Հրաժեշտի Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան 3-րդ Քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեանին Եւ Իր Կնոջ

Հայաստան, Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 16 Յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կազմակերպեց յատուկ հրաժեշտի ընդունելութիւն մը` ի պատիւ դեսպանութեան 3-րդ քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեանին եւ իր կնոջ` իրենց դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով, կը հաղորդէ “Ազդակ”։

Այս առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Լեւոն Գրիգորեան, նախկին եւ ներկայ նախարարներ, երեսփոխաններ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Ան ըսաւ, թէ ասիկա իր առաջին հանդիպումն է հայ համայնքին հետ դեսպանութեան պատերէն ներս: Ապա անդրադարձաւ այս հանդիպման նպատակին եւ յայտնեց, որ անիկա ունի եռակի խորհրդանշական բնոյթ: Նախ Հայաստանի դեսպանի կողքին է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարը, որ չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ Հայաստանը ո՛չ միայն քարտէս է, այլ նաեւ կայ հաւաքական Հայաստանը, որ կը ներառէ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքի մեր եղբայրներն ու քոյրերը: Ասիկա քարտէս չէ, այլ մեր բոլորին պատկերացումներուն մէջն է: Դեսպան Աթաբէկեան հաստատեց, որ առանց Արցախի չկայ Հայաստան, առանց Հայաստանի չկայ Արցախ, առանց սփիւռքի չկայ Հայաստան եւ Արցախ: Առանց Հայաստանի եւ Արցախի սփիւռքի ապագան զօրեղ չէ, ինչպէս որ պէտք է ըլլայ: Ապա ողջունեց բոլոր ներկաները եւ յայտնեց, որ այստեղ Հայաստանն է եւ կը նշանակէ բոլոր  հայերու տունն է:

Դեսպանը երկրորդ հերթին ողջունեց Հայաստանի դեսպանութեան նոր ռազմական կցորդ գնդ. Մուշեղեանը: Ապա ան մատնանշեց, որ Հայաստան դարեր շարունակ պետականութիւն չէ ունեցած, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը շատ լաւ գիտէ բանակին արժէքը: Փառք ու պատիւ մեր բանակին:

Դեսպանը երրորդ հերթին արժեւորեց դեսպանութեան 3-րդ քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեանին եւ իր կնոջ եռամեայ գործունէութիւնը: Դեսպան Աթաբէկեան յայտնեց, որ Վլատիմիր Պօղոսեան իր աշխատանքի երեք տարիներուն ընթացքին այնքան բարձր դրած է նշաձողը սփիւռքի հետ դեսպանութեան պատասխանատու դիւանագէտի հանգամանքով, որ անկասկած դժուար պիտի ըլլայ յաջորդ դիւանագէտի համար նոյն ընթացքով շարունակելը: Ապա ան ըսաւ, թէ իրենք` դիւանագէտները զինուորներ են ազգին համար: Բոլորը կը ծառայեն մեր երկրին եւ նոյն նպատակին, որ նոյնինքն պաշտպանել է մեր երկրին շահերը դուրսէն: Վլատիմիր Պօղոսեան զինուոր էր եւ եկաւ ծառայեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մէջ: Այժմ ան պիտի ծառայէ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Դեսպանը իր խօսքը եզրափակեց եւ յայտնեց, որ Վլատիմիր Պօղոսեան հիմա պիտի երթայ տուն` Հայաստան, որ բոլոր հայերուն տունն է:

Հուսկ սրտի եւ ողջերթի խօսք արտասանեց դեսպանութեան 3-րդ քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեան: Ան յայտնեց, որ երախտապարտ է, որ առաջին դիւանագիտական փորձառութիւնը անցուց Լիբանանի պէս կարեւորագոյն պետութեան մէջ, ուր կ՛ապրի ստեղծագործ եւ զօրաւոր լիբանանահայ համայնքը իր բոլոր կառոյցներով հանդերձ, համայնք մը, որուն արդարացիօրէն կ՛անուանեն հայկական սփիւռքի սիրտ կամ միջնաբերդ: Այս իրողութիւնը անհերքելի է, եւ ան այս իրողութեան համոզուած է իր անձնական փորձառութեամբ:

Ապա Վլատիմիր Պօղոսեան խօսեցաւ Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական աշխատանքին մասին եւ յայտնեց, որ դիւրին չէ բազմազան եւ նոյն ատեն հետաքրքրական Լիբանանը իր բնոյթով համեմատել որեւէ երկրի դիւանագիտական ծառայութեան հետ: Դիւրին չէ, որովհետեւ կան զգայական նուրբ պահեր, որոնք անկարելի է զանց առնել, միեւնոյն ժամանակ հետաքրքրական է, որովհետեւ ամէն օր կ՛առնչուիս հայրենասէր, աւանդապահ եւ հիւրընկալ հայու տեսակի հետ: Ան նշեց, որ պէտք է տիրապետել դիւանագիտական հմտութիւններուն, որոնց շնորհիւ միայն կարելի է ճիշդ մօտեցում ցուցաբերել համայնքի իւրաքանչիւր կառոյցի եւ անհատի նկատմամբ: Ան մատնանշեց, որ իր դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին աշխատած է լիբանանահայ բոլոր կառոյցներուն հետ հաւասարապէս: Միասին յաջողեցան կազմակերպել եւ իրականացնել բազմաթիւ նոր, մշտական եւ ամէնամեայ ծրագիրներ հայ համայնքի եւ լիբանանեան շրջանակներուն մէջ` շնորհիւ բոլորին մշտական աջակցութեան: Ան ողջունեց իրեն յաջորդող դիւանագէտը` յանձին Դաւիթ Ալավերդեանի:

Վլատիմիր Պօղոսեան նշեց նաեւ, որ իր ձեռք ձգած գիտելիքներուն եւ փորձառութեան շնորհիւ պիտի կարենայ աւելի լաւ ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեան: Անշուշտ այս արդիւնքներուն հասնելու համար անուրանալի է դերը անշահախնդիր եւ աշխուժ աջակիցներուն:

Իր խօսքի աւարտին ան յայտնեց, որ իր եւ իր կնոջ յիշողութեան մէջ մշտապէս վառ պիտի մնան լիբանանեան ծառայութեան տարիները:

Ապա ներկաները իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին դեսպանութեան 3-րդ քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեանին եւ իր կնոջ: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: