ՀՀ Նախագահի Հրամանագիրով Նշանակուեցան Կառավառութեան 12 Նախարարները

Հայաստան

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Յունուար 18ին հրամանագիներ ստորագրեց 12 նախարարները նշանակելու մասին` հիմք ընդունելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկները:

Հրամանագիրներով՝

  • Զոհրապ Մնացականեան նշանակուեցաւ Արտաքին գործոց նախարար,
  • Դաւիթ Տօնոյեան` Պաշտպանութեան նախարար,
  • Ֆելիքս Ցոլակեան` Արտակարգ իրավիճակներու նախարար,
  • Ատոմ Ջանջուղազեան` Ելեւմուտքի նախարար,
  • Տիգրան Խաչատրեան` Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար,
  • Յակոբ Արշակեան` Երթեւեկութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար,
  • Էրիկ Գրիգորեան` Բնապահպանութեան նախարար,
  • Արտակ Զէյնալեան` Արդարադատութեան նախարար,
  • Արսէն Թորոսեան` Առողջապահութեան նախարար,
  • Զարուհի Բաթոյեան` Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար,
  • Սուրէն Պապիկեան` Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար,
  • Արայիկ Յարութիւնեան` Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար: