Լիացած Ռոստոմի Յիշատակով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Յուսաբեր»

Յունուարի 18-ին լրացաւ ազգային պատմութեան ազատագրական պայքարի, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան փուլի առասպելական գործիչներէն, ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան կրտսերագոյն անդամի՝ Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) մահուան հարիւրերորդ տարելիցը: Ան այս աշխարհէն հեռացաւ 1919-ի այս օրը, վարակուած բծաւոր տիֆէ:

Առանձնայատուկ այս նուիրեալն իր կեանքը նուիրեց Հայու իրաւունքներու պաշտպանութեան, իր աւագ ընկերոջ՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի հետ՝ 1884-ին Ցարական Ռուսաստանի տարածքին հայոց եկեղեցիին պատկանող՝ ծխական վարժարաններու փակման որոշումին դէմ եռանդուն պայքարի դաշտ նետուելով: Դաշնակցութիւն դեռ չկար, բայց դաշնակցական իրաւապաշտպան գործը կար արդէն:

Այնուհետեւ՝ Ռոստոմի գործունէութեան դաշտը չսահմանափակուեցաւ մարզով մը, ինչպէս՝ իր հետաքրքրութիւնները: Ան տեղ մը յեղափոխութեան գաղափարականի կռանող դարբին էր, այլուր Սուրբ գործին գիտութիւնը ծառայեցնելու հետամուտ, ուրիշ տեղեր մեր ազգի կամ այլազգի յեղափոխականներու հետ գործակցութիւնը դարբնող, երգչախումբի անդամ, ուսուցիչ կամ կրթական շրջանի վերատեսուչ, «Դրօշակ»ի խմբագիր, միաժամանակ գրաշար ու ցրուիչ, բոլորանուէր մը ըստ ամենայնի, որ մեծ ու փոքր գործերու միջեւ տարբերութիւն չդրաւ, Դաշնակցութեան էութեան ձեւաւորող հեղինակութիւն մը:

Ազգային հողին վրայ նեղմիտ ազգայնամոլ չեղաւ, սակայն երբեք չտրուեցաւ ազգուրաց այլասիրութեան: Եթէ իր մահէն հարիւր տարի ետք իր գաղափարները կենդանի են ու իր անմոռ տիպարը կը պահէ իր հմայքը, կը նշանակէ, որ ազգային մեր կազմակերպութիւնը, պետութեան առկայութեամբ իսկ, դեռ չէ նուաճած ներքին ու դրացիներու հետ համակեցութեան իտէալը: Հայոց կենաց պայքարի էջը դեռ բաց է ու նոր էջեր գրելու կարիքը ունի, հասնելու համար այնքան փայփայուած խաղաղ համակեցութեան:

Նպատակի թերաւարտութիւնը Ռոստոմի ու իր գաղափարակիցներու ուխտի նոր տապանակիրներ գործի կը կանչէ: Ի գո՛րծ, արարելու համար ուրիշ աշխարհ մը, ուր արիւնն ու արցունքը փոխարինուած ըլլան կեանքով ու խնդութեամբ, աշխատանքի յարգանքով եւ գնահատումով փոխարինուած ըլլայ նմանի անյագ շահագործումը, մարդը Երկիր մոլորակին ու շրջակայ բնութեան վերաբերուի իբրեւ ժառանգութիւն, զոր հարստացուցած պիտի փոխանցէ հետագայ սերունդներուն:

Նպատակը շա՛տ աւելի ծաւալուն է քան կը պատկերացուի, որովհետեւ առանձին, մեկուսի խաղաղութիւն եւ խնդութիւն, ընկերային արդարութիւն կամ բնապահպանութիւն երբեք չէ եղած ու պատկերացնել իսկ կարելի չէ:

Այսօր աւելի քան երբեք աշխարհը կարիքն ունի պատերազմի հրձիգներու, ցեղասպաններու, անարդարութեան հեղինակներու, ինքնասիրահարուած կոյր ձեւացողներու, շահագործող ցեցերու, բնութիւնն անխնայ՝ անհաշիւ վատնողներու բեւեռին դէմ աւելի մարդասէր ու արդար հզօր, տարածուն եւ ընդգրկունակ բեւեռի մը ձեւաւորման, զոր Ռոստոմներու սերունդը գտած էր սոցիալիզմին մէջ:

Սոցիալիզմը, ընկերվարութիւնը անցեալ 150 տարուան մէջ չյաջողեցաւ ձայնազուրկ եւ ճնշուած զանգուածներ համախմբողի իր դերը յաջողութեամբ գլուխ բերել. աւելին՝ չյաջողեցաւ արգիլել իր անուան առընչութիւնը անմարդկայնութեան, ըլլայ այն ռուսական յեղափոխութեան ընթացքին ու անկէ ետք թէ՛ առաջին ու երկրորդ համաշխարհայիններուն, թէ՛ այնուհետ՝ նորանկախ երկիրներու ժողովուրդներու ճնշման եւ շահագործմանը: Սոցիալիզմն ըստ ամենայնի ունեցաւ աշխատաւորական շահերու պաշտպանութեան եւ իրագործման մէջ մեծ դերակատարութիւն, իսկ աւելի լայն ասպարէզներ թողուց աւելի կատարեալ գաղափարախօսութեան մը, որ դեռ պէտք է գայ ու համախմբէ մարդկութեան աւելի լայն զանգուածներ եւ ձեւացնէ համարժէք ու հզօր բեւեռ:

Ռոստոմներու յիշատակը երբ կը յարգենք, պայման չէ որ փողահարը դառնանք իր ընկերային հաւատամքին՝ սոցիալիզմին: Ներկայ փոքրացած աշխարհը կարիքն ունի աւելի համախմբող ու ընդգրկուն գաղափարի, որ ազդու լծակներ պիտի ստեղծէ իր հաւասարակշռող՝ հաշտարար կամքը թելադրելու: Ռոստոմներ ծնած հայ ազգը ո՛չ միայն կարիքն ունի կեանքի եւ արարման իր իրաւունքը լիարժէք պաշտպանելու նման հզօր գործընկեր դաշնակիցի ձեւաւորման, այլ պարտաւո՛ր է Հայկեան հանճարով առաջնորդելու այդ ուղին:

Ռոստոմը չէ մահացած այնքան ժամանակ, որ իր ու իր ընկերներու նպատակները չե՛նք զիջիր, միաժամանակ զանոնք իրագործելու նորանոր միջոցներու կը հետամտինք:

Նորահաս հայ երիտասարդութեանն է հերթն իր կեանքը իմաստաւորելու: