Մէկ թէյի դգալ շուշմայ` երեսը ցանելու համար

Պատրաստութիւն

Խառնել ալիւրը, համեմունքները, շաքարաւազն ու սոտան:

Աւելցնել ձէթն ու ջուրը եւ շաղել:

Աւելցնել մանրուած ընկուզեղէնը, կրկին շաղել, ապա խմորը տարածել ափսէին մէջ, թաց մատներով հարթել, դանակով բաժնել ընտանիքի անդամներուն թիւով. իւրաքանչիւր բաժինի մէջ տեղադրել նախապէս գրուած ու ծալուած բարեմաղթանք մը, նաեւ մէկ մետաղադրամ` որոշելու համար ամենաբախտաւորը:

Երեսը ցանել շուշման եւ եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ 25-30 վայրկեան: