Թուրքիոյ Դէմ «Քոալիսիոն»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Ձգենք, որ Տոնըլտ Թրամփ իր (չ)հասկցած ձեւով դիմագրաւէ` դեմոկրատներուն նորագոյն յարձակողականը, «ռուսական միջամտութեան» ամբաստանութիւնները, Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատ կառուցելու ծրագիրն ու տնտեսական բազմաճիւղ մարտահրաւէրներ, Էմանուէլ Մաքրոնն ալ թողունք «Դեղին բաճկոնաւոր»-ներուն դէմ իր մրցումի դաշտին մէջ,

Թող Հնդկաստանն ալ իր միջոցներով լուծում որոնէ հնադարեան տաճարէ մը ներս կիներու մուտքը արտօնող դատական որոշումին դէմ բարձրացած փոթորիկին,

Պահ մը մեր աչքերը հեռացնենք աշխարհը յուզող աղէտներէն ու անմիջական այլ իրադարձութիւններէ եւ կեդրոնանանք այնպիսի զարգացումներու վրայ, որոնք կը շահագրգռեն, պէ՛տք է շահագրգռեն մեզ` հայերս, Հայաստանի մէջ թէ արտերկրի տարածքին: Ի մտի ունինք Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս դրացիներուն հանդէպ Թուրքիոյ վերանորոգուած ախորժակներուն թղթածրարը եւ զայն ձախողութեան մատնելու պահանջը:

Սուրիոյ, Իրաքի, արաբական այլ երկիրներու եւ Կիպրոսի մէջ թրքական անբարեմիտ, չըսելու համար` ոճրային ու աշխարհակալական դիտաւորութիւնները երկար պատմութիւն կերտած են տասնամեակներէ ի վեր. սեւով ու կարմիրով հիւսուած այդ պատմութիւնը վերջին ամիսներուն նոր էջեր կ՛արձանագրէ աշխարհի աչքերուն ու ականջներուն առջեւ, զարգացումներ, որոնց դիմաց մենք` հայերս, ընդհանրապէս կը մնանք լուռ հանդիսատես, կամ կրաւորական քաղաքականութեան խրամատին մէջ կը պահենք մենք մեզ, մինչդեռ թրքական եաթաղանին ենթակայ որեւէ այլ ժողովուրդի չափ, որեւէ այլ ժողովուրդէ աւելի, մե՛նք գիտենք այդ պատմութեան ահաւոր հետեւանքները, հետեւաբար նաեւ կը կանգնինք լուրջ մարտահրաւէրի դէմ յանդիման:

Յիշատակենք ու անցնինք արագօրէն. Թուրքիա արեւմտեան զինակցութեան անդամ է, սակայն նաեւ առիթ չի փախցներ իր դաշնակիցներուն հետ վարուելու թշնամական ոճով. երբեմն ալ կը հագուի Արեւմուտքի մրցակից Ռուսիոյ հետ բարեկամութիւն ու մերձեցում խաղալու պատմուճանը, ու այս «հաւասարակշռուած» վիճակին մէջ ներողամիտ վերաբերմունքի կ՛արժանանայ թէ՛ դաշնակիցներէն եւ թէ՛ անոնց հակադրուող ուժերէն: Այս «վահան»-ով զրահաւորուած` Թուրքիա յաջողած է անպատիժ կերպով շարունակել քիւրտերուն ջարդը` Իրաքի, Սուրիոյ մէջ թէ իր հողերուն վրայ, սանձարձակ միջամտութիւններ կը կատարէ (նոր միջամտութիւններու ալ կը պատրաստուի) հարաւի իր դրացիներուն սահմաններէն ներս, մինչեւ իսկ կը յաւակնի խաղաղարար միջնորդի գլխարկով ներկայանալ եւ համախոհներ կը գտնէ անմիջական շրջապատին մէջ ու աւելի հեռուները:

Ամերիկեան ուժերուն Սուրիայէն հեռացման նախագահ Թրամփի որոշումը, 19 դեկտեմբերին, նոր մտրակահարումի ենթարկեց թրքական ախորժակները. անդին` ահազանգ հնչեց, որ եթէ այդ որոշումին գործադրութիւնը լրումին հասնի, Թուրքիա կրնայ ոճրային նոր յարձակողականներ գործել Սուրիոյ հիւսիսային գօտիներէ ներս` «ահաբեկիչ քիւրտեր» հետապնդելու պատճառաբանութեամբ, վստահ ըլլալով, որ ստեղծուած մթնոլորտը աւելի՛ թանձր մշուշ պիտի հաւաքէ «իսլամական պետութեան» ոճրածին խմբաւորումներուն իր տրամադրած աջակցութեան վրայ:

Մէկ բան յստակ է եւ անվիճելի. Ցեղասպանութենէն առաջ իսկ իր ոճրային ու անարդար վարմունքով ծանօթ Թուրքիոյ էութենէն բան չէ փոխուած, աւելի՛ն, Անգարայի վարիչները չեն կրնար, իրաւունք չունին խաղաղարարի կամ հաշտարարի դերակատարութիւն ունենալու ո՛չ մօտիկ, ո՛չ ալ հեռաւոր երկիրներու մէջ: Այս ճշմարտութիւնը բացայայտելու կոչուած են բոլոր անոնք, որոնք կրած են նման «բարեմիտ միջամտութիւններու» ծանրագոյն հետեւանքները: Ու մենք` հայերս, կը գտնուինք այդ խրամատին առաջին գիծին վրայ:

Հետեւաբար մեր քաղաքական ամբողջ մեքենան` հայրենի պետութիւնը իր դիւանագիտական ցանցով ու հնարաւոր բոլոր միջոցներով, նաեւ սփիւռքեան քաղաքական բոլոր ուժերը` քաղաքական, քարոզչական եւ այլ «հրետանիներով», հրաւիրուած ենք օրը օրին հետեւելու եւ բացայայտելու թրքական անմարդկային դիտաւորութիւնները եւ հաշուետուութեան բերելու Անգարայի վարիչները:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել գրեթէ միայնակ ձայն բարձրացուց անցեալ շաբաթ, երբ թրքական ոճրային ու միջազգային օրէնքներ ոտնակոխելու համազօր ծրագիրները բացայայտ դարձան: Կարելի է մտածել, որ Մերքել նման համարձակ արտայայտութեամբ զգուշացման հրաւիրեց Թուրքիան, որովհետեւ անոր քաղաքական կեանքի օրերը հաշւըուած են եւ միջպետական յարաբերութիւնները այլեւս ուրիշներու չափ չեն կաշկանդեր զինք, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ Գերմանիա աւելի կանուխ ալ որդեգրած է Թուրքիան քննադատող կեցուածքներ, ան իր ուժերը հեռացուց Ինճիրլիքէն, իսկ աւելի քան երեք տասնամեակ առաջ խստիւ քննադատեց Թուրքիան, որ իրմէ գնուած հրասայլերով կը կործանէր Տէրսիմի գիւղերը: Ու Գերմանիոյ կառավարութիւնը տակաւին վերջնական ճանաչում չէ տուած Ցեղասպանութեան` հակառակ խորհրդարանին ու նախագահին ծանօթ կեցուածքներուն:

Հայաստանը պաշարման տակ պահող եւ իր պատմական ոճիրները ուրացող Թուրքիան պէտք է ամէ՛ն օր պահենք մեր քաղաքական, դիւանագիտական ու քարոզչական պայքարին օրակարգին վրայ: Այս ծիրին մէջ մամուլը ընդհանրապէս աշխուժ է, սակայն քաղաքական ու դիւանագիտական հետապնդումը անհրաժեշտ տարողութեամբ չի կատարուիր. Եւրոպական Միութեան դուռերուն առջեւ սպասող Թուրքիան կը մտահոգենք Եւրոպական խորհրդարանին մէջ մեր կարգ մը աշխատանքներով, որոշ յառաջխաղացքներ կ՛արձանագրենք կարգ մը պաշտօնատարներ կաշառած ըլլալու Ազրպէյճանի գայթակղութեանց դէմ, սակայն,  անդին, երբեմն մեղմ ձայներ ալ կը բարձրանան, թէ Հայաստան Թուրքիայէն պահանջներ չունի, բնական յարաբերութեանց էջը բանալու համար նախապայմաններ չունի. անդին` անհրաժեշտ տարողութեամբ քաղաքական ու դիւանագիտական ուժ չենք գործածեր այն գիծին վրայ, որ ցոյց կու տայ Ազրպէյճանի հակահայ, հակահայաստան ու հակաարցախ ընթացքին Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութիւնը: Պարզ բառերով, Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հանդէպ բարեմտութիւն խաղալու մեր ընթացքով կը յաջողինք միայն մենք մեզ… խաբել ու տուայտիլ կրաւորականութեան ոլորտներուն մէջ:

Դրացիներուն, ընդհանրապէս մարդկութեան դէմ Թուրքիոյ ոճրային ու անբարեխիղճ տրամադրութիւններուն բացայայտումը մեզի համար պիտի ըլլայ օրակարգի մնայուն հարց, եւ` ո՛չ միայն ապրիլ 24-ին սպասող շարժում կամ Էրտողանի թիկնապահներուն ծանօթ վայրագութեանց դէմ միայնակ հակադարձութիւն: Եւ ինչո՞ւ չանդրադառնալ, որ այս ճամբուն մէջ առանձին չենք. ունինք ճակատագրակից քիւրտերը, կիպրացիները, եզիտիներն ու մինչեւ իսկ արաբական աշխարհը, որուն «մթագնած» յիշողութեան մէջ պէտք է արթնցնել թրքական վնասակար վարմունքը` աւելի քան դար մը առաջ, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր. Սուրիոյ,  Իրաքի, մինչեւ իսկ Լիբանանի ու Եգիպտոսի (եւ այլուր) զարգացումները, Կիպրոսի կէսին գրաւուած մնալը եւ նման աղաղակող իրականութիւններ արդեօք բաւարար զինամթերք չե՞ն տրամադրեր այս իմաստով, որպէսզի համապատասխան յարաբերութիւններու ճամբով ուրուագծենք Թուրքիոյ դէմ «հայակեդրոն քոալիսիոն» մը: Իսկ առաջին յենարա՞նը. Հայաստանի քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցութիւնն ու Հայաստան-սփիւռք կամուրջին համար նոր սիւներու կառուցումը` անշուշտ, ապա նաեւ` յիշեալ երկիրներուն մէջ հայութեան ներկայութիւնն ու ստեղծած գործակցական կապերը:

Բնականաբար պիտի մտածուի, որ պէտք է իրատես ըլլալ, «ոտքերը գետնէն չկտրել», որովհետեւ քաղաքական ու ռազմավարական հազար ու մէկ գործօն կրնան ջլատել նման նախաձեռնութիւն. փաստեր կրնան շարուիլ, թէ, օրինակի համար, արաբական միասնութիւնը այսօր ինչպիսի տարտղնումի ենթակայ դարձած է ու մատնուած` անատամ դրութեան: Սակայն Թուրքիայէն վնասներ կրողներու «քոալիսիոն» մը կարելի է իրականացնել յստակ մարտավարութեամբ մը, որմէ կարելի է պտուղներ քաղել` օգտուելով մերքելեան ու այլ հաւանական ալիքներէ: