Ձեր Թուրքիան Յոյներէ, Հայերէ Եւ Քիւրտերէ Գողցուած Հայրենիք Է. Քիւրտ Պատգամաւոր

Աշխարհ

Թուրքիոյ խորհրդարանի քիւրտ պատգամաւոր Ֆարհատ Անճօ ելոյթ  ունենալով խորհրդարանի բեմէն՝ ըսաւ. «Ձեզմէ ոմանք մեզ մարդասպաններ կ՛անուանեն: Բայց ո՞վ է, որ քաղաքացիներ կը սպաննէ եւ ո՞վ է մարդասպանը: Ես քիւրտ եմ, պատմութիւնը իմ յաղթանակն է: Իբրեւ քիւրտ ես կ՛ապրիմ իմ Քիւրտիստանի հողերուն վրայ, զոր դուք կ՛անուանէք ձեր հողը: Այս ձեր հողը չէ, ոչ ալ Էրտողանի կուսակցութեան հողը: Հողը ձեր բոլորէն մեծ է եւ անիկա կը պատկանի իրական մարդոց: Հոն եղած են յոյները եւ հայերը: Մենք քիւրտերս դեռ հոն ենք եւ ոչ մէկ հրասայլ եւ զինուորական չի կրնար մեզ հեռացնել այդ վայրերէն: Դուք կրնաք ոչնչացնել մեզ: Նետեցէք ձեր ռումբերը, սպաննեցէք մեր երեխաները: Սպաննեցէք քաղաքացիները, բայց դուք չէք կրնար ոչնչացնել մեզ: Ճշմարտութիւնը աւելի կարեւոր է, քան կեանքը: Մենք՝ քիւրտերս միշտ քիւրտ պիտի մնանք:

Ձեր Թուրքիան յոյներէ, հայերէ եւ քիւրտերէ գողցուած հայրենիքն է: Պատմութիւնը իմ վկան է: Ի՞նչ կրնաք ըսել: Սպաննեցէք զիս, բայց ես ճշմարտութիւնը կ՛ըսեմ: Ես մահուան դէմքն եմ եւ համարձակօրէն կը մարտնչիմ իմ ազատութեան համար, ինչպէս միլիոնաւոր այլ քիւրտեր: Ես մարդ եմ, որ կ՛ապրի այս հողին վրայ հազարաւոր տարիներէ ի վեր, իսկ դուք եկաք եւ գրաւեցիք զայն: Ես կռուեցայ իմ ժողովուրդին ազատութեան համար, ինչպէս նաեւ միւս ազգերու ազատութեան համար»։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը։

Նշենք, որ պատգամաւորին ելոյթին ընթացքին խորհրդարանի շարք մը թուրք պատգամաւորներ սպառնացին նոյնիսկ սպաննել կամ առնուազն բանտարկել զայն: