ՀՀ Կառավարութիւնը Սփիւռքի Հետ Յարաբերութիւններու Մակարդակի Բարձրացման Տարբերակը Պիտի Քննարկէ Մեր Հայրենակիցներուն Հետ. Փաշինեան

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, կառավարութեան այսօրուան նիստին, անդրադարձած է Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման մասին խօսակցութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Ես կ՝ուզեմ առանձնայատուկ անդրադառնալ Սփիւռքի նախարարութեան պարագային, որովհետեւ կը կարծեմ, թիւր տպաւորութիւն կայ, թէ մենք կ՝ուզենք խաչ քաշել Սփիւռքի նախարարութեան վրայ: Հակառակը, տուեալ պարագային ալ խնդիրը շատ յստակ ձեւակերպուած է՝ Սփիւռքի հետ կառավարութեան յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը դարձնել առաւել արդիւնաւէտ եւ այս առումով մենք որոշակի տարբերակ ու առաջարկ ունինք, անիկա կ՝ենթադրէ, որ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու մակարդակը, ըստ էութեան, ոչ թէ պիտի նուազեցուի, այլ՝ բարձրացուի»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ այդ տարբերակին վերաբերեալ յառաջիկային նաեւ քննարկումներ պիտի ունենան Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն հետ:

Վարչապետի պաշտօնակատարը յոյս յայտնած է, որ այս հարցին վերաբերեալ պիտի հասնին համաձայնութեան եւ հաւանութեան: «Կրկին կ՝ըսեմ, որ այստեղ մեր խնդիրը յարաբերութիւններու արդիւնաւէտութեան մակարդակի բարձրացումն է, որպէսզի փոխադարձաբար գոհ ըլլանք ինչպէս ընթացքէն, այնպէս ալ արձանագրուած արդիւնքներէն: Մենք, ի հարկէ, պիտի երթանք հետեւողական, հաստատուն եւ մտածուած քայլերով,  համոզուած եմ, որ արձանագրուած լուծումները պէտք է ապացուցեն իրենց կենսունակութիւնը եւ, ի հարկէ, պէտք է գոհացնեն բոլոր այն մարդիկ, որոնք մտահոգուած են Հայաստանի մէջ պետական կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիրներով եւ զայն կը համարեն իրենց լուծելիք խնդիրը»,- ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան:

«Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի մինչ այժմ հրապարակուած նախագիծին համաձայն՝ նոր կառավարութիւնը կազմուած պիտի ըլլայ վարչապետէ, երկու փոխվարչապետղ եւ նախարարներէ: Պիտի կրճատուի առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը: Նախագիծով կը նախատեսուի ունենալ հետեւեալ 12 նախարարութիւնները՝ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութիւն, առողջապահութեան նախարարութիւն, արդարադատութեան նախարարութիւն, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն, արտաքին գործոց նախարարութիւն, բնապահպանութեան նախարարութիւն, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն, պաշտպանութեան նախարարութիւն, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն, բարձր ճարտարարուեստներու եւ ռազմարդիւնաբերութեան նախարարութիւն, տնտեսական զարգացման եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն, ելեւմտական նախարարութիւն: