Յիշողութեան Վայրին՝ Հրանդ Տինքի Գրասենեակին Բացումը Պիտի Կատարուի Ապրիլ 2019-ին

Սփիւռք

«Ակօս» թերթը եւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը 2015-էն ի վեր կը գործեն նախկին Անարատ Յղութիւն վարժարանի շէնքին մէջ: Իսկ թերթին նախկին խմբագրատունը կը պատրաստուի նոր դիմագիծով մը հանրութեան ծառայելու: «Ակօս»-ը 1999-ին փոխադրուած էր Օսմանպէյի «Սեպաթ» անունով շէնքը, որուն մուտքին սպաննուած էր նաեւ թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք: Այդ օրէն ի վեր Հրանդ Տինքի աշխատասենեակը պահպանուած է նոյնութեամբ եւ հիմա անիկա կը վերածուի յիշողութեան վայրի եւ պիտի յիշուի Տինքի յօդուածներէն ներշնչուած անուանումով մը՝ «23.5 Ապրիլ»:

Նախաձեռնողները բծախնդիր են վայրին՝ «Ակօս»ի որդեգրած առաքելութիւն նկարագրող դիմագիծով մը ներկայանալուն: Այս մասին մասնագիտական աշխատանքներ կը կատարուին: Կը նախատեսուի, որ անիկա սահմանուած չըլլայ լոկ թանգարանային ընկալումով մը եւ ծառայէ զանազան միջոցառումներու: Յիշողութեան վայրին բացման համար կը նախատեսուի 2019-ի Ապրիլ ամիսը: