Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Աւետարանական Համայնքին Պետն Ու Երեսփոխանը

Սփիւռք

Հինգշաբթի, 3 Յունուար 2019-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց աւետարանական համայնքի պետ վեր. Հապիպ Պատրը` ընկերակցութեամբ նոյն համայնքի պետական երեսփոխան դոկտ. Էտկար Թրապուլսիի:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու առնչուած հարցերու մասին: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու անյետաձգելի հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը  յատկապէս ըսաւ, թէ անընդունելի է, ինչ որ ալ ըլլան դրդապատճառները, որ եօթը ամիսէ ի վեր Լիբանանը զուրկ ըլլայ կառավարութենէ: Ժողովուրդը պարտաւոր չէ կառավարական տագնապին հետեւանքները կրելու իր առօրեայ կեանքին մէջ: Ժողովուրդին կողմէ ընտրուած քաղաքական պատասխանատուներուն պարտաւորութիւնն է ծառայել ժողովուրդի շահերուն, իրաւունքներուն եւ նպաստել անոր բարօրութեան: Ա՛յս է, որ կը սպասենք քաղաքական պատասխանատուներէն: