ԱՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի Յայտարարութիւնը Պաքուի Հայերու Կոտորածներու 29-րդ Տարելիցին Առիթով

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան յայտարարութիւն տարածած է՝ 1990 Յունուարին Ատրպէյճանի կողմէ Պաքուի մէջ կազմակերպուած հայերու կոտորածներու 29-րդ տարելիցին առիթով: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան ՄԻՊ գրասենեակէն:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է՝

  1. 1990 թուականի Յունուարին Ատրպէյճանի Պաքու քաղաքը կրկին դարձած էր հայերու նկատմամբ շարունակաբար իրականացուող ջարդերու թատերաբեմ (1905թ. եւ 1918թ. հայերու զանգուածային կոտորածներէն ետք երրորդ անգամ), ուր, ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի միւս բնակավայրերուն, դեռ կը շարունակէին բնակիլ զգալի թիւով հայեր: Յունուար 13-ին, Պաքուի մէջ կազմակերպուած բազմահազարանոց հանրահաւաքէն ետք, կանխաւ մշակուած ծրագիրինհամաձայն, հաւաքուած մօտ 50 հազարանոց ամբոխը բաժնուեցաւ խումբերու եւ նախորոշուած հասցէներով ներխուժեց հայերու բնակարաններ՝ քաղաքը հայերէն «մաքրելու» նպատակով:
  2. Յունուար 13-20 ինկած ժամանակահատուածին, միայն իր ազգային պատկանելիութեան համար, Պաքուի հայութիւնը ենթարկուեցաւ բռնարարքներու՝ կոտորած, թալան ու բռնի տեղահանում՝ խախտելով հայերու կեանքի, խոշտանգումներէն ու խտրականութենէն զերծ ըլլալու, ազատութեան ու անվտանգութեան, սեփականութեան, արդար դատաքննութեան եւ շարք մը այլ իրաւունքներ: Սպաննուածներու ճշգրիտ քանակը մինչ այժմ յայտնի չէ, սակայն ըստ մեր վերջին հետազօտութիւններուն՝ սպաննուած է շուրջ 450 մարդ:
  3. Յունուար 18-ին, Պաքուի հայկական ջարդերու եւ Շահումեանի շրջանի հայկական գիւղերու եւ Գետաշենի վրայ յարձակումներու առիթով՝ Եւրոխորհրդարանը ընդունեց «Հայաստանի մէջ իրավիճակի մասին» բանաձեւը, որ կոչ կ՝ընէր ԽՍՀՄ իշխանութիւններուն ապահովելու Ատրպէյճանի մէջ ապրող հայերու գործին պաշտպանութիւնը՝ իրավիճակին միջամտելու համար զօրք մտցնելու միջոցով:
  4. Միայն 1990 Յունուար 20-ի գիշերը, Ատրպէյճանական ԽՍՀ մայրաքաղաք մտցուեցան Խորհրդային բանակի ստորաբաժանումները, որոնք, կոտրելով Ատրպէյճանի ազգային ճակատի զինուած ջոկատներու կատաղի դիմադրութիւնը, դադրեցուցին հայերու եօթնօրեայ կոտորածները:
  5. 1990թ. Յուլիս 27-ին, «New York Times»-ի մէջ հրապարակուեցաւ բաց նամակ՝ ուղղուած միջազգային հանրութեան, որ ստորագրուած էր Եւրոպայի, Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի 133 նշանաւոր գիտնականներու եւ իրաւապաշտպաններու կողմէ, որոնք բողոքի ձայն կը բարձրացնէին Պաքուի մէջ հայերու սպանութիւններու եւ ջարդերու դէմ: Նամակին մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուէր, որ «հայկական փոքրամասնութեան դէմ իրականացուած ոճրագործութիւնները Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ դարձած են հետեւողական փորձ, եթէ ոչ՝ պաշտօնական քաղաքականութիւն»:
  6. Ատրպէյճանի կողմէ Պաքուի մէջ կազմակերպուած մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութիւնը արագացուց եւ գրեթէ աւարտին հասցուց Ատրպէյճանի մէջ հայ բնակչութեան լրիւ ցեղական զտումը: Այդ քաղաքականութեան ծիրէն ներս՝ 1988-1990թթ. Ժամանակահատուածին՝ Ատրպէյճանի Սումգայիթ, Կիրովապատ եւ շարք մը այլ քաղաքներու ու Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ, ԽՍՀՄ իշխանութիւններու իմացութեամբ ու արտօնութեամբ, սպաննուեցան հազարաւոր եւ բռնագաղթեցին շուրջ 500,000 հայեր:
  7. Անոր յաջորդող տարիներուն (ներառեալ՝ 1991-1994թթ. Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան պատերազմին ժամանակ) նոյնպէս Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուած է հայերու ցեղական զտման քաղաքականութիւնը, որ, ըստ մեր վերլուծութեան, լիովին կը համապատասխանէ ՄԱԿ-ի 1948թ. «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու մասին» պայմանագիրով սահմանուած ցեղասպանութեան յանցագործութեան իրաւական ձեւակերպման: Աւելին, բացի հարիւրհազարաւոր ատրպէյճանահայութեան հայրենազրկումէն, մեր հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ անոնց սեփականութեան, ազատ տեղաշարժի եւ շարք մը այլ իրաւունքներ շարունակաբար կը մնան խախտուած, եւ շատերը, առ այսօր, կը կրեն այդ քաղաքականութեան ֆիզիքական, հոգեբանական ու նիւթական հետեւանքները:
  8. Կատարուած յանցագործութիւնները մինչ օրս պատշաճ իրաւական գնահատական չեն ստացած եւ մնացած են անպատիժ, որուն հետեւանքներէն է նաեւ ներկայիս Ատրպէյճանի հանրապետութեան կողմէ հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան իրականացումը: Ատոր զոհերը կը շարունակեն դառնալ ոչ միայն ատրպէյճանահայութիւնն ու Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան բնակչութիւնը, այլեւ բոլոր հայերը եւ Արցախ այցելող օտարերկրացիները: Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի հայատեացութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը 2018-ին հրապարակած է յատուկ զեկոյց՝ ներկայացնելով անոր դրսեւորման յստակ օրինակներ եւ վերաբերելի միջազգային իրաւունքի վերլուծութիւն:
  9. Ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ սերմանուած հայատեացութեան դրսեւորման աշխոյժ փուլ արձանագրուեցաւ նաեւ 2016 Ապրիլին, Արցախի վրայ Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակման ժամանակ, եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը իր փաստահաւաք առաքելութեան ծիրէն ներս, 2016-իյատուկ զեկոյցով, ներկայացուցած է քաղաքացիական ու զինուորական անձերու սպանութեան, գլխատման, խոշտանգման եւ իրաւունքներու խախտման ու պատերազմական յանցագործութիւններու շարք մը այլ դէպքեր: Յատկանշական է, որ այդպիսի յանցագործութիւններ կատարած ատրպէյճանցի զինուորականները այնուհետեւ պարգեւատրուած ու խրախուսուած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ:
  10. Պաշտպանը կոչ կ՝ընէ միջազգային հանրութեան՝ պատշաճ իրաւական գնահատական տալու 1990 Յունուարին Պաքուի մէջ կատարուած բռնութիւններուն՝ համաձայն միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն, ինչպէս նաեւ գործուն միջոցներ ձեռնարկելու ներկայիս շարունակուող հայատեացութեան քաղաքականութեան դադարեցման ուղղութեամբ:

 

Ռասիստական ատելութեան այդ ճանապարհը ոչ միայն կը հակասէ միջազգային իրաւունքի հանրայայտ սկզբունքներուն, այլեւ աւելի ու աւելի կը հեռացնէ երկու ժողովուրդները՝ հակամարտութեան կարգաւորումէն եւ տեւական խաղաղութենէն: