Յետպատերազմեան Մարտահրաւէրներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Ոմանց համար լոզունքային կրնան թուիլ վերականգնում ու վերաշինութիւն եզրերը, ուրիշներու համար միայն քարաշէն կառոյցներու վերաշինութիւնը փրկարար գործընթաց մը կրնայ համարուիլ հաւանաբար, սակայն յետպատերազմեան վերականգնումը շատ աւելին կը պարունակէ իր բովանդակ իմաստին մէջ:

Սուրիահայ համայնքին համար, նախքան վերականգնումի համապարփակ ծրագիրի մը որդեգրումը, անհրաժեշտ էր սերտել կորուստներուն բնոյթը, տարողութիւնն ու որակը: Ու այս ամէնը՝ ոլորտ առ ոլորտ, որպէսզի կարելի ըլլար համայնքի ծաւալուն ու տարողունակ պահանջները բաւարարելու համար ծրագիր մշակել ու կառոյցներու վերաշինութեան կողքին, այդ կառոյցներու դերին շեշտադրումը կատարել մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Այդ կառոյցներէն ներս տարուող աշխատանքներուն որակային անկումը կասեցնել ու քայլ առ քայլ, համբերատար ու հետեւողական պատուաստումով բարելաւել որակը նաեւ:

Իսկ ո՞վ պիտի կատարէր այդ պատուաստումը… Բնականաբար տուեալ կառոյցի առաքելութեան հանդէպ հաւատք տածողը, տարուած գործի որակին բարելաւման համար տագնապողը միայն:

Ու գումարուեցան ժողովներ՝ ազգային եւ թեմական մակարդակներու վրայ, մշակուեցան ծրագիրներ, կազմակերպուեցան վերաորակաւորման դասընթացքներ, տեղական պայմաններով գէթ նուաճել կարենալու առաջին ոստումին համար անհրաժեշտ մակարդակը՝ կրթական, միութենական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ:

Յուսանք ու մաղթենք, որ ծրագիրները կեանքի կոչուին ու ժողովներու, տեղեկագիրներու սահմանները հատելով ձեւ ու մարմին ստանան:

Այնուամենայնիւ, պատերազմը մեր ետին է այլեւս:

Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի հայահոծ թաղամասերը մէկ առ մէկ կեանք կ’առնեն, բանուկ կը դառնան: Ամայութիւնը մանուկներու խնծիղով, աշակերտներու եռուզեռով ու դպրոցական հանրակառքերու աղմուկով կը փոխարինուի, իսկ մութը՝ բնակարաններու, խանութներու, նոյնիսկ ազդալոյսերու եւ ինքնաշարժներու լոյսին կը զիջի:

Վերաշինութիւնը ընթացք առած է արդէն…

Վերաշինութեան գործընթացին մէջ Բերիոյ Թեմը առաջնահերթութիւն տուաւ դպրոցաշինութեան, ապա աստիճանաբար վերանորոգման ընթացքի մէջ մտան բարեսիրական, մշակութային հաստատութիւններն ու եկեղեցիները՝ համայնքի թիւին  ու կարիքներուն համաձայն:

Քաղաքական, յարաբերական գետնի վրայ սուրիահայ փոքրաթիւ համայնքին դերն ու ազդեցութիւնը, երկրէն ներս ընդհանրապէս, ընդգծելի ու օրինակելի համարուեցան ոչ  միայն տեղւոյն ժողովուրդին, այլեւ պետական շրջանակներուն, նոյնիսկ երկրի առաջին դէմքին՝ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի կողմէ:

Համայնքին դրական ներգործութիւնն ու վայելած յարգանքն ու վստահութիւնը մէկէ աւելի առիթներով արտայայտութիւն գտան: Յիշենք նախորդ տարուան (տարիներուն) ընթացքին արձանագրուած քանի մը ընդգծելի իրադարձութիւններ.

– Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ Ասատի հրաւէրով, սրբազան հօր գլխաւորութեամբ հալէպահայ միութիւններու շուրջ 25 ներկայացուցիչներ, 22 Ապրիլին հրաւիրուեցան նախագահական ժողովրդային պալատ եւ հանդիպում ունեցան  Առաջին Տիկնոջ հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սուրիոյ նախագահը: Նախագահն ու Առաջին տիկինը հետաքրքրուեցան հայ համայնքին տարած աշխատանքներով, վերաշինութեան ծրագիրներով: Նախագահը գնահատեց եւ խրախուսեց հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու վերաշինութեան կարգ մը աշխատանքներուն:

– Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս հայ համայնքը այս շրջանին ունեցաւ երկու երեսփոխան:

– Տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ մէկէ աւելի հայ թեկնածուներ ներգրաւուեցան:

– Հալէպի պետական դպրոցներէն մէկը հայ նահատակի մը՝ Գրիգոր Աշնագլեանի անունը կրեց:

Այս բոլորը եկան հաստատելու սուրիահայ համայնքին շինիչ դերակատարութիւնն ու կառուցողական մօտեցումը տագնապի տարբեր փուլերուն: Ուստի հարկ է այս առաւելութիւնը ծառայեցնել վերանորոգուող Սուրիոյ մէջ հայ համայնքի լիարժէք դերակատարութեան ամրապնդումին:

Ներհայկական մակարդակի վրայ էական է իրատեսական մօտեցումով քննել համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ անհրաժեշտ լուծումները չուշացնել կամ լոկ ցանկութեան սահմաններուն մէջ չթողուլ զանոնք:

Կրթական, միութենական, թեմական մարզերէն ներս մարդուժի նուազումը կրնայ պատճառ հանդիսանալ համայնքի տեղքայլին, եթէ լրջօրէն լուծումներ գտնելու յանդգնութիւն ու յանձնառութիւն չցուցաբերուի պատասխանատու մարմիններու կողմէ, յատկապէս երբ համացանցային բաց համակարգի օգտագործումով, այս օրերուն, կարելի է մէկէ աւելի ոլորտներու մէջ գործակցութեան եզրեր գտնել մասնագէտներու, մտաւորականներու հետ եւ համապատասխան փոխանակումներ կատարել, դասընթացքներ անգամ կազմակերպել:

Տնտեսական անցուկ պայմանները, որուն հետեւանքով գաղթի տակաւ շարունակուող ընթացքը (թէեւ աւելի դանդաղ կշռոյթով) մեծ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կը դնեն համայնքի պատասխանատու մարմինները: Ուստի անհրաժեշտ է որ շտապ օգնութեան աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեն նաեւ տնտեսական ծրագիրները:

Երիտասարդ տարրին ներգրաւումը, այլազան մակարդակներու վրայ, նոր շունչ ու թափ կրնայ տալ մշակուած ծրագիրներու իրականացման ընթացքին:

Այս վերջին հրամայականներուն անսալը, կարեւոր լիցք պիտի հաղորդէ վերականգնումի աշխատանքներուն եւ խթան հանդիսանայ համայնքի զարթօնքին: Զարթօնք, որուն այնքան կարիքը ունի սուրիահայութիւնը, շէնքերու, կալուածներու վերաշինութեան կողքին, վերաշինութենէն անդին…: