Կարօ Փայլան Դարձեալ Կ՛անհանգստացնէ Թուրք Ազգայնականները

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, Տիարպեքիրէն ընտրուած խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան օրեր առաջ խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին շնորհաւորած էր Հայաստանի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով եւ կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ պատշաճ կերպով արձագանգելու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար երկխօսութիւն սկսելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութեան:

«Յաջողութիւն Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր ընկերներուն» նախադասութիւնը Փայլան արտասանած էր հայերէնով:

Ըստ Tert.am-ի՝ Փայլանի հայերէն խօսիլը խորհրդարանին մէջ բարկացուցած է ազգայնականները:

«Թուրքիոյ խորհրդարանի պաշտօնական լեզուն թրքերէնն է եւ ատիկա ամրագրուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ: Երբ շարք մը քիւրտ պատգամաւորներ իրենց երդումը քրտերէն արտասանեցին, այդ մէկը բողոքուեցաւ ու անոնց պարտադրուեցաւ անգամ մը եւս արտասանել երդումը՝ այս անգամ թրքերէն: Ի՞նչ կ՛ըլլայ, եթէ Թուրքիոյ մէջ ապրող իւրաքանչիւր ազգ խորհրդարանին մէջ սկսի իր լեզուով խօսելու»,- լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Թուրքիոյ մէջ «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ միաւորում» կազմակերպութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ:

Ան մեղադրեց հայազգի պատգամաւորը խորհրդարանի ամպիոնը իր շահերուն համար օգտագործելուն, թուրք ազգը ցեղասպանութեան մէջ մեղադրելուն համար:

Իսկ վերջին հայերէն նախադասութեամբ, ըստ Կիւլպէյի, Փայլան փորձեց «գաղտնի ուղերձ» մը յղել՝ ակնարկելով, որ պիտի շարունակէ շահարկել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը խորհրդարանին մէջ: