Հրանդ Տինք (1954-2007). ­Հայ ­Դա­տի վե­րած­նեալ պայ­քա­րի թրքա­հայ Ա­ռա­քեա­լին մար­տի­րո­սա­ցու­մը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն. Պէրպէրեան

Յու­նո­ւար 19-ին, ­Պո­լի­սէն մին­չեւ հե­ռա­ւոր ա­փե­րը հա­յաշ­խար­հի, պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւ­նը միաս­նա­կա­նօ­րէն ո­գե­կո­չեց յի­շա­տա­կը եւ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­ցաւ պատ­գա­մո­վը հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­րօ­րեայ հե­րոս­նե­րէն Հ­րանդ ­Տին­քի՝ թրքա­կան հա­յա­տեա­ցու­թեան մա­հա­ցու փամ­փուշ­տի հե­տե­ւան­քով ա­նոր մար­տի­րո­սաց­ման 1-2րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով։

Եւ բա­ռին ընդգր­կուն ու հո­գե­հա­րա­զատ ա­ռու­մով պատ­գա­մի տէր գա­ղա­փա­րի մար­տիկն է Հ­րանդ ­Տինք, որ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան հա­մա­կար­գին մար­տահ­րա­ւէր ուղ­ղեց՝ ոչ միայն ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաստն ու ­Մեծ Ո­ճի­րի գոր­ծադ­րու­մին մէջ թրքա­կան պե­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, ոչ միայն յար­գե­լու ­Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը բաղ­կաց­նող հայ եւ ոչ-թուրք բո­լոր ազ­գու­թեանց մարդ­կա­յին, քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ընդ­հան­րա­պէս քա­ղա­քակր­թա­կան ներդ­րումն ու ժա­ռան­գու­թիւ­նը, այ­լեւ օ­րէն­քով եւ գործ­քով տէր ու պաշտ­պան կանգ­նե­լու ­Թուր­քիոյ ողջ հա­սա­րա­կու­թեան՝ այդ կար­գին նոյ­նինքն թուրք հան­րու­թեան հիմ­նա­կան ա­զա­տու­թեանց եւ ի­րա­ւանց։

Եւ իբ­րեւ նման պատ­գա­մի տէր թրքա­հայ մտա­ծող ու գոր­ծիչ՝ Հ­րանդ ­Տինք ըստ ա­մե­նայ­նի եւ էա­պէ՛ս զար­թօն­քի ու վե­րա­կեն­դա­նաց­ման անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տու­նը դար­ձաւ ­Պո­լի­սը հայ քա­ղա­քա­կան մտքի կի­զա­կէ­տին վե­րա­հաս­տա­տե­լու պատ­մա­կան շրջա­դար­ձին։ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան մշտա­նո­րոգ ո­գո­րու­մին մէջ, Հ­րանդ ­Տին­քի մար­տի­րո­սա­ցու­մով՝ պոլ­սա­հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը մայր դար­պա­սէն նո­րո­վի՛ մուտք գոր­ծեց հայ կեան­քէն ներս եւ իր ժա­ռան­գու­թեան ար­ժա­նի տե­ղը գրա­ւե­լու ան­կա­սե­լի եր­թին լծո­ւե­ցաւ, ո­րուն ­Մո­հի­կան­նե­րէն է այ­սօր ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ։

Եւ ճիշդ այդ՝ հայ քա­ղա­քա­կան ­Պո­լի­սի վե­րած­նուն­դի պատ­գամն էր, որ թուրք պե­տա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւ­նը փոր­ձեց սպան­նել 2007 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նո­ւար 19ի օ­րը, երբ ­Պոլ­սոյ գլխա­ւոր թա­ղա­մա­սե­րէն ­Շիշ­լիի մէջ գտնո­ւող «Ա­կօս» թեր­թի խմբագ­րա­տան առ­ջեւ, Հ­րանդ Տին­քը զոհ դար­ձուց թրքա­կան հա­յա­տեա­ցու­թեան ե­րի­տա­սար­դա­կան բոր­բո­քու­մին ար­ձա­կած մո­լե­գին ե­րեք փամ­փուշտ­նե­րու…
Ինչ­պէս որ «Հ­րանդ ­Տին­քին» խո­րա­գի­րը կրող իր քեր­թո­ւա­ծին մէջ պոլ­սա­հայ մե­ծա­տա­ղանդ բա­նաս­տեղծ ­Զահ­րատ վկա­յեց օ­րին՝

«Ա­ղաւ­նի­նե­րը հա­մո­զե­ցին, ը­սին որ ի­րենց վրայ
չեն կրա­կեր. Հ­րանդ հա­ւա­տաց։ ­Թէ­պէտ երկ­չոտ՝
հա­ւա­տաց, թէ ա­ղաւ­նի մըն է։
Բայց կրա­կե­ցին։
Նա­խա­տե­սած էր, մէկ քա­նի տա­րի ա­ռաջ ը­սած էր ին­ծի.
«Իմ մա­հը պի­տի ըլ­լայ ոտ­քի վրայ՝ կանգ­նած, ոչ թէ պառ­կած՝
ան­կո­ղի­նի մէջ»։

«­Թող պառ­կի լոյ­սե­րու մէջ։
Ե­թէ մե­զի հարց­նէք, ան միշտ յաղ­թա­կան պի­տի կանգ­նի՝
ա­նա­ղարտ ար­ձա­նի մը պէս»։

Հ­րանդ ­Տինք դեռ չէր բո­լո­րած 53 տա­րի­քը, երբ բրտօ­րէն ու­զե­ցին լռեց­նել պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան ­Ձայ­նը իւ­րո­վի՝ թրքա­հա­յու վե­րա­նո­րոգ հնչե­ղու­թեամբ ներ­կա­յաց­նող հե­րո­սը։

Տին­քի վրայ մա­հա­ցու փա­փուշ­տը ար­ձա­կող թուրք ե­րի­տա­սարդ ոճ­րա­գոր­ծը, յան­ցա­գոր­ծու­թեան վայ­րը դրո­ւած տե­սախ­ցի­կի ար­ձա­նագ­րու­թեան հա­մա­ձայն, «­Կեա­ւո՜ւր» ա­նար­գա­կան բա­ցա­գան­չու­թեամբ կնքեց իր ա­րար­քը եւ հե­ռա­ցաւ ո­ճի­րի վայ­րէն։

Ոչ մէկ կաս­կած, որ կա­տա­րո­ւա­ծը քա­ղա­քա­կան, այ­լեւ հա­կա­հայ ո­ճիր էր եւ ծնունդն էր թրքա­կան ազ­գայ­նա­մոլ այ­լա­մեր­ժու­թեան, որ այս պա­րա­գա­յին հա­յա­տեա­ցու­թեամբ մո­լեգ­նած էր։

Ոչ մէկ կաս­կած, նաեւ, որ պե­տա­կան մե­քե­նա­յու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած ո­ճիր էր ­Տին­քի ա­հա­բե­կու­մը։ «Ա­կօս»ի խմբագ­րա­պե­տը ար­դէն յա­ճա­խա­կի մա­հո­ւան սպառ­նա­լիք­ներ կը ստա­նար՝ ­Հա­յաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու դա­տա­պարտ­ման ի խնդիր իր բարձ­րա­ձայն ար­տա­յայ­տած մտա­ծում­նե­րուն եւ ստո­րագ­րած յան­դուգն գրու­թեանց հա­մար։ Այդ սպառ­նա­լիք­նե­րուն դէմ պաշտ­պա­նո­ւե­լու հա­մար ­Տինք դի­մած էր պե­տա­կան սպա­սար­կու­թեանց հսկո­ղու­թեան եւ, առ այդ, զե­տե­ղո­ւած էր խմբագ­րա­տան սե­մին շար­ժում­նե­րը ար­ձա­նագ­րող տե­սախ­ցի­կը։ ­Հե­տե­ւա­բար բա­ցա­ռո­ւած էր, որ ինք­նագ­լուխ մո­լա­գա­րի մը գոր­ծը ըլ­լար օր-ցե­րե­կով այդ­պէս՝ հա­մար­ձա­կօ­րէն կա­տա­րո­ւած ­Տին­քի սպա­նու­թիւ­նը։

Առ այդ, բնա­կա­նա­բար, կայ­ծակ­նա­յին ա­րա­գու­թեամբ շղթա­յա­զեր­ծո­ւե­ցաւ բո­ղո­քի ըն­դոստ ա­լիք մը գոր­ծո­ւած քստմնե­լի ո­ճի­րին դէմ։

Ոչ միայն Հ­րանդ ­Տին­քի պա­րագ­ներն ու ըն­կեր­նե­րը, ոչ միայն ­Պոլ­սոյ հա­յու­թեան ի­րա­ւա­տէր շրջա­նակ­նե­րը, այ­լեւ՝ նոյ­նինքն թուրք հա­սա­րա­կու­թեան ա­զա­տա­խոհ ու ար­դա­րա­միտ մտա­ւո­րա­կան­ներն ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը փու­թա­ցին տէր կանգ­նե­լու հա­յոց նո­րօ­րեայ նա­հա­տա­կին ու ա­նոր ­Պատ­գա­մին՝ «­Մենք բո­լորս Հ­րանդ ­Տինք ենք», «­Մենք բո­լորս ­Հայ ենք» վան­կար­կու­մով հե­տե­ւե­լով ա­նոր յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան բազ­մա­հա­զա­րա­նոց թա­փօ­րին։

Օ­րին ստեղ­ծո­ւե­ցաւ նաեւ այն թիւր, այ­լեւ ա­րո­ւես­տա­կա­նօ­րէն մշա­կո­ւած ու հան­րա­յին կար­ծի­քին հրամ­ցո­ւած տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ այդ ա­տեն վար­չա­պետ Էր­տօ­ղա­նի ղե­կա­վա­րած թուրք պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին եւս իբր թէ ընդվ­զած էր ազ­գայ­նա­մոլ ծայ­րա­յե­ղա­կան ե­րի­տա­սար­դի վե­րագ­րո­ւած ­Տին­քի սպա­նու­թեան դէմ։ ­Նոյն կեղ­ծի­քով ու խա­բէու­թեամբ՝ պաշ­տօ­նա­կան ամ­բաս­տա­նու­թիւն­ներ ալ հնչե­ցին թուրք պաշ­տօ­նա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք թրքա­կան բա­նա­կին եւ յա­տուկ սպա­սար­կու­թեանց մէջ ոճ­րա­յին որ­ջեր… յայտ­նա­գոր­ծել ու­զե­ցին՝ միջ-կու­սակ­ցա­կան կամ ներ-իշ­խա­նա­կան մաք­րա­գոր­ծու­մի ձեռ­նար­կե­լու պա­տե­հա­պաշ­տու­թեամբ։

Եւ փաս­տօ­րէն նման բե­մադ­րու­թիւն­նե­րը սոսկ թրքան­պաստ քա­րոզ­չու­թեան ծա­ռա­յե­լու եւ ո­ճի­րին բուն՝ պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը լու­սար­ձակ­նե­րէ հե­ռու պա­հե­լու նպա­տա­կը հե­տապն­դե­ցին։
Հ­րանդ ­Տին­քի ա­հա­բեկ­ման ե­տին կանգ­նած մութ ու­ժե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու եւ օ­րէն­քի խստու­թեամբ պատ­ժե­լու պաշ­տօ­նա­կան նկրտում­նե­րը այն­քա՜ն խո­րա­ման­կու­թեամբ շա­հար­կո­ւե­ցան ­Թուր­քիոյ այժ­մու իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ, որ Էր­տօ­ղան սկսաւ բա­րի վա­րուց վկա­յա­գիր­ներ ստա­նալ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի ա­ջէն ու ձա­խէն։

Այդ դրա­մագ­լու­խով ալ պաշ­տօ­նա­կան Ան­գա­րան փոր­ձեց, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն իր մուտ­քը դիւ­րաց­նե­լու եւ հա­մաշ­խար­հա­յին բե­մի վրայ ­Ցե­ղաս­պա­նի իր մտա­պատ­կե­րը փո­խե­լու՝ յար­դա­րե­լու հա­շիւ­նե­րով, ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով շա­հար­կել հա­յեւ­թուրք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման օ­րա­կար­գը՝ շա­րու­նակ տա­րա­ծե­լով այն թիւ­րի­մա­ցու­թիւ­նը, թէ թրքա­կան հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան շռնդա­լից ա­պա­ցոյ­ցը Ան­գա­րա պի­տի տար Հ­րանդ ­Տին­քի ա­հա­բեկ­ման պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն անխ­նայ բա­ցա­յայ­տու­մով ու պատ­ժու­մով։

Բայց այդ բո­լոր խոս­տում­ներն ու թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­նե­րը ան­ցեա­լին հետ մոռ­ցո­ւած են ար­դէն եւ սուտ փու­չիկ­նե­րու պէս օ­դը ցնդած են պե­տա­կան պա­տո­ւէ­րով կա­տա­րո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թե­նէն տաս­ներ­կու տա­րի ետք։

Ա­ւե­լին՛. ­Տին­քի նա­հա­տա­կու­թե­նէն հինգ տա­րի ետք, թրքա­կան ար­դա­րա­դա­տու­թիւ­նը չվա­րա­նե­ցաւ սուտ ու կեղ­ծի­քով եզ­րա­փա­կե­լու ­Տին­քի պե­տա­կան ա­հա­բեկ­ման դա­տաքն­նու­թիւ­նը՝ միակ եւ ինք­նագ­լուխ յան­ցա­գոր­ծի մը վե­րագ­րե­լով կա­տա­րո­ւած ո­ճի­րը եւ ցմահ բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տե­լով զայն։ ­Բայց 17 ­Յու­նո­ւար 2012-ի այդ խայ­տա­ռակ դա­տավ­ճի­ռով՝ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը նաեւ հեգ­նե­ցին ողջմ­տու­թիւ­նը ա­րար-աշ­խար­հին, երբ պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րե­ցին, թէ ­Տին­քի սպա­նու­թիւ­նը «կազ­մա­կեր­պու­թեան մը գոր­ծը չէ»…

Եւ ա­հա ­Տին­քի նա­հա­տա­կու­թեան տաս­ներկ­րորդ տա­րե­լի­ցին ան­գամ, թրքա­կան ար­դա­րա­դա­տու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ա­մէն մի­ջո­ցի դի­մել, դա­տա­խազ­ներ ան­գամ գոր­ծէ հե­ռաց­նել, որ­պէս­զի ­Տին­քի սպա­նու­թեան դա­տաքն­նու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւած ու փա­կո­ւած հա­մա­րո­ւի՝ ո­ճի­րը վե­րագ­րե­լով ինք­նագ­լուխ գոր­ծած ծայ­րա­յե­ղա­կան յան­ցա­գործ­նե­րու…

Այս ա­ռու­մով ալ, Հ­րանդ ­Տին­քի մար­տի­րո­սաց­ման իւ­րա­քան­չիւր տա­րե­լի­ցի հետ, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը միա­բե­րան կը պոռթ­կայ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն, որ ­Թուր­քիոյ հա­յու­թեան ի­րա­ւա­տէ­րի ու պա­հան­ջա­տէ­րի ար­դա­րա­գոյն ձայ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի պե­տա­կան ա­հա­բե­չու­թեան թի­րախ մնալ։ Եւ աշ­խար­հով մէկ պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւ­նը այ­սօր ը վե­րա­նո­րո­գէ ­Տին­քի ու­ղիով պայ­քա­րը շա­րու­նա­կե­լու եւ սաստ­կաց­նե­լու հա­մազ­գա­յին իր ուխ­տը։

Հ­րանդ ­Տինք ծնած էր 1954-ի ­Սեպ­տեմ­բեր 15-ին, ­Մա­լա­թիա։ 7 տա­րե­կա­նին ծնող­նե­րուն հետ Մա­լա­թիա­յէն տե­ղա­փո­խո­ւած էր ­Պո­լիս, ուր ծնող­նե­րու ա­մուս­նա­լուծ­ման հե­տե­ւան­քով յանձ­նո­ւած էր ­Կէ­տիկ­փա­շա­յի հայ­կա­կան ման­կա­տան խնա­մա­տա­րու­թեան։ Ու­սու­մը ստա­ցած էր նախ «­Պէզ­ճեան» վար­ժա­րա­նին, ա­պա՝ «­Սուրբ ­Խաչ» դպրե­վան­քին մէջ։ ­Բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լով՝ ա­ւար­տած էր ­Պոլ­սոյ պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի կեն­սա­բա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան կա­ճառ­նե­րը։ Վ­կա­յո­ւե­լով՝ կա­տա­րած էր զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը, որ­մէ ետք նո­ւի­րո­ւած էր հրա­պա­րա­կագ­րա­կան աս­պա­րէ­զին։

Թր­քա­կան մա­մու­լին իր աշ­խա­տակ­ցու­թեան կող­քին, Հ­րանդ ­Տինք 80ա­կան­նե­րուն կա­նո­նա­ւո­րա­բար աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ պոլ­սա­հայ մա­մու­լի յա­ռա­ջա­պահ «­Մար­մա­րա» թեր­թին՝ Ջու­թակ ծած­կա­նու­նով քննա­դա­տա­կան յօ­դո­ւած­ներ լոյս ըն­ծա­յե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ հրա­պա­րա­կո­ւող թրքա­կան խե­ղա­թիւ­րում­նե­րու մա­սին։

1996-ին Հ­րանդ ­Տինք հիմ­նեց թրքա­լե­զու «Ա­կօս» թեր­թը՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով ներ­կա­յաց­նե­լու եւ քննար­կե­լու ­Թուր­քիոյ հա­յու­թիւ­նը յու­զող խնդիր­նե­րը՝ դառ­նա­լու ա­նոր հա­մար­ձակ ձայնն ու ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նը։

Յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­պա­նու­թեան հար­ցով հա­կադ­րո­ւած ըլ­լա­լով ­Թուր­քիոյ պաշ­տօ­նա­կան տե­սա­կէ­տին՝ ­Տինք բազ­միցս հա­լա­ծո­ւե­ցաւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ, մին­չեւ որ 2005-ին դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ 6ամ­սեայ պայ­մա­նա­կան բան­տար­կու­թեան:

Իր ա­զա­տա­խոհ եւ յան­դուգն հրա­պա­րա­կում­նե­րուն առ ի գնա­հա­տանք՝ Հ­րանդ ­Տինք 2005-ին ար­ժա­նա­ցաւ ­Թուր­քիոյ ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու ­Պաշտ­պա­նու­թեան ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան «­Խօս­քի եւ ­Խիղ­ճի Ա­զա­տու­թեան» տա­րե­կան մրցա­նա­կին։

Իսկ 2006-ին՝ ­Գեր­մա­նիոյ «Շ­թեռն» ամ­սա­թեր­թի հիմ­նա­դիր ­Հեն­րի ­Նան­նե­նի՝ «­Մա­մու­լի Ա­զա­տու­թեան եւ Լ­րագ­րո­ղա­կան ­Խի­զա­խու­թեան» մրցա­նա­կին։

Նաեւ՝ ­Նոր­վե­կիոյ՝ «­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու ­Պաշտ­պա­նու­թեան ­Բեոռն­սի Ա­նո­ւան» մրցա­նա­կին։ ­Վեր­ջա­պէս, բայց ոչ վեր­ջի­նը՝ 2007-ին ար­ժա­նա­ցաւ, յետմա­հու, Հ.Հ. նա­խա­գա­հի յա­տուկ մրցա­նա­կին։
Հ­րանտ ­Տին­քի յի­շա­տա­կին ստեղ­ծո­ւե­ցաւ «Հ­րանտ ­Տին­քի ա­նո­ւան ­Մի­ջազ­գա­յին ­Հիմ­նադ­րամ»ը՝ ա­մե­նա­մեայ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն կա­տա­րե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։

Հիմ­նադ­րա­մը 2009-ին լոյս ըն­ծա­յեց ­Տին­քի «Եր­կու մօտ ժո­ղո­վուրդ, եր­կու հե­ռու հա­րե­ւան» գիր­քը, նո­ւի­րո­ւած՝ հա­յեւ­թուրք յա­րա­բե­րու­թեանց։

Ինչ­պէս ի­րա­ւա­տէր ողջ հա­յու­թեան, այն­պէս ալ թուրք հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր ար­դա­րա­միտ եւ ող­ջա­խոհ շրջա­նակ­նե­րուն հա­մար, ­Տին­քի դէմ գոր­ծո­ւած պե­տա­կան ա­հա­բեկ­չու­թեան թղթած­րա­րը դեռ չէ փա­կո­ւած։

Դա­տաքն­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի եւ ի վեր­ջոյ ար­դա­րա­դա­տու­թեան հաս­նե­լու պա­հան­ջով միշտ ար­թուն կը հսկեն Հ­րանդ ­Տին­քի գա­ղա­փա­րա­կից­ներն ու հա­մա­կիր­նե­րը, մին­չեւ որ ամ­բող­ջա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը լոյս աշ­խարհ բե­րո­ւի եւ ­Թուր­քիոյ հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան ձայ­նը ա­հա­բե­կե­լու յան­ցա­գոր­ծու­թեան բո­լոր մեղ­սա­կից­նե­րը ի­րենց ար­ժա­նի պա­տի­ժը ստա­նան։