Հալէպի Մէջ 2018 Տարեշրջանի Նորածին Հայ Մանուկներու Նոր Տարուան Նուէրներ Բաշխուեցաւ

Սփիւռք

Սուրիահայ գաղութի  վերականգնումին երաշխիքներէն մէկն ալ նոր սերունդներու ծաղկումն   է:

Արդարեւ, հովանավորութեամբ  Բերիոյ   Հայոց  Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ . Արք .  Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ  թեմիս Նպաստից  Յանձնախումբին, Շաբաթ, 12 Յունուար 2019-ի առաւօտ ժամը 12:30-ին  Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2018 տարեշրջանի իննսուն  եւ ութը  նորածին հայ մանուկներու նուէրներու բաշխում:

Հանդիպումը բաց յայտարարուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան  Հօր  «Տէրունական» աղօթքով, ապա սրբազան  հայրը շնորհաւորեց 2018-ի ծնունդ մանուկները եւ անոնց ծնողները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով՝ մաղթելով խաղաղութիւն ու բարի տարի մը Սուրիական Հայրենիքին եւ Հայաստան աշխարհին:

Ան ըսաւ . «Այսօր մեզի համար անսահման ուարխութիւն է տեսնել մեր նորապսակ զոյգերը իրենց նորածին երեխաներով: Այն երջանկութիւնը որ ձեզի շնորհուեցաւ մերն է նաեւ, որովհետեւ հայ սերունդը կ՛աճի: Այսօր մենք ձեր դէմքերուն  վրայ կը տեսնենք երջանկութեան ժպիտ, որ կ՛արտայայտուի նաեւ այն մեծ սիրով ու գուրգուրանքով ձեր երեխաներուն նկատնանբ: Այսօր ձեր երեխաները Աստուծոյ շունչը կը բերեն մեր եւ ձեր Կեանքին»:

Իր խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն բարերարներուն, որոնք նիւթաբարոյական աջակցութեամբ կ՛օժանդակեն եւ նեցուկ կը կանգնին համայնքի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ Նպաստից Յանձնախումբին, որ պատասխանատու այս աշխատանքը խանդավառութեամբ լրումին հասցուց:

Իւրայատուկ այս հաւաքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան  Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորածին մանուկներն ու իրենց ծնողները՝ մաղթելով որ երկնաւոր Տէրը բոլորին պահէ ու պահպանէ անփորձանք, առողջ ու կայտառ, եւ Նոր Տարին ըլլայ լիիրաւ խաղաղութեան ու բարօրութեան տարի:

Նորածինները իրենց ծնողներուն հետ Առաջնորդ Սրբազան  Հօր ձեռամբ ստացան Նոր Տարուան նուէրներ եւ ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան:

Նպաստից Յանձնախումբ