Անհրաժեշտ Է Աւելի Զգօն Եւ Հաստատուն Ըլլալ․ Յակոբ Բագրատունի

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի մասնակից երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի բնորոշումով ժողովը պատմական է, որովհետեւ ՀՅԴ 128-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ ազատ, մարտունակ, հպարտ Արցախի մէջ կը գումարուի:

«Այս հանգամանքը մեզ` դաշնակցականներս, յաւելեալ պարտադրանքի տակ կը դնէ` կայացնելու խոհուն, ճիշդ, զգօն եւ  պայքարի պատմութեան համապատասխանող որոշումներ: Այսօր, երբ կը տեսնենք, որ Արցախի պայքարը որոշ հունաւորում ունի, եւ  միաժամանակ մտահոգութիւններ ունինք Արցախի ապագային առումով, բնականաբար, կարեւոր որոշում է ժողովը այստեղ կազմակերպելը»,-  ըսած է Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ 1919-ի 9-րդ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցած է անկախ Հայաստանի մէջ: Դժբախտաբար Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ  արգիլուեցաւ ՀՅԴ գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Բայց իշխանափոխութենէն ետք բոլոր  Ընդհանուր ժողովները տեղի ունեցած են մայր հայրենիքի մէջ:

Անդրադառնալով հետագայ քաղաքական ուղեգիծին մէջ շրջադարձային փոփոխութիւններու մասին հարցումին` Յակոբ Բագրատունի նշած է, որ Ընդհանուր ժողովին մէջ բոլոր խնդիրները քննարկման նիւթ են. «Շրջադարձային փոփոխութիւններ կ՛ըլլան, երբ նախկին որոշումները սխալ կը գնահատուին: Նախորդ Ընդհանուր ժողովին տրուած որոշումները գործադրուեցան համապատասխան մարմիններուն  կողմէ, այս օրերուն պիտի վերաքննենք, բացթողումները պիտի քննարկենք եւ այնուհետեւ համապատասխան որոշումներ կայացնենք: Բայց հսկայական շրջադարձային որոշումներ հաւանական է, որ չըլլան, որովհետեւ այս պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է աւելի զգօն ու հաստատուն ըլլալ` տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն լոյսին տակ»: