Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ. Հաղորդագրութիւն

Սփիւռք

Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րուն առ­իթով, ­Հինգ­շաբ­թի, 10 ­Յու­նո­ւար 2019-ի ա­ռա­ւօ­տեան, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը` ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Ֆիք­սի եւ ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւղնե­րու վար­չա­կան ան­դամ­նե­րուն, այ­ցե­լու­թիւն­ներ տո­ւաւ Հ.Կ.Խաչի Ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­ր։

Ըն­կե­րու­հի­նե­րը հա­կիրճ ձե­ւով բա­ցատ­րե­ցին Հ.Կ.­Խա­չի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ յայտ­նե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ ա­նոնց ուս­ման մէջ, մաղ­թե­լով, որ Հ.Կ.­Խա­չի եւ գա­ղու­թի ջան­քե­րով հիմ­նո­ւած այս վար­ժա­րան­նե­րը շա­րու­նա­կեն հայ սե­րուն­դի դա­սա­ւան­դու­մը հա­յոց լե­զո­ւի, պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի շուրջ։

Աւարտին, բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն բաժ­նո­ւե­ցան ա­նու­շե­ղէն­ներ։

Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի
Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն