ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պիտի Մասնակցի Տաւոսի Համաշխարհային Տնտեսական Համաժողովին

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յունուար 20-ին, աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Զուիցերիա` Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովին մասնակցելու նպատակով:

 

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ համաժողովին ծիրէն ներս՝ կը  նախատեսուին ՀՀ վարչապետի շարք մը երկկողմ եւ բազմակողմ հանդիպումներ այլ պետութիւններու ղեկավարներու, միջազգային կազմակերպութիւններու, գործարար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Տաւոսի մէջ Նիկոլ Փաշինեան պիտի  մասնակցի նաեւ Համաշխարհային տնտեսական առաջնորդներու ոչ պաշտօնական հաւաքին (IGWEL) եւ Համաշխարհային քաղաքացիական նիստին:

 

Զուիցերիոյ Զիւրիխ քաղաքին մէջ կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Զուիցերիա-Հայաստան առեւտուրի պալատի ներկայացուցիչներու եւ զուիցերացի գործարարներու հետ: