Մատթէոս Մամուրեան. ­Զար­թօն­քի ­Սե­րուն­դին Յա­ռա­ջա­պահ՝ Ա­զա­տա­խոհ Բան­բե­րը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն. Պէրպէրեան

Յու­նո­ւա­րի 15-ի այս օ­րը, 118 տա­րի ա­ռաջ, 71 տա­րե­կան հա­սա­կին թո­քախ­տի հե­տե­ւան­քով վախ­ճա­նե­ցաւ ներ­հուն մտա­ւո­րա­կան, ման­կա­վարժ, վի­պա­գիր, հան­րա­յին գոր­ծիչ, ան­խոնջ թարգ­մա­նիչ եւ, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ու վեր, հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան տա­ղան­դա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեան։

Շուրջ կէս դար, 1850-ա­կան­նե­րէն սկսեալ, ա­զա­տա­խո­հա­կան իր մտա­ծո­ղու­թեամբ եւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան դիւ­րա­հա­ղորդ գրի­չով՝ Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեան գրե­թէ ա­մէ­նօ­րեայ ներ­կա­յու­թիւն ե­ղաւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ՝ հա­յոց Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի ­Սե­րուն­դին յա­ռա­ջա­պահ հրա­պա­րա­կա­գիր­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­նա­լով։

Յատ­կա­պէս 1871-ին իր հիմ­նած եւ ամ­բողջ ե­րե­սուն տա­րի խմբագ­րած թեր­թը՝ «Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­մուլ»ը ի­րա­ւամբ կը հան­դի­սա­նայ խօ­սուն յու­շա­կո­թո­ղը Մ. Մա­մու­րեա­նի կա­տա­րած մե­ծար­ժէք գոր­ծին եւ բե­ղուն ժա­ռան­գու­թեան։

Ծ­նած էր Զ­միւռ­նիա, 1830-ին։ 1845-ին ա­ւար­տած էր տեղ­ւոյն «­Մես­րո­պեան» վար­ժա­րա­նը, իսկ 1850-ին՝ ­Փա­րի­զի «­Մու­րա­տեան» վար­ժա­րա­նը։ 1851-ին, ծննդա­վայ­րը վե­րա­դառ­նա­լով, Մ. Ա­ղա­պէ­կեա­նի հետ հիմ­նած էր Զ­միւռ­նիա­յի «Ա­ղա­պէ­կեան» ու­սում­նա­րա­նը։ 1853ին ու­սուց­չու­թիւն ը­րած էր Կ. ­Պոլ­սոյ մէջ, ուր եւ զօ­րա­կո­չո­ւած էր օս­մա­նեան բա­նակ եւ Խ­րի­մի պա­տե­րազ­մին ժա­մա­նակ աշ­խա­տած էր իբ­րեւ թարգ­ման։ 1856-57-ին, ­Լոն­տոն մեկ­նե­լով, յա­ճա­խած էր ­Քեմպ­րի­ճի հա­մալ­սա­րա­նը, իբ­րեւ ա­զատ ունկն­դիր։ 1858-ին, ամ­բողջ եր­կու տա­րի, շրջա­գա­յած էր Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին, հաս­նե­լով եւ այ­ցե­լե­լով նաեւ Ս. ­Փե­թերս­պուրկ։

Վե­րա­դառ­նա­լով ­Պո­լիս, 1860-1865, Մ. ­Մա­մու­րեան ստանձ­նեց ­Թուր­քիոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նի դի­ւա­նա­պե­տի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, իբ­րեւ ար­ժա­նա­ւոր ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն մէ­կը ­Զար­թօն­քի ­Սե­րուն­դին՝ յա­նուն աշ­խար­հա­բա­րի տա­րած­ման եւ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց մէջ աշ­խար­հա­կան ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­կակշ­ռի հաս­տատ­ման պայ­քա­րին նո­ւի­րո­ւե­լով։

Նոյն պաշ­տօ­նին վրայ գտնո­ւած մի­ջո­ցին, 1862ին, ­Մա­մու­րեան ձեռ­նար­կեց մե­ծա­ծա­ւալ հան­գա­նա­կու­թեան մը կազ­մա­կեր­պու­մին՝ ի նպաստ ­Զէյ­թու­նի ապս­տամ­բու­թեան ու­ժե­ղա­ցու­մին, միա­ժա­մա­նակ հրա­պա­րա­կեց ­Կի­լի­կիոյ տա­րած­քին Ա­զիզ փա­շա­յի ա­րիւ­նա­հեղ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը մեր­կաց­նող եւ դա­տա­պար­տող յօ­դո­ւած­ներ։

1865-1899, կարճ ընդ­մի­ջում­նե­րով, ­Մա­մու­րեան ստանձ­նեց Զ­միւռ­նիա­յի «­Մես­րո­պեան» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը եւ դա­սա­ւան­դեց անգ­լե­րէն, ֆրան­սե­րէն, ա­րա­բե­րէն եւ հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թիւն։

Իսկ 1871-1901, միշտ Զ­միւռ­նիա­յի մէջ, ան հիմ­նեց, հրա­տա­րա­կեց եւ խմբագ­րեց «Ա­րե­ւե­լեան Մա­մուլ» ա­նու­նով գրա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան յա­ջո­ղակ թեր­թը։

Ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րէն իսկ, ­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեան ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւած էր իր աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ եւ մտա­ւո­րա­կան ըն­դու­նա­կու­թեամբ։ ­Փա­րի­զի «­Մու­րա­տեան» վար­ժա­րա­նին մէջ իր դրսե­ւո­րած ար­ժա­նիք­նե­րուն եւ ձեռք­բե­րած փայ­լուն ար­դիւնք­նե­րուն հա­մար, ար­ժա­նա­ցած էր բարձ­րա­գոյն մրցա­նա­կի, որ ի­րեն յանձ­նո­ւե­ցաւ ­Լա­մար­թի­նի ձե­ռամբ եւ որ կը վկա­յէր ­Մա­մու­րեա­նի «միշտ բա­րե­բա­րոյ, խո­հա­կան, ու­շիմ, ճար­տար եւ յա­մե­նայ­նի յա­ռա­ջա­դէմ» ըլ­լա­լուն մա­սին։

Ա­զա­տա­խո­հա­կան եւ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան մտա­ծո­ղու­թեան հա­ւա­տա­ւոր դրօ­շա­կիր մը ե­ղաւ ­Մա­մու­րեան՝ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան թէ հան­րա­յին-ման­կա­վար­ժա­կան իր բազ­մա­մեայ ու ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին։

Լոն­տոն ապ­րած շրջա­նին իր գրած «Անգ­լիա­կան նա­մա­կա­նի» յօ­դո­ւած­նե­րու շար­քով՝ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մշակ­ման եւ որ­դեգր­ման հա­մար ան­խոնջ պայ­քար մղող­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ։ Ո՛ւր որ գտնո­ւե­ցաւ եւ ի՛նչ աշ­խա­տանք որ ստանձ­նեց՝ Մ. ­Մա­մու­րեան հրա­պա­րա­կագ­րի իր գրի­չը միշտ կեն­սու­նակ եւ բե­ղուն պա­հեց, մին­չեւ որ «Ա­րե­ւե­լեան Մա­մուլ»ի հիմ­նու­մով գտաւ իր հո­գե­հա­րա­զատ բե­մը։

Իր թեր­թի (սկզբնա­պէս՝ ամ­սա­թերթ, ա­պա՝ կի­սամ­սեայ, իսկ իր մա­հէն ետք նաեւ շա­բա­թա­թերթ ու օ­րա­թերթ) է­ջե­րուն ցրո­ւած «­Հայ­կա­կան նա­մա­կա­նի» վեր­տա­ռու­թեամբ եւ Վ­րոյր ստո­րագ­րո­ւած քրո­նիկ­նե­րու շար­քով՝ Մ. ­Մա­մու­րեան հան­դի­սա­ցաւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան այդ ո­ճին նա­խա­կա­րա­պե­տը հայ մա­մու­լի պատ­մու­թեան մէջ։ ­Լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ իր ժա­մա­նա­կի դէմ­քերն ու զար­գա­ցում­նե­րը, գա­ղա­փա­րա­կան հար­ցերն ու հա­սա­րա­կա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռանգ ձգե­լով այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հա­մաշ­խար­հա­յին եւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան զար­գա­ցում­նե­րը քննա­կա­նօ­րէն ար­տա­ցո­լող ընդգր­կուն հա­յե­լի մը։

Թէեւ ար­գա­սա­բեր ե­ղաւ ­Մա­մու­րեա­նի գրի­չը գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ թարգ­ման­չա­կան գոր­ծե­րու ար­տադ­րու­թեան ա­ռու­մով, բայց ի­րա­ւա­ցի են ա­նոր կեն­սա­գիր­ներն ու գրա­կա­նա­գէտ­նե­րը, երբ վե­րա­պա­հու­թեամբ կը մօ­տե­նան ա­նոր գրա­կա­նու­թեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ո­րա­կին՝ ընդգ­ծե­լով, որ ­Մա­մու­րեան ա­մէն բնա­գա­ւա­ռի վրայ տա­րա­ծո­ւե­ցաւ, բայց ոչ մէկ ճա­կա­տի վրայ կրցաւ ամ­բող­ջա­կան ինք­նադր­սե­ւոր­ման ու ինք­նա­հաս­տատ­ման յաղ­թա­կա­նի պսա­կը նո­ւա­ճել։

Յատ­կա­պէս մեծն ­Յա­կոբ Օ­շա­կան ե­ղաւ այն գլխա­ւոր քննա­դա­տը, որ դափ­նեզր­կեց Մ. Մա­մու­րեա­նը իբ­րեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գրո­ղի՝ ըն­դու­նե­լով եւ մե­ծա­րե­լով հան­դերձ ա­նոր հրա­պա­րա­կագ­րա­կան վաս­տակն ու ար­ժէ­քը։ Այդ ի­մաս­տով՝ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ար­ժէ­քէ ա­ւե­լի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ար­ժա­նիք ու­նե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան ժա­ռանգ մնա­ցած ­Մա­մու­րեա­նի «­Սեւ լե­ռին մար­դը» ա­նու­նով միակ վէ­պը, որ ­Ներ­սէս Աշ­տա­րա­կե­ցի ­Կա­թո­ղի­կո­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան խմո­րում­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած է եւ ­Ռու­սաս­տա­նի կա­պո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի յոյ­սերն ու հե­ռան­կար­նե­րը հայ­րե­նա­սի­րա­կան շուն­չով կ­’ան­մա­հաց­նէ։

Հ­րա­պա­րա­կագ­րի ցայ­տուն շնորհ­նե­րով օժ­տուած ­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեա­նի ժա­ռանգ թո­ղած գրա­կա­նու­թիւ­նը կը կրէ շեշ­տա­կի դրոշ­մը գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ար­ձա­կի եւ ա­րեւմ­տա­հայ աշ­խար­հա­բա­րի ինք­նա­մաքր­ման եւ բիւ­րե­ղաց­ման հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գի։

Մա­նա­ւանդ իր բա­րե­բա­րոյ ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ, խո­հա­կա­նու­թեամբ եւ մտա­ւո­րա­կա­նի լայ­նա­բաց հո­րի­զո­նով՝ ­Մա­մու­րեան յա­ջո­ղե­ցաւ իս­կա­կան ու­սու­ցիչ մը ըլ­լալ իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­մար։ Ան­պա­ճոյճ ու գե­ղե­ցիկ իր լե­զո­ւին եւ գրե­լաո­ճին միա­ցուց, միշտ եւ ան­պայ­ման, գի­տե­լիք մը փո­խան­ցե­լու, քննա­կան խորհր­դա­ծու­թիւն կա­տա­րե­լու եւ, յատ­կա­պէս, յա­ռա­ջա­դէմ մտքի զար­գաց­ման հու­նով յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու մեծ ար­ժա­նի­քը։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ա­րե­ւել­քի խա­ւա­րամ­տու­թեան վրայ լու­սա­ւո­րու­թեան պա­տու­հան բա­ցող ար­ժա­նա­ւոր հրա­պա­րա­կա­գի­րը կը հան­դի­սա­նայ ­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեան։

Մե­ծա­նուն հա­յուն ո­գե­կոչ­ման նո­ւի­րո­ւած յար­գան­քի եւ ար­ժե­ւոր­ման այս է­ջը կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել Մ. ­Մա­մու­րեա­նի հետ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի հսկա­նե­րէն ­Գա­րե­գին ­Խա­ժա­կի ու­նե­ցած հրա­պա­րա­կագ­րա­կան մէկ բա­նա­վէ­ճին վե­րա­բե­րեալ ման­րա­վէ­պով մը, որ թէեւ ուղ­ղա­կիօ­րէն չի վե­րա­բե­րիր ­Մա­մու­րեա­նի մտա­ծո­ղու­թեան, բայց ցոյց կու տայ ­Մա­մու­րեա­նի իսկ ներդ­րու­մով այդ ժա­մա­նակ­նե­րու հայ մա­մու­լին մէջ տի­րող տե­սա­կէտ­նե­րու ա­զատ քննա­դա­տու­թեան ոչ միայն ան­կաշ­կանդ բնոյ­թը, այ­լեւ՝ գա­ղա­փա­րա­կան բարձր ո­րակն ու տաք մթնո­լոր­տը։

Մի­քա­յէլ ­Վա­րան­դեան, իր «Հ.Յ.Դ. ­Պատ­մու­թիւն» կո­թո­ղա­կան գոր­ծին Ա. հա­տո­րին մէջ, ծա­նօ­թագ­րու­թեան կար­գով կ­’անդ­րա­դառ­նայ Զ­միւռ­նիա­յի մէջ Գ. ­Խա­ժա­կի գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նին։ ­Կը յի­շա­տա­կէ, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ «Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­մուլ»ի է­ջե­րէն ­Մատ­թէոս Մա­մու­րեան հան­դէս կու գար քննա­դա­տա­կան քրո­նիկ­նե­րով։ ­Վա­րան­դեա­նի բա­ռե­րով՝ «­Մա­մու­րեա­նը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ ա­նոր հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ըն­թաց­քը չէ­զո­քաց­նե­լու հա­մար, Ժը­նե­ւի նախ­կին փի­լի­սո­փա­յու­թեան ու­սա­նո­ղը աս­պա­րէզ կը կո­չէր ­Հե­գե­լը… Խ­մո­րա­տիպ թռու­ցիկ­նե­րու մէջ՝ կը փաս­տար­կէր, կ­’ա­պա­ցու­ցա­նէր, որ հա­յոց ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը — Ար­մե­նիա, Հն­չակ, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւն — տիե­զե­րա­կան հա­մա­տա­րած օ­րէն­քի մը զօ­րու­թեամբ՝ կը վե­րար­տադ­րեն հե­գե­լեան ծա­նօթ ե­ռա­բա­նու­թիւ­նը (տրի­լո­ժի), ուր Ար­մե­նիան թէզն է — դրու­թիւ­նը -, Հն­չա­կը՝ ան­թի­թէ­զը — հա­կադ­րու­թիւ­նը — եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ սին­թէ­զը — հա­մադ­րու­թիւ­նը -, որ ե­կաւ ա­մէ­նէն ու­շը, սա­կայն խտա­ցուց իր մէջ միւս եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու դրա­կան կող­մե­րը… ­Մա­մու­րեան, ան­տա­րա­կոյս, շշմեր էր ի­մաս­տա­սի­րու­թեան այդ չա­րաճ­ճի խա­ղե­րէն եւ ան­զօր էր ի­րեն ան­ծա­նօթ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գի­տուն ա­ռա­քեա­լին հան­դէպ, որ իր թագս­տո­ցէն կը ռմբա­կո­ծէր «Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­մուլ»ի խմբագ­րա­պե­տը»…

Այդ­պէ՛ս էր. հայ­կա­կան հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւ­նը նո­ւա­ճած էր գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի բարձր մա­կար­դակ եւ ­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեան, ան­վի­ճե­լիօ­րէն, ան­կորն­չե­լի իր տեղն ու ար­ժէ­քը ու­նի ազ­գա­յին այդ նո­ւա­ճու­մին մէջ, իբ­րեւ յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն մէ­կը եւ ար­ժա­նա­ւոր հրա­պա­րա­կա­գի­րը հա­յոց Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի սե­րուն­դին։

Իր ­Սե­րուն­դին ազ­գայ­նա­կան եւ ա­զա­տա­խո­հա­կան յու­զաշ­խար­հը լա­ւա­գոյնս խտաց­նե­լու կը ծա­ռա­յէ Մ. ­Մա­մու­րեա­նի «­Սեւ ­Լե­ռին ­Մար­դը» վէ­պէն առ­նո­ւած ու հայ ժո­ղո­վուր­դի յա­ւեր­ժու­թեան խորհր­դա­նիշ Ա­րա­րատ լե­րան նո­ւի­րո­ւած հե­տե­ւեալ զե­ղու­մը, որ միա­ժա­մա­նակ կը խտաց­նէ ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան պատ­գա­մը ­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեա­նի.-

«Ա­հա՛ կը տես­նեմ, կը տես­նե՜մ ­Մա­սի­սի անմ­ռայլ սարն՝ Ար­տա­զու եւ ­Նախ­ջո­ւա­նի լեռ­նե­րու մէջ­տե­ղէն, միշտ վե՜հ, միշտ վսեմ, միշտ ձիւ­նա­փայլ։ ­Տե­սէ՛ք կո­ղերն, վի­րա­ւոր կո­ղերն ամ­պե­րով պա­տած են եւ գլու­խը, գլու­խը միայն կը ցու­ցը­նէ՝ վէ՜ս, լու­սա­ւո՜ր, երկ­նա­պի՛շ։ Ող­ջո՜յն քեզ, լե՜ռդ ան­մահ, որ տաս դա­րե­րէ ի վեր ըն­դու­նայն կ­’ող­ջու­նես շուրջդ քու նժդեհ զա­ւակ­ներդ, միայն սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու ստո­ւեր­ներ կը հո­վա­նա­ւո­րես, եւ դեռ եւս հուր ու կայ­ծակ չես թա­փեր այն գլուխ­նե­րուն վրայ, որ քեզ կը կաշ­կան­դեն»…